Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ անօդաչու թռչող սարքերու ռազմակայանի մասին խօսելով յայտնած է. «Շրջանին մէջ որեւէ յարձակումի պարագային մենք պէտք է ուժեղ ըլլանք»: Այս մասին կը հաղորդէ «Կրիք Սիթի Թայմզ»-ը:
«Թուրքիան չի սահմանափակուիր 780 հազար քառակուսի քիլոմեթրով, մեզի համար Թուրքիան ամէնուր է», շեշտած է ան` աւելցնելով, որ այդ պատճառով իրենք քայլերու կը ձեռնարկեն Պաղեստինի, Կիպրոսի, Արեւելեան Միջերկրականի եւ Իրաքի մէջ: