Միջազգային

«Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Տիրող  Լարուածութիւնը Կը Պահանջէ Անյապաղ Քայլերու  Որդեգրում, Նախ` Քաղաքական-Դիւանագիտական Բնոյթի»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալը

«Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Վրայ Տիրող Լարուածութիւնը Կը Պահանջէ Անյապաղ Քայլերու Որդեգրում, Նախ` Քաղաքական-Դիւանագիտական Բնոյթի» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալը

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Վալերի Սեմերիքով, անդրադառնալով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած ճգնաժամային կացութեան, շեշտած է, որ ատիկա պէտք է լուծուի քաղաքական-դիւանագիտական եղանակներով: «Երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարը կ՛ամրապնդուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութեամբ եւ շարունակուող բանակցային հոլովոյթով», ըսած է Սեմերիքով` կազմակերպութեան միացեալ սպայակոյտի նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ: «Վերջերս հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը կը պահանջէ անյապաղ քայլերու որդեգրում, նախ եւ...

Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Նախագահական Ընտրութիւն

Սուրիոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ Նախագահական Ընտրութիւն

Երէկ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութիւն: Քուէարկողները առտուընէ ուղղուեցան քուէարկութեան կեդրոններ` ընտրելու համար երկրին նախագահը: Պաշտօնին համար գոյութիւն ունէին երեք թեկնածուներ` գործող նախագահ Պաշշար Ասատ, Մահմուտ Մըրհի եւ Ապտալլա Սալլում Ապտալլա: 20 մայիսին արտասահման բնակող սուրիացիներու քուէարկութեամբ ընթացք առած էր ընտրութեան առաջին փուլը: Գործող նախագահ Պաշշար Ասատ եւ անոր կինը քուէարկեցին Արեւելեան Ղութայի Տումա քաղաքին մէջ: Ասատ քուէարկելէ ետք...

Ռուսիան Առաջին Անգամ Ըլլալով «Թու-22էմ3»  Հեռահար Ռազմավարական Ռմբաձիգներ  Տեղափոխած Է Սուրիա

Ռուսիան Առաջին Անգամ Ըլլալով «Թու-22էմ3» Հեռահար Ռազմավարական Ռմբաձիգներ Տեղափոխած Է Սուրիա

Ռուսական երեք «Թու-22էմ3» հեռահար ռմբաձիգ ուղարկուած է Սուրիա: «Քորրեսփոնտենթ», վկայակոչելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ նման տեսակի օդանաւերու «Հմէյմիմ» ռազմակայանին մէջ տեղակայումը առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ: Կը հաղորդուի, որ հեռահար ռմբաձիգներու անձնակազմերը նոր ունակութիւններ ձեռք պիտի բերեն նոր աշխարհագրական շրջաններու մէջ ուսումնական առաջադրանքներ կատարելով: Նաեւ կը նշուի, որ «Հմէյմիմ» ռազմակայանին մէջ աւարտած է երկրորդ էջուղիի կառուցումը: Այժմ ռազմակայանէն...

«Յոյսով Ենք, Որ Անդրկովկասի Մէջ Շուտով  Պիտի Սկսի Փոխադրամիջոցային  Ճամբաներու Ապաշրջափակումը»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Փոխվարչապետը

«Յոյսով Ենք, Որ Անդրկովկասի Մէջ Շուտով Պիտի Սկսի Փոխադրամիջոցային Ճամբաներու Ապաշրջափակումը» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Փոխվարչապետը

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յոյս յայտնած է, որ Անդրկովկասի մէջ շուտով կը սկսի փոխադրամիջոցային ճամբաներու ապաշրջափակումը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետը այս մասին յայտարարած է Թվերի վակոնաշինական գործարանին մէջ արտադրուած 20 նոր ճամբորդատար վակոնները Հայաստանի «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-ին ուղարկելու արարողութեան ժամանակ: «Մենք բոլորս յոյսով ու հաւատքով ենք, որ այստեղ ողջամտութիւնը պիտի գերակշռէ, եւ մենք շուտով պիտի կարենանք սկսիլ Անդրկովկասի...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Պայտըն – Փութին Հանդիպումը Տեղի  Պիտի Ունենայ 15-16 Յունիսին` Ժընեւի Մէջ

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Պայտըն – Փութին Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ 15-16 Յունիսին` Ժընեւի Մէջ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մտադիր է իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ իր առաջին անձնական հանդիպումը 15-16 յունիսին կատարել Զուիցերիոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` վկայակոչելով ամերիկացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Այդ տուեալներուն համաձայն, երկու ղեկավարներու երկար սպասուած հանդիպման կայացման համար բոլոր քաղաքներու շարքին վերջնական յաւակնորդը դարձած է Ժընեւը: Կ՛ակնկալուի, որ Փութինի հետ Պայտընի հանդիպումը պիտի նշանաւորէ Միացեալ Նահանգներու...

Զարիֆ Այսօր Կ՛այցելէ  Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

Զարիֆ Այսօր Կ՛այցելէ Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ այսօր պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ազրպէյճան: ԻՐՆԱ կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ: «Արտաքին գործոց նախարարը վաղը պիտի մեկնի Ազրպէյճան եւ Հայաստան», ըսած է ան: Իրանեան դիւանագիտութեան պետին շրջանային այցելութեան մանրամասնութիւնները յայտնի չեն: Զարիֆ վերջին անգամ Հայաստան այցելած էր այս տարուան...

Չինաստան Երեւանին  Ու Պաքուին Կոչ Ուղղած Է

Չինաստան Երեւանին Ու Պաքուին Կոչ Ուղղած Է

Փեքին յոյս ունի, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի կարենան տարակարծութիւնները լուծել երկխօսութեան միջոցով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չժաօ Լիցզիանը: «Ազրպէյճանն ու Հայաստանը Չինաստանի բարեկամական գործընկերներն են: Չինաստանը անկեղծօրէն յոյս ունի, որ կողմերը պիտի կարենան իրենց հակասութիւններն ու տարակարծութիւնները լուծել երկխօսութեան միջոցով, միասնաբար պիտի աջակցին շրջանային խաղաղութեան...

«Թուրքիան 60 Զինուոր Ուղարկած Է Ազրպէյճան.  Անոնց` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Գտնուելու  Տեւողութեան Հարցը Պիտի Քննարկուի Ռուսիոյ Հետ»  Կ՛ըսէ Աքար

Խօսելով Հայերու Եւ Յոյներու Ցեղասպանութեան Մասին` «Մեր Պատմութեան Մէջ Ցեղասպանութիւն Չկայ. Ատոնք Զառանցանքներ Են» Կ՛ըսէ Աքար

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար անգամ մը եւս Յունաստանը մեղադրած է նուաճողական քաղաքականութիւն վարելու յանցանքով եւ ըսած, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ ցեղասպանութիւն չկայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ» օրաթերթը: Թուրք նախարարը զինուորական ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է «Իսթանպուլ» նաւաշինարան, ուր կը կառուցուի «Անատոլու» բազմանպատակային նաւը: Այցելութեան ընթացքին ան անդրադարձած է թուրք¬յունական յարաբերութիւններուն` Յունաստանը մեղադրելով վէճերը խաղաղ ճամբով լուծելու երկխօսութիւնը...

«Ռուսիան Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ  Մեզի Համար Եղբայրական Եւ Մերձաւոր Երկիրներու`  Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Համար»  Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Ռուտենքօ. «ՀԱՊԿ»-ի Դռները Պէտք Է Բոլորին, Որոնց Շարքին Ազրպէյճանի Առջեւ Բաց Ըլլան, Սակայն…»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին գնահատած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդլայնման հեռանկարները: Ռուս պաշտօնատարը իր խօսքին մէջ ըսած է. «ՀԱՊԿ-ի դռները պէտք է բոլորին առջեւ բաց ըլլան, ներառեալ Ազրպէյճանը»: «Միակ բանը, որ կրնայ սահմանափակել երկրի մուտք գործելը, կազմակերպութեան կանոնադրութեան որոշ կէտերն են, ըստ որոնց` ՀԱՊԿ-ին անդամակցելու համար անհրաժեշտ է, որ անդամ...

Արցախի Մէջ Թուրք-Ազրպէյճանական  «Պատմաճարտարապետական Յուշարձաններու  Վերականգնողական Աշխատանքները»

Արցախի Մէջ Թուրք-Ազրպէյճանական «Պատմաճարտարապետական Յուշարձաններու Վերականգնողական Աշխատանքները»

Էրտողան Յառաջիկայ Շաբաթներուն Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան Այս օրերուն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն մակարդակով տեղի կ՛ունենան քննարկումներ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ծրագրել եւ վերականգնողական աշխատանքներ կատարել Արցախի` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Թերթ» կայքը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմեթ Նուրի Էրսոյը: Ըստ անոր, նախ եւ առաջ կը նախատեսուի մշակութային,...

Իրան Ծոցի Երկիրներուն «Իւրաքանչիւրը  Իր Չափը Գիտնալու» Պատգամ Յղեց

«Իրան Սէուտական Արաբիոյ Քայլերուն Եւ Մեր Նկատմամբ Ռիատի Վարմունքին Փոփոխութիւնը Կը Սպասէ» Կ՛ըսէ Խաթիզպազէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Իրան Սէուտական Արաբիոյ քայլերուն եւ Ռիատի` մեր նկատմամբ վարմունքի փոփոխութեան կը սպասէ»: Խաթիպզատէ ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ շրջանային որեւէ երկխօսութեան մասնակցութիւնը, «եւ կը կարծենք, որ Ռիատ կրնայ շինիչ դերակատարութիւն ունենալ, պայմանով, որ փոխէ շրջանին մէջ կիրարկուող իր քաղաքականութիւնը»:

Լաւրով Բացայայտած Է, Թէ Փութինը  Ի՛նչ Նիւթերու Շուրջ Պատրաստ Է  Խօսելու Պայտընի Հետ

Լաւրով Բացայայտած Է, Թէ Փութինը Ի՛նչ Նիւթերու Շուրջ Պատրաստ Է Խօսելու Պայտընի Հետ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով բացայայտած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը ի՛նչ նիւթերու շուրջ պատրաստ է խօսելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները իրենք պիտի որոշեն վեհաժողովի քննարկման նիւթերը, Փութինը պատրաստ է քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ համաշխարհային խնդիրները», ըսած է ան: Լաւրով աւելցուցած է, որ Փութինի եւ...

Իսրայէլեան Ուժերը Ներխուժեցին  Աքսայի Շրջափակ

Իսրայէլեան Ուժերը Ներխուժեցին Աքսայի Շրջափակ

Տասնեակներով հրեայ բնակեցուածներ երէկ առաւօտեան գործադրեցին իրենց սպառնալիքը եւ ներխուժեցին Աքսայի մզկիթի շրջափակ: Արշալոյսին իսրայէլացի զինուորներ իրենց կարգին ներխուժած էին շրջափակ եւ խոշտանգած էին ու ձերբակալած նամազ կատարելու համար մզկիթ ուղղուող շարք մը պաղեստինցիներ: Իսրայէլեան ուժերը նաեւ բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ ձերբակալեցին երեք երուսաղէմացիներ` անոնց տուները ներխուժելէ ետք: Ձերբակալուած են Երուսաղէմի մէջ Ֆաթհ շարժումի քարտուղար Շատի Մթաուար երիտասարդներ Ֆատի Մթաուար եւ...

Ալիեւ Յայտնած Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան  Համաձայնագիրի Ուղղութեամբ  Աշխատելու Պատրաստակամութեան Մասին

Ալիեւ Յայտնած Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ուղղութեամբ Աշխատելու Պատրաստակամութեան Մասին

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Թուիթըր»¬ի վրայ մեկնաբանած է Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի հաւանական ստորագրումը: Ան յայտարարած է, որ պատրաստ է աշխատելու երկկողմանի նոր համաձայնագիրի վրայ: «Յոյսով ենք, որ Հայաստանի մէջ (խորհրդարանական) ընտրութիւններէն ետք այս հարցին մէջ աւելի յստակութիւն պիտի ըլլայ: Խաղաղութեան համաձայնագիրը կը նախատեսէ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչում, եւ մենք ատոր պատրաստ ենք», գրած է Ալիեւ:  

«Ամերիկացիները Թեհրանի Վրայ Հաստատուած  Պատժամիջոցները Ջնջելու  Իրենց Մտադրութիւնը Յայտարարեցին»  Կ՛ըսէ Ռուհանի

«Ամերիկացիները Թեհրանի Վրայ Հաստատուած Պատժամիջոցները Ջնջելու Իրենց Մտադրութիւնը Յայտարարեցին» Կ՛ըսէ Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ ամերիկացիները հրապարակաւ յայտարարեցին Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն լոյսին տակ Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու իրենց մտադրութիւնը: Ան կառավարութեան մէջ տնտեսական համակարգումի յանձնախումբին հետ ժողովի ընթացքին նշեց, որ իր երկիրը «պիտի շարունակէ բանակցութիւնները` մինչեւ վերջնական համաձայնութեան գոյացումը»: Ռուհանի քանի մը օր առաջ յայտնած էր. «Արեւմուտքը համաձայնեցաւ ջնջել պատժամիջոցներու հիմնական քայլերը», իսկ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի...

Քոնկոյի Մէջ Ժայթքած Հրաբուխի Պատճառով  Շուրջ Հինգ Հազար Մարդ Փախած Է Ռուանտա

Քոնկոյի Մէջ Ժայթքած Հրաբուխի Պատճառով Շուրջ Հինգ Հազար Մարդ Փախած Է Ռուանտա

Քոնկոյի դեմոկրատական հանրապետութեան արեւելքը գտնուող Կոմա քաղաքի աւելի քան հինգ հազար բնակիչներ Նյիրակոնկօ հրաբուխի հզօր ժայթքումին պատճառով փախուստ տուած են դրացի Ռուանտա: Այս մասին կը հաղորդէ «Աքթիւալիթէ» լրատուական հարթակը: Ելեկտրոնային պարբերականը կը նշէ, որ մարդիկ փրկուած են հրաբուխի լաւայի հոսքէն: Իշխանութիւնը գործարկած է տարհանման ծրագիրը քաղաքի այն բնակիչներուն, որոնց կը սպառնան լաւայի հոսքերը: Հրաբուխի անմիջական շրջապատին մէջ գտնուող Կոմայի արուարձանները...

Թեհրանի Եւ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Միջեւ Հսկողութեան Վերաբերեալ  Ժամանակաւոր Համաձայնութեան Ժամկէտը Աւարտած Է

Թեհրանի Եւ Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Միջեւ Հսկողութեան Վերաբերեալ Ժամանակաւոր Համաձայնութեան Ժամկէտը Աւարտած Է

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Քալիպաֆ երէկ յայտարարեց, որ 22 մայիսին աւարտած է Իրանի հիւլէական կեդրոններու հսկողութեան վերաբերեալ Թեհրանի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան միջեւ ժամանակաւոր եռամսեայ համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: «22 մայիսէն եռամսեայ համաձայնագիրի աւարտէն ետք գործակալութիւնը այլեւս հասանելիութիւն պիտի չունենայ հիւլէական կեդրոններուն մէջ տեսախցիկներու հաւաքած տուեալներուն», ըսած է խորհրդարանի նախագահը: Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը...

Պլինքըն – Չաւուշօղլու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Պլինքըն – Չաւուշօղլու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը: «Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն եւ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու քննարկած են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ համագործակցութեան կարեւորութիւնը, ներառեալ Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանին վերաբերող հասարակաց շահերը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Պլինքըն նշած է,...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարը Պիտի Այցելէ Միջին Արեւելք

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Այցելէ Միջին Արեւելք

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 26-27 մայիսին պիտի այցելէ Իսրայէլ եւ Այսրյորդանան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»¬ը` յղում կատարելով իր աղբիւրին: Կը նշուի, որ Պլինքըն կ՛ուզէ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը գործադրուին Կազայի մէջ զինադադարի ամրապնդման ուղղուած ամերիկեան ջանքերը: Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Պաղեստինի պաշտօնական աղբիւրները չեն հրապարակած Պլինքընի ամբողջական երթուղին: Լրատու գործակալութեան աղբիւրին տուեալներով` Պլինքըն նաեւ պիտի այցելէ...

Նշելով, Որ Հայաստան Արցախը Պէտք Է  Ճանչնայ Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս.  Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի  Կարգավիճակը Քննարկման Ենթակայ Չէ»

Նշելով, Որ Հայաստան Արցախը Պէտք Է Ճանչնայ Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Քննարկման Ենթակայ Չէ»

Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը քննարկման ենթակայ չէ: Ազրպէյճանական «Թրենտ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս մասին յայտարարած է «Հարաւային Կովկաս. Շրջանային զարգացումներ եւ համագործակցութիւն» նիւթով քննարկումներուն ժամանակ»: «Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Ալիեւ նաեւ նշած է, որ Պաքուն պատրաստ է Երեւանի հետ առեւտրական յարաբերութիւններ հաստատելու, սակայն ատոր համար Ազրպէյճանն ու Հայաստանը պէտք է ճանչնան մէկզմէկու սահմանները: «Մենք պատրաստ ենք...

Page 351 of 883 1 … 350 351 352 … 883

Արխիւներ