«Եմէնի Մէջ Իրանի Դեսպանը Այլ Պետութեան Մը Պահանջով Թեհրան Չվերադարձաւ, Եւ Ամերիկայի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Չկատարեցինք» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ իր երկիրը «Ամերիկայի հետ որեւէ ուղղակի բանակցութիւն» չկատարեց` նշելով. «Եւրոպական Միութեան Իրանի հետ հիւլէական բանակցութիւններու աւագ բանագնաց Էնրիքէ Մորայի ճամբով բանակցութիւններուն վերաբերեալ կարգ մը պատգամներ մեզի հասան, եւ անոնց պատասխանեցինք»: «Եմէնի մէջ Իրանի դեսպանի այլ պետութեան մը պահանջով Թեհրան վերադառնալուն վերաբերեալ լուրերը եւ տարաձայնութիւնները ճիշդ չեն», ըսաւ ան` շեշտելով. «Իրան...




















