Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լաւրովի Հետ Քննարկած Է Արցախին Վերաբերող Զարգացումները

Մայիս 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մարք Կառնօ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ բանակցութիւններ ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Կողմերը քննարկած են Հիւսիսային բեւեռի եւ Վենեզուելայի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը, Ռուսիա-Ուքրանիա յարաբերութիւններու լարուածութեան ու Խրիմի խնդիրը, ինչպէս նաեւ` անդրադարձ կատարուած է Արցախի շուրջ զարգացումներուն:

Ըստ հաղորդագրութեան, քանատական դիւանագիտութեան պետը վերահաստատած է, որ Օթաուան Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ նուազեցնելու ներկայ լարուածութիւնը, յոյս յայտնած է, որ կողմերը կրնան արդիւնաւէտ ու կառուցողական քայլերու դիմել, ներառեալ` ձերբակալուած անձերու վերադարձի, աճիւններու փոխանակման հոլովոյթներու արագացումը, պատերազմական բոլոր յանցագործութիւններու հետաքննութիւնն ու դատապարտումը, համագործակցութիւնը ականազերծման աշխատանքներու հարցին մէջ:

Կառնօ Լաւրովին ըսած է նաեւ, որ Քանատան պիտի շարունակէ աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի առանցքային դերակատարութեան` տագնապին երկարատեւ լուծման հասնելու հարցին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը 14 մայիսին թուիթըրեան գրառումներ կատարած էր` արձագանգելով Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժելէ ետք ստեղծուած սահմանային կացութեան:

«Մենք մտահոգ ենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան աճի մասին տեղեկութիւններով եւ հայկական տարածք ներխուժման մասին լուրերով: Բոլոր կողմերը կը յորդորենք ամբողջութեամբ յարգելու 9 նոյեմբերին ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնագիրը եւ շարունակելու տեւական ու խաղաղ լուծման բանակցութիւնները:

«Բոլոր քայլերը, որոնք կը խաթարեն զինադադարի դրութիւնը եւ կը սրեն լարուածութիւնը, պէտք է դադրեցուին», գրած է Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը:

 

 

Նախորդը

Ըստ Իրանի Մէջ Համաթրքական Գաղափարախօսութեան Հետեւորդներուն. Երեւանն Ու Թեհրանը Սադրանք Կը Պատրաստեն Պաքուի Դէմ

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատմամշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Հարցը Կը Քննարկուի Թէ՛ Պաքուի, Թէ՛ Երեւանի Հետ» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Նախագահը Պաքու Այցելեց

Յուլիս 14, 2025
Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային  Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը  Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով  Պիտի Շարունակուի»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Հետ Թեհրանի Համագործակցութիւնը Չէ Դադրեցուած, Սակայն Նոր Ձեւաչափով Պիտի Շարունակուի»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?