Միջազգային

Փեսքով. «Մոսկուա Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Դադրեցնելու Կրակոցն Ու Նստելու Բանակցութիւններու Սեղանի Շուրջ»

«Ռուսիան Եւ Թուրքիան Սուրիոյ Հարցին Մէջ Տարակարծութիւններ Ունին, Սակայն Այնտեղ Փոխադարձ Գործակցութիւնը Կը Շարունակուի» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսած է, որ Սուրիոյ Սահմանադրական յանձնախումբի ստեղծման աշխատանքները դժուարութեամբ կ՛ընթանան, սակայն Քրեմլինը այլընտրանք չի տեսներ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ պատուիրակ Կիր Փեթերսոն նախապէս չէր բացառած, որ սուրիական տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթացի հասնելու նպատակով, ժամանակի ընթացքին կրնայ միջազգային բանակցային նոր ձեւաչափի անհրաժեշտութիւն յառաջանալ: Ըստ անոր,...

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

«Թուրքիան Չի Ճանչնար Խրիմի Բռնակցումը Եւ Կ՛աջակցի Ուքրանիոյ Տարածքային Ամբողջականութեան» Կ՛ըսէ Անգարա

Թուրքիան դարձեալ յայտարարած է Խրիմի «անօրինական բռնակցումին» անթոյլատրելիութեան մասին` զայն կոչելով միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտում: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ, որուն մէջ կ՛ընդգծուի, որ Անգարան հաւատարիմ է Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ 16 մարտ 2014-ին Խրիմի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքին մէջ կատարուած է «անօրինական» հանրաքուէ, որուն արդիւնքները...

Դամասկոսի Դէմ Ականուած Գօտիներով  Ահաբեկչական Գործողութիւն Մը  Ձախողութեան Մատնուած Է

Դամասկոսի Դէմ Ականուած Գօտիներով Ահաբեկչական Գործողութիւն Մը Ձախողութեան Մատնուած Է

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ձախողութեան մատնուած է հաւատադրժողական խմբաւորումներու կողմէ ականուած գօտիներով ահաբեկչական գործողութիւն մը, որուն թիրախը Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսն էր: Երեք ահաբեկիչներ վնասազերծուած են եւ երեք ուրիշներ ձերբակալուած: Առնչակից աղբիւրներ սուրիական լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ ատիկա կարելի եղած է շնորհիւ Դամասկոսի գիւղական շրջանի Զաքիա եւ Քանաքեր գիւղերու քաղաքացիներու գործակցութեան:

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահին Հետ  Հանդիպումի Ընթացքին.  «Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Է,  Պէտք Է Ապագային Նայինք»  Կ՛ըսէ Ալիեւ

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահին Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Ղարաբաղեան Տագնապը Անցեալին Մէջ Է, Պէտք Է Ապագային Նայինք» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Անն Լինտէի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապը անցեալին մէջ մնացած է եւ պէտք է դէպի առջեւ նայիլ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Այժմ տագնապը անցեալին մէջ է, եւ մենք պէտք է ապագային նայինք: Այսօր մենք ձեզի հետ քննարկեցինք մեր տեսակէտները ապագան կառուցելու մասին: Կը կարծեմ, որ պատերազմէն...

Գերմանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Նախարարը  Կարեւոր Նկատած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու  Հովանիին Տակ Արցախի Տագնապի Քաղաքական Լուծումը

Գերմանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Նախարարը Կարեւոր Նկատած Է Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հովանիին Տակ Արցախի Տագնապի Քաղաքական Լուծումը

Գերմանիոյ դաշնակցային Հանրապետութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Միխայէլ Ռոթ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է պատերազմական գերիներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով լիարժէք թափանցիկութեամբ համագործակցելու Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ան այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է լիարժէք թափանցիկութեամբ համագործակցին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին հետ` պատերազմական գերիներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով: Տեւական...

«Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Օմանը  Եւ Մաւրիտանիան Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիււններու  Բնականոնացման Եզրին Կը Գտնուին»  Կ՛ըսէ Քուշներ

«Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Օմանը Եւ Մաւրիտանիան Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիււններու Բնականոնացման Եզրին Կը Գտնուին» Կ՛ըսէ Քուշներ

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ փեսայ Ճարետ Քուշներ նախատեսեց, որ մօտ օրէն յաւելեալ երկիրներ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւններ կնքեն Իսրայէլի հետ: Ըստ անոր, բազմաթիւ երկիրներ կը գտնուին «Աբրահամի համաձայնագիր»-ին միանալու եզրին` աւելցնելով, որ այդ երկիրներու շարքին են Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Օմանը եւ Մաւրիտանիան` նշելով, որ Սէուտական Արաբիան Իսրայէլին իր հողերուն վերեւ թռիչք կատարել արտօնելով այդ ուղղութեամբ քայլ...

«Մենք Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներու` Իսրայէլի Բռնակցումի Քաղաքականութեան Դէմ Նախաձեռնութեան» Կ՛ըսէ Քալըն

«Պայտընի Հեռաձայնը Կարեւոր Չէ Կառավարութեան Համար, Թուրքիան Այլեւս Պիտի Չզիջի» Կ՛ըսէ Քալըն

Անգարան ոչ մէկ մտահոգութիւն կամ անհանգստութիւն ունի այն առնչութեամբ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն տակաւին չէ խօսած իր թուրք պաշտօնակիցին հետ: Այս մասին «Հապեր Կլոպըլ» պատկերասփիւռի կայանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն` աւելցնելով. «Պայտընի հեռաձայնը կարեւոր չէ կառավարութեան համար, Թուրքիան այլեւս պիտի չզիջի»: «Իմ խօսքերս կրնան քիչ մը կարծր ըլլալ, սակայն ատիկա (Պայտընի հետ...

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Սուրիան  Մեղադրած Է Հալէպ Նահանգի Հիւսիսային Շրջաններուն  Ուղղութեամբ Հարուածներ Հասցնելու Յանցանքով

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Սուրիան Մեղադրած Է Հալէպ Նահանգի Հիւսիսային Շրջաններուն Ուղղութեամբ Հարուածներ Հասցնելու Յանցանքով

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Սուրիան հրթիռային հարուած հասցուցած է Հալէպ նահանգի` Անգարայի վերահսկողութեան տակ գտնուող հիւսիսային մասին մէջ գտնուող երկու բնակավայրերու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը նախապէս հաղորդած էր, որ նահանգի այս հատուածին մէջ քարիւղատար սիթեռններ երկուշաբթի գիշեր հրթիռային հարուածներու ենթարկուած են: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` հրթիռները արձակուած են Քուայրեսի օդակայանէն: Սուրիացիները,...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարի Թեկնածուն Կը Վերահաստատէ Պայտընի`  Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Խոստումը

«Եմէնի Մէջ Լուծումը Զինուորական Չէ… Եւ Զայն Արտաքին Միջամտութիւններէն Զերծ Կ՛ուզենք» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Եմէնի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Մարթին Կրիֆիթին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը ծրագրէ ՄԱԿ-ի հետ գործակցութեամբ «աշխուժացնել դիւանագիտական ջանքերը»` վերջ տալու համար Եմէնի մէջ պատերազմին: Ան Կրիֆիթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են Եմէնի տագնապով, մասնաւորաբար մարդասիրական աղէտով, եւ իր երկիրը կը զօրակցի «միացեալ, կայուն եւ արտաքին ազդեցութենէ զերծ...

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի.  Աֆղանիստանի Մէջ Ամերիկեան Զօրքերու Թիւը  Փենթակոնի Ներկայացուցածէն Աւելի Մեծ Է

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Աֆղանիստանի Մէջ Ամերիկեան Զօրքերու Թիւը Փենթակոնի Ներկայացուցածէն Աւելի Մեծ Է

ԱՖղանիստանի տարածքին շուրջ 3,5 հազար ամերիկացի զինուոր տեղակայուած է, մինչդեռ ըստ պաշտօնական տուեալներուն, անոնց թիւը ընդամէնը 2,5 հազար է: Այս մասին կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը: Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթի ամերիկեան, եւրոպական եւ աՖղանական լաւատեղեակ աղբիւրները յայտնած են, թէ ամերիկացի զինուորներէն շուրջ հազարը ոչ պաշտօնապէս կը գտնուին նշեալ երկրին մէջ: Բացի ատկէ, օրաթերթը համոզուած է, որ արտերկրի մէջ տեղակայուած ամերիկեան...

