Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին վերջին սրումը, Ոչ յանձնառու պետութիւններու շարժումին ծիրին մէջ Ազրպէյճանի ժամանակաւոր նախագահութիւնը:
Բացի ատկէ, արտաքին գործոց նախարարները կարծիքներ փոխանակած են Արցախի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն շուրջ: