Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Յառաջիկայ Օրերուն Պիտի Այցելէ Միջին Արեւելք. Պայտըն Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Նեթանիահուի` Կրակոցի Դադրեցման Որոշումին Համար

May 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնակատար Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անոր շնորհակալութիւն յայտնած է կրակոցի դադրեցման որոշումին համար:

«Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ զրոյցներու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած եմ անոր, որ 11 օրէն ալ քիչ ժամանակահատուածի մէջ վերջ տուած է ներկայ զինուորական գործողութիւններուն: Նաեւ շեշտած եմ այն, ինչ որ կ՛ըսէի այս տագնապի ամբողջ ընթացքին. Միացեալ Նահանգներ ամբողջովին կը զօրակցին Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին Համասի եւ Կազա տեղակայուած այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու անկանոն հրթիռային յարձակումներէն, որոնց պատճառով Իսրայէլի մէջ զոհուած են անմեղ քաղաքային անձեր», ըսած է Պայտըն` Միջին Արեւելքի մէջ կացութեան մասին արտասանած խօսքին մէջ:

Պայտըն նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին` զինադադարի դրութեան հաստատման հարցին միջնորդելուն համար:

Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ուժերուն միջեւ զինադադարը ուժի մէջ մտաւ հինգշաբթի-ուրբաթ լուսցող գիշերուան ժամը 2:00-ին:

Պաղեստինցիները Կազայի մէջ կը նշեն այս դիմակայութեան մէջ իրենց արձանագրած յաղթանակը` վերջին օրերու իրադարձութիւններէն ետք զինադադարի հաստատումը նկատելով յաղթանակ:

Պաղեստինցիներու եւ իսրայէլացիներու միջեւ անցեալ շաբաթ սկսած բախումներուն պատճառով պաղեստինեան կողմի զոհերուն թիւը անցած է 220-ը, որոնց 63-ը` երեխաներ, իսկ աւելի քան 34-ը` կիներ: Վիրաւորուած են շուրջ 1500 պաղեստինցիներ, իսկ իսրայէլեան կողմին մէջ զոհերուն թիւը 12 է, ներառեալ 2 երեխայ: Վիրաւորներուն թիւը առնուազն 300 է:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ մտադիր է յառաջիկայ օրերուն այցելել Միջին Արեւելք:

«Այսօր խօսած եմ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կապի Աշքենազիի հետ եւ ողջունած անոր կողմէ այն հաստատոււմը, որ կողմերը զինադադարի շուրջ համաձայնած են Եգիպտոսի միջնորդութեամբ: Յառաջիկայ օրերուն ես պիտի ուղեւորուիմ շրջան եւ անհամբեր կը սպասեմ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին եւ Պաղեստինի ու շրջանային միւս ղեկավարներուն հետ հանդիպումին», Պլինքըն գրեց «Թուիթըր»-ի վրայ:

Նախորդը

«Թուրքիոյ` Իբրեւ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներու Պաշտպանի Դերը Շատ Կասկածելի Է Եւ Պատեհապաշտական Բնոյթ Ունի» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հարաւ-Արեւելքը Անօդաչու Թռչող Սարքերով Յարձակում` Թրքական Երկու Ռազմակայանի Վրայ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.