Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու ղազախական «Թենկրինիուզ» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցի մը մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան եւ այդ ծիրին մէջ առանձնացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
«Լեռնային Ղարաբաղը բաւական բարդ գործողութիւն է: Ճիշդ այդպէս կ՛ուզեմ զայն կոչել եւ ոչ մէկ ուրիշ կերպ, որովհետեւ ատոր մէջ ներգրաւուած են մեծ թիւով փաստարկներ, տարրեր, դրդապատճառներ: Համաձայն եղէք, չէ՞ որ երբ իրարու դէմ կը պայքարին երկու եղբայրական ժողովուրդներ, մեր երկու մտերիմ դրացիները, անոնք, որոնց հետ ապրած ենք եւ հետագային ալ պիտի ապրինք խաղաղութեան, համաձայնութեան եւ բարեկամութեան մթնոլորտին մէջ…», ըսած է ռուս նախարարը:
«Միւս կողմէ, Թուրքիոյ այդ գործողութեան միացումն է, այդ իսկ պատճառով պէտք էր զրուցել եւ այդ հարցով զբաղիլ նաեւ թուրք գործընկերներու հետ: Մեր նախագահը, հաւատացէ՛ք ինծի, հսկայական ջանքեր գործադրած է, որպէսզի այդ ամէնը կայանայ: Ի դէպ ան ստիպուած էր բոլորին համոզել: Այսինքն` չկար մէկը, որ ըսէր. «Ես համաձայն եմ, միայն թէ անոնց համոզեցէք»: Ո՛չ, պէտք էր բոլորը համոզել, անխտիր: Մենք եւս մեր գործընկերներու մակարդակով զրուցած ենք նաեւ թուրք գործընկերներուն հետ: Սակայն այն, ինչ որ այսօր կատարուած է, նախ եւ առաջ այն է, որ մարդիկ դադրած են զիրար սպաննել: Երկրորդ, յոյսով եմ, որ այժմ եկած է ժամանակը, երբ անոնք երկկողմանի յարաբերութիւններու կը դիմեն եւ իրարու հետ կը սկսին խօսիլ: Նկատի ունիմ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը», աւելցուցած է Շոյկու:
Ան ընդգծած է, որ այստեղ շատ բան կախեալ է Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններէն: Շոյկուն յայտնած է, որ նոր դերակատարներ նոյնպէս ի յայտ կու գան, կը յայտնուին հին դրացիները, սակայն անոնք կու գան իրենց առաջարկներով:
«Նկատի ունիմ Իրանը: Ատիկա թէ՛ ենթակառոյցներու զարգացումն է, թէ՛ երկաթուղիի, թէ՛ ջրելեկտրակայանի, թէ՛ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան: Շատ հարցեր կան», ընդգծած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը:



