Ռուսիան մտահոգուած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սարքաւորումներու տեղափոխումով եւ սուրիական Ռաքքա նահանգին մէջ ամրացման աշխատանքներու կատարումով: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնի պետ փոխծովակալ Ալեքսանտր Քարփով:
«Ռուսական կողմը ծայր աստիճան մտահոգ է Ռաքքա նահանգի Այն Իսա գիւղի տարածքին մէջ գտնուող յենակէտերուն մէջ թրքական զինեալ ուժերու սպառազինութեան տեղափոխման եւ ամրակայման կապակցութեամբ: Այս գործողութիւնները կը խախտեն սթաթիւս քոն եւ կը խարխլեն երկու կողմերու ջանքերը սուրիական տագնապի լուծման գործին մէջ», ըսած է Քարպով:
Ան աւելցուցած է, որ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Թուրքիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող ապօրինի զինեալ կազմաւորումներու կողմէ գնդակոծութիւն չէ կատարուած: