Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Հոլովոյթը Սկսած Է»

Մայիս 21, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձած է Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան եւ համարկման հարցով ազրպէյճանական կողմի կատարած առաջարկներուն: Ան այս մասին խօսած է «Հարաւային Կովկաս. շրջանային զարգացման եւ համագործակցութեան հեռանկարներ» նիւթով խորհրդաժողովին ընթացքին:

«Մենք կատարած ենք բազմաթիւ առաջարկներ, որոնք կը բխին 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութենէն եւ կ՛առնչուին հաղորդակցութիւններու եւ նոր փոխադրամիջոցային միջանցքներու բացման: Կրնամ ըսել, որ աշխատանքները արդէն սկսած են այս նախագիծին ուղղութեամբ, եւ Ազրպէյճանը արդէն թեքնիք եւ ֆինանսական ներուժ յատկացուցած է: Եւ երբ Զանգեզուրի միջանցքը բացուի, ատիկա նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ շրջանի բոլոր երկիրներուն համար: Ազրպէյճանը բաց է համագործակցութեան եւ միացեալ ապագայի համար: Մենք դրացիներ ենք եւ պէտք է սորվինք դարձեալ կողք-կողքի ապրիլ», յայտարարած է Ալիեւ:

«Մենք  համագործակցութեան առաջարկ ըրած ենք Հայաստանին փոխադրամիջոցային հարցերու շուրջ, մասնաւորաբար` Զանգեզուրի միջանցքի բացման վերաբերեալ, որ պիտի միաւորէ Ազրպէյճանը Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան հետ եւ միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը երկաթուղային կապ պիտի ունենայ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Հոլովոյթը սկսած է, ընթացքի մէջ է: Ատիկա դիւրին չէ, սակայն սկսած է, եւ մենք աջակցութեան կարիք ունինք թէ՛ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներէն, ներառեալ Միացեալ Նահանգներէն, շրջանի երկիրներէն, ներառեալ Թուրքիան եւ Եւրոպական Միութիւնը: Եւ ցաւալի պիտի ըլլայ, որ Հայաստանը կորսնցնէ այս կարելիութիւնը, ասիկա վերջին կարելիութիւնն է», աւելցուցած է ան:

«Հայաստանի հասարակութիւնը պէտք է համակերպի նոր կացութեան: Մենք արդէն առաջարկ ըրած ենք, սակայն Հայաստանի իշխանութիւնը չէ պատասխանած: Ես բազմիցս ըսած եմ, որ պատրաստ ենք սկսելու աշխատիլ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ` վերջ դնելու պատերազմին, հաւանական զինուորական ճակատումին: Մենք պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր ունենանք, մենք պէտք է Հայաստանի հետ սահմանազատում կատարենք», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:

 

Նախորդը

«9 Նոյեմբերի Յայտարարութիւնը Կը Վերաբերէր Միայն Լեռնային Ղարաբաղին Եւ Ոչ Թէ Ազրպէյճանի Ու Հայաստանի Պետական Սահմանի Սահմանագծման» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Յաջորդը

Պլինքըն Աշքենազիին. «Կազայի Դէմ Յարձակումին Ամերիկեան Զօրակցութիւնը Երկար Պիտի Չտեւէ»

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?