Քոսովօ Պաշտօնապէս Յայտարարեց  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատան Բացումը

Քոսովօ Պաշտօնապէս Յայտարարեց Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատան Բացումը

Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երուսաղէմի մէջ իր դեսպանատան բացումն ու աշխատանքի սկսիլը յայտարարեց` նշելով. «Քոսովոյեան կողմի առնչակից պաշտօնատարները չկրցան ներկայ գտնուիլ բացումին, որ «Քորոնա» ժահրի միջոցառումներուն պատճառով տեղի ունեցաւ առանց արարողութեան»: Նախարարութիւնը նշեց, որ դեսպանատան բացման նպատակը Քոսովոյի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւումն է եւ միջազգային թատերաբեմին վրայ Քոսովոյի դիրքին ամրապնդումը:

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Այսօր Պիտի Այցելէ  Ազրպէյճան. Պիտի Քննարկուի Արցախի Տագնապը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Այսօր Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան. Պիտի Քննարկուի Արցախի Տագնապը

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ այսօր պիտի այցելէ Ազրպէյճան, ուր նախատեսուած են հանդիպումներ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը: «Անն Լինտէն Ազրպէյճանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի հետ: Պիտի քննարկուին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը եւ ԵԱՀԿ-ի շարունակական դերակատարութիւնը տագնապի լուծման հոլովոյթին...

Թուրքիան Այսօր Կը Նշէ Մոսկուայի Հետ  Բարեկամութեան Եւ Եղբայրութեան  Համաձայնագիրի 100-Ամեակը

Թուրքիան Այսօր Կը Նշէ Մոսկուայի Հետ Բարեկամութեան Եւ Եղբայրութեան Համաձայնագիրի 100-Ամեակը

Այսօր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ պիտի նշուի Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման 100-ամեակը: 16 մարտին կ՛ամբողջանայ 1921 թուականին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած ռուս-թրքական «բարեկամութեան եւ եղբայրութեան համաձայնագիր»-ի 100-ամեակը: Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս առիթով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ նախատեսուած են քննարկումներ` Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի գլխաւորութեամբ եւ Անգարայի Պիլքենթ համալսարանի գիտական աջակցութեամբ: Ձեռնարկի բացման խօսքը պիտի արտասանէ խորհրդարանի...

«Ազրպէյճան Օգտագործած Է Տարանջատուող  Ռումբեր Եւ Սպիտակ Ֆոսֆոր»  Կ՛ըսէ Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդը

«Ազրպէյճան Օգտագործած Է Տարանջատուող Ռումբեր Եւ Սպիտակ Ֆոսֆոր» Կ՛ըսէ Լոս Անճելըսի Քաղաքային Խորհուրդը

Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը, որով կը վերահաստատէ Լոս Անճելըս քաղաքի աջակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն: Այսպիսով, խորհուրդը 9 նոյեմբերը հռչակած է ազրպէյճանական յարձակումի զոհերու յիշատակի օր եւ ժամանակաւորապէս դադրեցուցած Լոս Անճելըս-Շուշի բարեկամութեան ծրագիրը` մինչեւ քաղաքի վերաազատագրումը բռնագրաւումէն: Բանաձեւին մէջ կը նշուի նաեւ, որ խաղաղ բնակչութիւնը...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Պայտընի Վարչակազմը Փետրուարի Կէսերէն  Կապի Տարբեր Ուղիներով Կը Փորձէ Երկխօսութեան Սկսիլ Փիոնկիանկի Հետ,  Սակայն Մինչեւ Օրս Պատասխան Չէ Ստացած

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Պայտընի Վարչակազմը Փետրուարի Կէսերէն Կապի Տարբեր Ուղիներով Կը Փորձէ Երկխօսութեան Սկսիլ Փիոնկիանկի Հետ, Սակայն Մինչեւ Օրս Պատասխան Չէ Ստացած

Միացեալ Նահանգները փետրուարի կէսերէն կապի տարբեր ուղիներով կը փորձեն երկխօսութեան սկսիլ Հիւսիսային Քորէայի հետ, սակայն մինչեւ օրս պատասխան չեն ստացած: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` վկայակոչելով Սպիտակ տան աղբիւրը: Պայտընի վարչակազմին մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները «փետրուարի կէսերէն փորձած են Հիւսիսային Քորէայի հետ քանի մը ուղիներով կապ հաստատել»: «Մինչեւ օրս մենք Փիոնկիանկէն ոչ մէկ պատասխան...

Նշելով, Որ Եւրոպական Միութիւնը  Երբեք Չի Ծառայեր Ֆրանսայի Շահերուն.  «Լը Ֆիկարօ»-ի Լրագրողը «Ֆրեքզիթ» Կը Նախատեսէ

Նշելով, Որ Եւրոպական Միութիւնը Երբեք Չի Ծառայեր Ֆրանսայի Շահերուն. «Լը Ֆիկարօ»-ի Լրագրողը «Ֆրեքզիթ» Կը Նախատեսէ

Ֆրանսացի լրագրող Լորան Էրպլէ «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ նախազգուշացուցած է Ֆրանսայի` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն` «Ֆրեքզիթ»-ի կարելիութեան մասին: Անոր կարծիքով` «Քորոնա» ժահրի համաճարակը ցոյց տուաւ, որ եւրոպական արդիւնաբերութիւնն ու տնտեսութիւնը խորտակուած են»: Փորձագէտը ատոր մէջ կը մեղադրէ Եւրոպական ՄԻութեան ղեկավարութիւնը: Անոր կարծիքով` այդ ղեկավարութիւնը կը խոչընդոտէ առեւտուրի արտօնութիւններու տրամադրումը եւ միութեան անդամ երկիրներուն անհրաժեշտ աջակցութիւն չի...

Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն  Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հինգշաբթի եւ ուրբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը: «Քննարկուած են 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եւ 11 յունուար 2021 թուականի յայտարարութիւններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման գործնական երեւոյթները», կը նշուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւններու  Վերականգնումը Յայտարարելով`  «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու  Բարելաւումը Արգիլող Պատճառ Չկայ»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնումը Յայտարարելով` «Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Արգիլող Պատճառ Չկայ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ հաղորդակցութիւններու դիւանագիտական մակարդակի վրայ վերականգնումը յայտարարեց` նշելով, որ անոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին: «Թուրքիան եւ Եգիպտոսը 2013-ին Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնազրկումէն ետք իրենց յարաբերութիւնները խզելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով վերականգնեցին դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները», յայտարարեց ան: Չաւուշօղլու Քաթարէն իր վերադարձին աւելցուց. «Եգիպտոսի հետ գաղտնի սպասարկութեան ու արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակներով...

«Ազրպէյճանի Ռազմափորձերը Վտանգ  Չեն Ստեղծեր Շրջանին Մէջ  Անվտանգութեան Համար»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Ազրպէյճանի Ռազմափորձերը Վտանգ Չեն Ստեղծեր Շրջանին Մէջ Անվտանգութեան Համար» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու մարտավարական ռազմափորձերը, որոնք պիտի կատարուին 15-18 մարտին, կանոնաւոր բնոյթ կը կրեն եւ շրջանին մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան համար վտանգներ չեն ստեղծեր: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յառաջիկային սպասուող ազրպէյճանական զօրքերու ռազմափորձերը մեկնաբանելով ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Սովորաբար ռազմափորձեր կը կատարեն Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրները: Ատիկա կը կատարուի կանոնաւոր սկզբունքով, համապատասխան տեղեկութիւնը ժամանակին կը...

Ամերիկեան-Եւրոպական Հաղորդագրութիւն Մը  Սէուտական Արաբիոյ Անվտանգութեան Նկատմամբ  Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ Եւ Սանաային  Կոչ Կ՛ուղղէ Մագլցողական Քայլերը Դադրեցնելու

Ամերիկեան-Եւրոպական Հաղորդագրութիւն Մը Սէուտական Արաբիոյ Անվտանգութեան Նկատմամբ Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ Եւ Սանաային Կոչ Կ՛ուղղէ Մագլցողական Քայլերը Դադրեցնելու

Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեցին հուսիներուն` Եմէնի Մաարեպ շրջանին վրայ յարձակումին ու Սէուտական Արաբիոյ դէմ մագլցողական քայլերուն շարունակումը: Նշեալ երկիրները իրենց յանձնառութիւնը յայտնեցին Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութեան նկատմամբ` աւելցնելով, որ դիւանագիտական ջանքերը «այս պատերազմին վերջ տալու լաւագոյն յոյսը կը ներկայացնեն»: Հաղորդագրութիւնը նաեւ Սանաայի կառավարութեան կոչ ուղղեց` «խաղաղութեան առիթը օգտագործելու եւ մագլցողական քայլերը դադրեցնելու»:...

Page 368 of 883 1 … 367 368 369 … 883

Արխիւներ