Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«9 Նոյեմբերի Յայտարարութիւնը Կը Վերաբերէր Միայն Լեռնային Ղարաբաղին Եւ Ոչ Թէ Ազրպէյճանի Ու Հայաստանի Պետական Սահմանի Սահմանագծման» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

May 21, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքոյի համաձայն, Մոսկուայի համար նշանակութիւն չունի, թէ արդեօք Ռուսիան պիտի մասնակցի՞ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանի յստակացման հոլովոյթին, թէ՞ ոչ: «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Ռուտենքօ երէկ այս մասին յայտարարած է Քազանի մէջ «Վալտայ» միջազգային քննարկման ակումբի Կեդրոնական Ասիոյ նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին:

«Մեզի համար գլխաւորը այն չէ, թէ քանի՛ մասնակից կայ այս հոլովոյթին մէջ, այլ այն է, որ հարցը լուծուի կարելի եղածին չափ արագ եւ խաղաղ ճամբով: Մեր խնդիրն է կողմերը իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ դնել: Եթէ անոնք կարենան հարցը լուծել երկկողմ ձեւաչափով, մենք միայն համաձայն կ՛ըլլանք», մանրամասնած է Ռուտենքօ` պատասխանելով հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն, թէ սահմանի յստակացումը պէտք է տեղի ունենայ երկկողմ ձեւաչափով:

Բացի ատկէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը շեշտած է, որ 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութիւնը, որ ստորագրած են Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները, «կը վերաբերէր միայն Լեռնային Ղարաբաղին եւ ոչ թէ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման»:

«Այժմ տեղի ունեցող միջադէպը կապ չունի Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Հետեւաբար, ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը չի կրնար այս հարցին մէջ որեւէ դեր ունենալ», վստահեցուցած է Ռուտենքօ:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախապէս յայտարարած էր, որ Ռուսիան ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ առաջարկած է օգնութիւն տրամադրել Պաքուին եւ Երեւանին սահմանային կացութեան կարգաւորման հարցին մէջ եւ հանդէս եկած է հայ-ազրպէյճանական յանձնախումբ ստեղծելու նախաձեռնութեամբ` սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման առնչութեամբ, որուն Ռուսիան կրնայ մասնակցիլ իբրեւ խորհրդատու կամ միջնորդ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կողմերը արդեօք արձագանգա՞ծ են այդ առաջարկին, Ռուտենքօ նշած է, թէ մինչեւ հիմա «ինք տեղեակ չէ անոնց արձագանգին մասին»:

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Լաւրով Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապի Լուծման Հարցը

Յաջորդը

Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Հոլովոյթը Սկսած Է»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.