Թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ էջք կատարած են Քաթարի օդուժին պատկանող 5 բեռնատար օդանաւեր: Այս մասին կը հաղորդէ ռուս զինուորական լրագրող Եուրի Քոթենոք:
«Քաթարը «էրտողանական» Թուրքիոյ դաշնակիցն ու «քսակն» է: Կարծէք, անոնք լուրջ բան մը կը տեղափոխեն եւ կարելի եղածին չափ արագ ձեւով», նշած է Քոթենոք:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիան Քաթարի մէջ ռազմակայան ունի, Քաթարն ալ Թուրքիոյ կ՛աջակցի Լիպիոյ մէջ:



