«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատմամշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Հարցը Կը Քննարկուի Թէ՛ Պաքուի, Թէ՛ Երեւանի Հետ» Կ՛ըսէ Զախարովա
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատասխանած է հայ լրագրողի` Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցումին: Լրագրողը նշած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այսպէս կոչուած «վերանորոգման աշխատանքներ»-ու անուան տակ կազմաքանդած են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գմբէթը` նպատակ ունենալով փճացնել եկեղեցւոյ հայկական ճարտարապետական տեսքը: Բացի ատկէ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները խախտած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը` յառաջ...




















