Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, երկրի առաջին տիկին ու փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի եւ իրենց դստեր` Լէյլա Ալիեւայի հետ այցելած են Շուշի: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:
Ըստ Ալիեւի, դէպի Շուշի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք կը նախատեսուի: Հետեւաբար, այստեղ պիտի կառուցուին հինգ, չորս եւ երեք աստղանի պանդոկներ, ուրկէ կարելի է հիանալ քաղաքը շրջապատող գեղեցիկ լեռներով:



