Խրիմը յաւերժ պիտի մնայ Ռուսիոյ հետ, արտասահմանեան պետութիւնները պիտի չկարենան փոխել այդ վիճակը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը` թերակղզին Ռուսիոյ միացնելու տարեդարձին առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ:
«Խրիմի ճակատագիրն ու ապագան յաւերժ Ռուսիոյ հետ են, ատիկա ոեւէ մէկուն հաճելի կու գայ, թէ ոչ: Արեւմտեան պետութիւններու որեւէ գործողութիւն` Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, չի կրնար փոխել այս իրողութիւնը` ո՛չ միջազգային իրաւական, ո՛չ քաղաքական եւ ո՛չ ալ բարոյական տեսանկիւնէն», շեշտած է նախարարը:



