Միջազգային

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն  Ու Իրանի Դեսպանը Քննարկած Են  Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Կացութիւնը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Իրանի Դեսպանը Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Կացութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքօ հանդիպում ունեցած Է Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ժալալիի հետ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Հանդիպումի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են շրջանային օրակարգի այժմէական հարցերու, որոնց շարքին` Արցախի խնդիրի եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի կացութեան շուրջ:

«Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանէն  Պիտի Պահանջէ Իր Ուժերը Հեռացնել  Հայաստանի Տարածքէն»  Կ՛ըսէ Սալիվըն

«Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանէն Պիտի Պահանջէ Իր Ուժերը Հեռացնել Հայաստանի Տարածքէն» Կ՛ըսէ Սալիվըն

Միացեալ Նահանգներ անընդունելի եւ սադրիչ կը նկատեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին մէջ ազրպէյճանական ուժերու կատարած գործողութիւնները: Միացեալ Նահանգները իրենց դիրքորոշումը պիտի ներկայացնեն նաեւ ազրպէյճանական ղեկավարութեան` պահանջելով ուժերը հեռացնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընը` Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Վարչապետի պաշտօնակատարի մամլոյ...

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը Չի Կրնար  Զինուորական Լուծում Ունենալ, Լուծումը Պէտք Է Ըլլայ  Քաղաքական, Համապարփակ` Բոլոր Կողմերուն  Շահերը Հաշուի Առնող»  Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

«Ռուսիան Սահմանային Կարգաւորման Հարցին Մէջ Պիտի Օգնէ Երեւանին Ու Պաքուին, Եթէ Երկուստեք Խնդրեն» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Ռուսիան Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին ներկայ լարուածութեան կարգաւորման հարցին մէջ օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ, եթէ երկու պետութիւններէն ալ նման խնդրանք ստանայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ: «Ասիկա բնական իրավիճակ է, երբ նման կացութեան մէջ գտնուող կողմերը մեզի կը դիմեն օգնութեան, համագործակցութեան, միջնորդութեան համար, մանաւանդ որ մենք փորձառութիւն ունինք 9 նոյեմբերի...

«Ղարաբաղեան Պատերազմին Վերջ Դնելու Հարցին Մէջ Փութինի Անձնական Դերը Բոլորը Պէտք Է Յիշեն»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Ռուսիան Մնայուն Կապի Մէջ Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիան մնայուն կապի մէջ է Պաքուի եւ Երեւանի հետ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կողմնակից է եռակողմ համաձայնութիւններու գործադրութեան` առանց այլընտրանքի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Այժմ աշխուժ ջանքեր կը գործադրուին լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ կացութիւնը սրբագրելու համար», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով: Նախորդ շաբաթ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի արտակարգ նիստի ընթացքին...

Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու  Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները

Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծած է Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, նախարարութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կատարուած գրառումին կցուած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու 5 մայիսի յայտարարութիւնը: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները: 4 մայիսին, Ազրպէյճանի մէջ պահուող երեք հայ գերիներու ազատ արձակումը դրական ժեսթ է այդ ուղղութեամբ», նշած է Ֆրանսայի...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Պատուիրակութիւնը Պայտընի Կառավարման Օրով  Առաջին Անգամ Ըլլալով Այցելած Է Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւելք

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը Պայտընի Կառավարման Օրով Առաջին Անգամ Ըլլալով Այցելած Է Սուրիոյ Հիւսիս-Արեւելք

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը Ճօ Պայտընի` երկրի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր շրջանային առաջին այցելութեան ընթացքին մեկնած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելք: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ»-ը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ ուղեւորութիւնը կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի պաշտօնակատար Ճոուի Հուտը` արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ եւ...

Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Սպաննած Է  Սուրիոյ Մէջ ՔԱԿ-ի Ղեկավարներէն Մէկը

Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Սպաննած Է Սուրիոյ Մէջ ՔԱԿ-ի Ղեկավարներէն Մէկը

Իրաքի հիւսիսը սպաննուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) Սուրիոյ հարցերով գլխաւոր պատասխանատու Խալեֆ Մոհամետը, որ ծանօթ է Սոֆի Նուրեթթին ծածկանունով: Նուրեթթինը սպաննուած է 8 մայիսին` Իրաքի հիւսիսը Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի եւ թուրք զինուորներու միացեալ գործողութիւններուն ընթացքին: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Թուրքիոյ կառավարութեան նիստէն ետք պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին: Սոֆի...

Ամերիկեան Ուժերը Իրենց Ռազմակայանները  Կրնան Թուրքիայէն Յունաստան Տեղափոխել

Ամերիկեան Ուժերը Իրենց Ռազմակայանները Կրնան Թուրքիայէն Յունաստան Տեղափոխել

Միացեալ Նահանգներ որոշած է գտնել նոր զինուորական գործընկեր` ի դէմս Յունաստանի: Ըստ ռուսական «Վոյեննոյէ Օպորզրենիէ» (Ռազմական ակնարկ, «Ա.») կայքին, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կտրուկ վատթարացման լոյսին տակ, Միացեալ Նահանգներ կ՛ընդլայնեն Յունաստանի հետ զինուորական համագործակցութիւնը: «Քոնթրա Մակազին»-ը իր կարգին հաղորդած է ամերիկեան ռազմակայաններու նոր վայրի որոնման մասին: Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոլաս Փանայոթոփուլոսի համաձայն, Միացեալ Նահանգներու եւ Յունաստանի միջեւ զինուորական համագործակցութիւնը հասած է...

Լաւրով. «Սիւնիքի Վերաբերեալ  Համաձայնութիւն Գոյացած Է»

Լաւրով. «Սիւնիքի Վերաբերեալ Համաձայնութիւն Գոյացած Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Սիւնիքի մարզի կացութեան վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Այնտեղ ո՛չ մէկ կրակոց արձակուած է, ո՛չ մէկ բախում տեղի ունեցած է: Նստած են, սկսած են հանգիստ համաձայնիլ, թէ ինչպէ՛ս մեղմացնեն կացութիւնը: Մեզմէ խնդրած են աջակցիլ, մեր զինուորներն ալ աջակցութիւն ցուցաբերած են, համաձայնութիւն ձեռք բերուած է:...

Լը Տրիան Պայրամովի Հետ Քննարկած Է  Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութիւնը

Լը Տրիան Պայրամովի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Տիրող Կացութիւնը

16 մայիսին ֆրանսական կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի միջեւ: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ նախարարները քննարկած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող կացութիւնը: Պայրամով նշած է. «Քայլեր ձեռնարկուած են Հայաստանի հետ սահմանի ամրապնդման համար»: Վերջինս ֆրանսացի գործընկերը տեղեակ պահած է սահմանային դիրքերու մէջ...

«Եթէ Հայաստանի Տարածքին Մէկ Մասը Ուզեն Վերցնել,  Եւ Մեր Սահմանները Փոփոխութեան Ենթարկուին,  Ատիկա Մեզի Համար Անընդունելի Է. Հայաստանի Հետ  Իրանի Սահմանը Պէտք Է Պահպանուի»  Կ՛ըսէ Զոլնուրի

«Եթէ Հայաստանի Տարածքին Մէկ Մասը Ուզեն Վերցնել, Եւ Մեր Սահմանները Փոփոխութեան Ենթարկուին, Ատիկա Մեզի Համար Անընդունելի Է. Հայաստանի Հետ Իրանի Սահմանը Պէտք Է Պահպանուի» Կ՛ըսէ Զոլնուրի

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը չ՛ընդունիր շրջանի որեւէ փոփոխութիւն, շրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Մոժթապա Զոլնուրի` անդրադառնալով հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած կացութեան եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժման դէպքին: «Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը շատ պարզ, յստակ եւ որոշիչ...

Պլինքըն Եւ Լը Տրիան Ընդգծած Են Արցախի Մէջ  Երկարաժամկէտ Քաղաքական  Լուծման Հասնելու Անհրաժեշտութիւնը

Պլինքըն Եւ Լը Տրիան Ընդգծած Են Արցախի Մէջ Երկարաժամկէտ Քաղաքական Լուծման Հասնելու Անհրաժեշտութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիան կիրակի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին ընդգծած են Արցախի մէջ երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման հասնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ քննարկած են պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին նշուած է բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «Միացեալ...

Պլինքըն Իսրայէլն ու Պաղեստինցիները  Կը Յորդորէ Պաշտպանելու Քաղաքայինները

Պլինքըն Իսրայէլն ու Պաղեստինցիները Կը Յորդորէ Պաշտպանելու Քաղաքայինները

Իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ահաբեկման փորձով մը Կազայի մէջ քաղաքային ինքնաշարժ մը երեք հրթիռներով հարուածելէ ետք, «Քասսամ»-ի փաղանգները հրասանդի ռումբերով հարուածեցին «Մարս» զինուորական դիրքն ու «Իերզ» քիպուցը: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը նաեւ Կազայէն հրթիռակոծեց Պիր Սապահը եւ բնակեցման վայրերը, ինչպէս նաեւ հրթիռներ արձակեց իսրայէլեան յածանաւերու ուղղութեամբ: Քուտսի ջոկատները բազմաթիւ հրթիռներով հարուածեցին Թել Աւիւի հիւսիսը գտնուող Հերթիլիան: Ջոկատները նաեւ հրթիռակոծեցին հաղորդակցութիւններու լրտեսման «Օրիմ» եւ...

«Պաղեստինցիներուն Դէմ Իսրայէլի  Արարքները Ցեղասպանութիւն Են»  Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

«Պաղեստինցիներուն Դէմ Իսրայէլի Արարքները Ցեղասպանութիւն Են» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ յայտնեց. «Պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի արարքները վայրագութիւն են եւ ցեղասպանութիւն»: «Իրաքի ամերիկեան բռնագրաւումը եւ իսլամական աշխարհի ներքին խնդիրները ազդակներ են, որոնք շրջանին մէջ Իսրայէլի յառաջխաղացքին ճամբան հարթեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սիոնականութիւնը այսօր աշխարհի գրեթէ բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ ուժեղ ազդեցութեան տէր դարձաւ»: «Իսլամական աշխարհին մէջ ներկայ մասնատումը աւելի եւս կը քաջալերէ Իսրայէլը, որ...

Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Էրտողան Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու «Պաղեստինցիներուն Դէմ Իսրայէլեան Ջարդին»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ֆրանչիսկոս պապին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին կոչ ուղղեց Իսրայէլի վրայ պատժամիջոցներ հաստատելու` ստիպելու համար, որ դադրեցնէ պաղեստինցիներուն դէմ «ջարդը»: Այս մասին հաղորդեց Թուրքիոյ նախագահական պալատը: «Պաղեստինցիներու ջարդը պիտի շարունակուի, եթէ միջազգային ընտանիքը չպատժէ մարդկութեան դէմ ոճիր գործող Իսրայէլը` անոր դէմ պատժամիջոցներ հաստատելով», ըսած է Էրտողան:

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն  Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի  Կողմերուն Հետ Բանակցութիւնները»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի Կողմերուն Հետ Բանակցութիւնները» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման համար պիտի շարունակեն բանակցութիւններ վարել Իսրայէլի, Պաղեստինի եւ շրջանին մէջ իրենց գործընկերներուն հետ: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Ֆիթրի տօնին առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «Իմ վարչակազմս մտադիր է շարունակել փոխադարձ գործակցութիւնը պաղեստինցիներու, իսրայէլացիներու եւ շրջանի այլ գործընկերներու հետ` շրջանին մէջ կայունութեան հասնելու համար: Մենք նաեւ կը կարծենք, որ պաղեստինցիները եւ...

Միացեալ Նահանգներ Սադրանք Կը Նկատեն  Հայաստանի Սահմաններուն Մօտ  Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներ Սադրանք Կը Նկատեն Հայաստանի Սահմաններուն Մօտ Ազրպէյճանի Գործողութիւնները

Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ Ազրպէյճան Հայաստանի սահմանէն անմիջապէս ետ քաշէ բոլոր զօրքերը եւ հրաժարի սադրանքներէն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժալինա Փորթըր: «Միացեալ Նահանգներ ուշադիր կը հետեւին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող կացութեան եւ չարդարացուած ու անպատասխանատու կը նկատեն «վիճելի շրջաններու մէջ» զօրքերու որեւէ տեղաշարժ», ըսած է Փորթըր` հեռաձայնային...

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Որոշեց  Շարունակել Զինուորական Գործողութիւնը.  «Կազայի Մէջ Ճակատամարտը Կը Շարունակուի  Եւ Ըստ Կարիքի Պիտի Շարունակուի»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Որոշեց Շարունակել Զինուորական Գործողութիւնը. «Կազայի Մէջ Ճակատամարտը Կը Շարունակուի Եւ Ըստ Կարիքի Պիտի Շարունակուի» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը որոշեց Կազայի մէջ շարունակել զինուորական գործողութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ»¬ը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները իրենց կարգին հաղորդեցին. «Քիչ առաջ նախարարաց խորհուրդի ժողովը չքննարկեց Կազայի հետ զինադադարի հարցը, եւ իսրայէլացի կարգ մը պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ երկարատեւ զինադադարը ներկայիս իսրայէլեան կառավարութեան օրակարգին վրայ չէ»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Իսրայէլ յարձակում գործեց Համաս շարժումի հրթիռներուն ու անհատներուն վրայ, եւ...

Թուրքիա Կոչ Կ՛ուղղէ` Պաղեստինցիներու  Պաշտպանութիւնը Ապահովող  Միջազգային Ուժեր Ստեղծելու

Թուրքիա Կոչ Կ՛ուղղէ` Պաղեստինցիներու Պաշտպանութիւնը Ապահովող Միջազգային Ուժեր Ստեղծելու

Թուրքիան կոչ կ՛ուղղէ` պաղեստինցի խաղաղ քաղաքացիներու ֆիզիքական պաշտպանութիւնը ապահովելու համար միջազգային ուժեր ստեղծելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԻՀԿ) արտաքին գործոց նախարարներու երէկ տեղի ունեցած արտակարգ ժողովի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: «Միջազգային ընտանիքը պատասխանատուութիւն կը կրէ պաղեստինցի խաղաղ քաղաքացիներու անվտանգութեան ապահովման համար: Եւ այդ պատասխանատուութեան կարեւոր...

Ազրպէյճանական Բանակը Երէկ Սկսաւ  15 Հազար Զինուորներու  Մասնակցութեամբ Ռազմափորձերու

Ազրպէյճանական Բանակը Երէկ Սկսաւ 15 Հազար Զինուորներու Մասնակցութեամբ Ռազմափորձերու

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ռազմափորձերը սկսած են եւ պիտի աւարտին 20 մայիսին: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն: «Ռազմափորձերուն կը մասնակցին մինչեւ 15 հազար զինուորներ», նշուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Պիտի օգտագործուին նաեւ սպառազինութիւն, պատերազմական օդանաւեր ու ուղղաթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր: Յիշեցնենք, որ 12 մայիսին յայտնի դարձաւ, որ Ազրպէյճան ռազմափորձեր պիտի կատարէ: 4 մայիսին...

Page 353 of 883 1 … 352 353 354 … 883

Արխիւներ