Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պայտըն Նեթանիահուին Յայտնեց Իր Սպասումը, Որ Այսօրուընէ Սկսեալ Մագլցումը Կը Նուազի» Երէկ Հաղորդեց Սպիտակ Տունը

May 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը երէկ հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին յայտնեց իր սպասումը, որ այսօրուընէ սկսեալ մագլցումը մեծապէս նուազեցուի»: Նշուեցաւ, որ «Պայտըն այսօր առաւօտեան մէկ շաբթուան ընթացքին չորրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնեց եւ անոր հետ քննարկեց Համասի եւ Կազայի մէջ խմբաւորումներուն կարողականութիւնը նուազեցնելու մէջ Իսրայէլի արձանագրած յառաջդիմութիւնը»:

Սպիտակ տունը շեշտեց, որ իրենք «մեծ աշխատանք կը տանին զինադադարի հաստատման, մնայուն հանդարտութեան հասնելու եւ տագնապին պատճառները դարմանելու ուղին գտնելու աջակցելու»` աւելցնելով. «Անցեալ շաբթուընէ ի վեր Իսրայէլի, (Պաղեստինեան) իշխանութեան եւ այլ երկիրներու պաշտօնատարներուն հետ աւելի քան 60 հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցանք»:

Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիան «Իսրայէլին յայտնեց, թէ որեւէ քայլ, որ Կազայի մէջ յաւելեալ քաղաքային զոհերու արձանագրման կը յանգեցնէ, անընդունելի է»:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Արաբական խորհրդարանի արտակարգ նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Երուսաղէմը Պաղեստինեան պետութեան յաւիտենական մայրաքաղաքն է, որուն այլընտրանքը չենք ընդունիր, եւ անիկա պաղեստինեան, արաբական ու իսլամական ինքնութեան գոհարն է, եւ առանց անոր ո՛չ խաղաղութիւն, ո՛չ անվտանգութիւն, ո՛չ ալ կայունութիւն կայ»:

«Այն ինչ որ Իսրայէլ այժմ կ՛ընէ, պետական կազմակերպուած ահաբեկչութիւն է, եւ այդ ոճիրները գործադրողը միջազգային դատարաններուն մէջ դատական հետապնդման պիտի ենթարկենք», ըսաւ ան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Պաղեստինցիները շահագործեցին ընտրութիւններուն հարցը եւ (Երուսաղէմի) Շէյխ Ժարրահ թաղամասին մէջ մագլցումի դիմեցին: Մենք այս տագնապին չձգտեցանք, եւ Համաս շարժումը շահագործեց Շէյխ Ժարրահի հարցը` իր նպատակները իրագործելու համար»:

Ըստ անոր, Համաս եւ Իսլամական ժիհատ շարժումները Իսրայէլի վրայ արձակած են շուրջ 4000 հրթիռներ, որոնց մէկ քառորդը ինկած է Կազայի մէջ` շեշտելով. «Իսրայէլ կը դիմակայէ ահաբեկչական եւ ծայրայեղական խմբաւորումներ, եւ ներկայիս այն ինչ որ կ՛ընենք Համասի զինուորական կարողականութեան քանդումն է. կը փորձենք նուազեցնել անոր հրթիռ արձակելու կարողութիւնը»:

Ըստ անոր, Համաս Կազայի մէջ գետնին տակ ամբողջ քաղաք մը կառուցած է եւ քաղաքայինները իբրեւ կենդանի վահան կ՛օգտագործէ:

Իսրայէլի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններուն ներկայացուցած իր զեկուցումին մէջ Նեթանիահու ըսաւ. «Աշխարհի վրայ չկայ այլ բանակ մը, որ քաղաքային զոհերէն խուսափելու համար իսրայէլեան բանակէն աւելին կ՛ընէ: Իսրայէլը այդ հարցով ամբաստանելը միայն անհեթեթ հարց մըն է, անարդար է եւ սխալ, որովհետեւ կը վնասէ ժողովրդավարական երկիրներուն, որոնք այսպիսի չարիքի դէմ կը պայքարին»:

«Պէտք է վճռական կերպով աջակցիք Իսրայէլի, որովհետեւ ատիկա միայն Իսրայէլի անվտանգութեան չի վերաբերիր, այլ նաեւ մեր հասարակաց անվտանգութեան եւ Միջին Արեւելքի մէջ մեր հասարակաց շահերուն», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետը:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Կարծիքներ Փոխանակած Են Արցախի Մէջ Վերջին Զարգացումներուն Շուրջ

Յաջորդը

Նշելով, Որ Էրտողան Միջին Արեւելքի Մէջ Յաւելեալ Բռնարարքի Կը Դրդէ. «Բուռն Կերպով Կը Դատապարտենք Էրտողանի Հակասեմական Յայտարարութիւնները, Որոնք Գարշելի Են» Կ՛ըսէ Փրայս

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.