Լափիտ. «Կազայի Մէջ Զինուորական Գործողութեան
Վերջ Տալու Պայտընի Պահանջը Կարելի Չէ Անտեսել»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն չորեքշաբթի օր Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կապի Աշքենազիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը սպասեն, որ Կազայի դէմ գործողութիւնը շուտով աւարտի: Այս մասին հաղորդեց ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը:
Աշքենազի իր կարգին յայտնած է. «Իսրայէլ յաւելեալ քանի մը օրուան կը կարօտի Կազայի մէջ իր գործողութիւնը ամբողջացնելու համար»:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ կայքին յայտնած են, որ Պլինքըն Աշքենազիի ըսած է, թէ իր երկիրը խանգարած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Կազայի վերաբերեալ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, սակայն չի կրնար հրապարակաւ եւ դիւանագիտական գետնի վրայ, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլին աւելի երկար աջակցիլ:
Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետ, իսրայէլեան «Ապագայ կայ» կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Կազայի մէջ զինուորական գործողութեան վերջ տալու պահանջը կարելի չէ անտեսել, «որովհետեւ գոյութիւն ունին Կազայէն շատ աւելի մեծ մարտահրաւէրներ, ինչպէս` Իրանի հիւլէական համաձայնութիւնը, Սուրիոյ մէջ լարուածութիւնը եւ Հըզպալլայի հզօրացումը»:
«Կառավարութիւնը ձախողեցաւ քաղաքականութիւն ճշդելու մէջ, եւ 11 օր ետք իւրաքանչիւր իսրայէլացի ինքն իրեն հարց կու տայ, թէ կառավարութիւնը զինուորական գործողութեան ճամբով ի՞նչ ուզեց իրագործել, եւ ի՞նչ է Կազայի մէջ Համասը դիմակայելուն քաղաքականութիւնը եւ հեռաւոր ռազմավարական նպատակը», ըսաւ ան:
Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետը նշեց, որ այն, ինչ որ այժմ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, նոյնութեամբ տեղի պիտի ունենայ մէկ կամ երկու տարի ետք, եւ Կազայի մէջ ընթացող ներկայ գործողութիւնը յառաջիկայ կռիւի փուլը պիտի արգիլէ:
«Իսրայէլ իր երկու ձեռքերով Համասը վերածեց պաղեստինեան բեմի վրայ յառաջատար կազմակերպութեան, եւ Արեւելեան Երուսաղէմի, Յուդայի եւ Սամարիոյ մէջ, մինչեւ իսկ հիւսիսային բեմի վրայ ճակատները բռնկեցնողի», նշեց Լափիտ:
Ան Իսրայէլի գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին ակնարկելով ըսաւ. «Իսրայէլեան բանակը իրերայաջորդ անգամ ըլլալով ուժը ապահովեց, եւ Նեթանիահու զայն չօգտագործեց: Ասիկա քաղաքական ու ապահովական աններելի ձախողութիւն է, եւ Իսրայէլի քաղաքացիները կը վճարեն ատոր գինը»:
Նեթանիահու մերժած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահին զինադադար հաստատելու պահանջը` նշելով, որ Կազայի դէմ «իսրայէլեան գործողութիւնը պայմանաժամ չունի»:
Միւս կողմէ, ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկացի եւ օտար պաշտօնատարներ յայտարարած են. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը նախատեսէ, որ Իսրայէլի եւ Համաս շարժումին միջեւ զինադադարը այս շաբաթ հաստատուի, եւ այդ հարցը կրնայ ճիշդ վաղուընէ սկսեալ տեղի ունենալ»:
Օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Եգիպտոսի, Քաթարի եւ եւրոպական երկիրներու կողքին աշխատանք կը տանին Նեթանիահուի ու Համասի ղեկավարին վրայ ճնշում բանեցնելու:
Ըստ ամերիկեան օրաթերթին, զինադադարի հաստատման ցուցակ մը գոյութիւն ունի, «եւ միակ առկախ հարցը ժամկէտն է»` նշելով. «Եգիպտացի պաշտօնատարները Համասի հետ բանակցութիւններուն մէջ յառաջխաղացք արձանագրեցին»:
Մինչ այդ, Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Իրանը Իրաքէն կամ Սուրիայէն ուղարկեց անօդաչու թռչող սարք մը, որ վար առինք Յորդանանի հետ սահմանին մօտ»: