Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Էրտողան Միջին Արեւելքի Մէջ Յաւելեալ Բռնարարքի Կը Դրդէ. «Բուռն Կերպով Կը Դատապարտենք Էրտողանի Հակասեմական Յայտարարութիւնները, Որոնք Գարշելի Են» Կ՛ըսէ Փրայս

Մայիս 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ դատապարտեցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի «հակասեմական» եւ «գարշելի» յայտարարութիւնները: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:

«Միացեալ Նահանգներ բուռն կերպով կը դատապարտեն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հրեայ ժողովուրդին վերաբերող հակասեմական յայտարարութիւնները, եւ այդ յայտարարութիւնները գարշանք կը պատճառեն», նշեց Փրայս:

«Մենք նախագահ Էրտողանին եւ թուրք այլ պաշտօնատարներուն կոչ կ՛ուղղենք` զերծ մնալու ատելութիւն հրահրող յայտարարութիւններէն, որոնք կրնան յաւելեալ բռնարարքներու յանգեցնել», յայտնեց ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` «միանալու (պաղեստինեւիսրայէլեան) տագնապը դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն»:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ են հակասեմականութեան ու բռնութեան դէմ պայքարի իրենց սկզբունքներուն` աւելցնելով. «Նախագահ Էրտողանի հակասեմական յայտարարութիւնները դատապարտելի են, անոնք միջազգային ասպարէզին մէջ տեղ չունին եւ երբեք ալ չեն ունեցած»:

Նշենք, որ Էրտողան բուռն կերպով քննադատած էր աւստրիական իշխանութիւններուն Վիեննայի մէջ կառավարական կարգ մը շէնքերու վրայ Իսրայէլի դրօշը բարձրացնելու որոշումը:

«Կ՛անիծեմ աւստրիական կառավարութիւնը, որ իսրայէլեան դրօշը բարձրացուց Աւստրիոյ վարչապետի գրասենեակի շէնքին վրայ: Ահաբեկչական պետութեան մը դրօշը պետութեան մը պատկանող շէնքին վրայ բարձրացնելը ահաբեկչութեան հետ նոյնացում է: Կը թուի, թէ Աւստրիան կը փորձէ իսլամներուն ստիպել հրեաներու ցեղասպանութեան գինը վճարել», յայտարարած էր Էրտողան:

Նշենք, որ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը երէկ գրեց. «Թուրքիան հակասեմական հռետորաբանութեամբ գերազանցած է Իրանը, իսկ Էրտողանը պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի կրակին վրայ իւղ կը լեցնէ»:

Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Էրտողանի «անհեթեթ» յայտարարութենէն ետք իր մօտ կանչած է Վիեննայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով ամբողջութեամբ մերժեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Էրտողանի մասին յայտարարութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ «հակասեմականութիւն» հասկացողութեան էութիւնը խեղաթիւրուած է: «Այս եզրը կ՛օգտագործուի իբրեւ պատրուակ` արդարացնելու համար Իսրայէլի գործողութիւնները եւ նուազեցնելու (Իսրայէլի վրայ) ճնշումը` ազգային, կրօնական եւ մշակութային զտման քաղաքականութեան վերաբերեալ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

«Թուրքիոյ ղեկավարին անհիմն մեղադրանքներուն փոխարէն Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պէտք է ջանքեր գործադրեն` դադրեցնելու Իսրայէլի խաղաղ բնակչութեան դէմ հարուածները», ըսաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Էրտողան իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը «պիտի շարունակէ պայքարը աշխարհի վրայ որեւէ տեղի մէջ անիրաւութեան դէմ, եւ եթէ անիրաւութեան դիմադրելուն ու անիրաւուածները պաշտպանելուն համար պէտք է գին վճարել, ապա պիտի չտատամսի զայն վճարելու»:

Նախորդը

«Պայտըն Նեթանիահուին Յայտնեց Իր Սպասումը, Որ Այսօրուընէ Սկսեալ Մագլցումը Կը Նուազի» Երէկ Հաղորդեց Սպիտակ Տունը

Յաջորդը

Հնդկաստան Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Է Ետ Քաշելու Զօրքերը Հայաստանի Սահմաններէն Եւ Զերծ Մնալու Սադրանքներէն

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?