Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եմէնի Մէջ Իրանի Դեսպանը Այլ Պետութեան Մը Պահանջով Թեհրան Չվերադարձաւ, Եւ Ամերիկայի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Չկատարեցինք» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

December 21, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, որ իր երկիրը «Ամերիկայի հետ որեւէ ուղղակի բանակցութիւն» չկատարեց` նշելով. «Եւրոպական Միութեան Իրանի հետ հիւլէական բանակցութիւններու աւագ բանագնաց Էնրիքէ Մորայի ճամբով բանակցութիւններուն վերաբերեալ կարգ մը պատգամներ մեզի հասան, եւ անոնց պատասխանեցինք»:

«Եմէնի մէջ Իրանի դեսպանի այլ պետութեան մը պահանջով Թեհրան վերադառնալուն վերաբերեալ լուրերը եւ տարաձայնութիւնները ճիշդ չեն», ըսաւ ան` շեշտելով. «Իրան յանձնառու է Եմէնի հետ դիւանագիտական աշխատանքով, եւ լուրերը տարածողին համար աւելի լաւ է գիտակցի դիւանագիտական աշխատանքի կարեւորութեան»:

«Բանակցութեան իւրաքանչիւր փուլի ընթացքին ոմանց կողմէ տեղեկատուական պատերազմ կը դիմագրաւենք, եւ եւրոպական եռեակը կը մասնակցի այդ պատերազմին», շեշտեց Խաթիպզատէ` աւելցնելով. «Վիեննայի մէջ ունինք երկու նախագիծեր, որոնց հիմամբ կրնանք բանակցութիւնները շարունակել»:

«Եթէ միւս կողմերը լուրջ ըլլային, ինչպէս վերջին երկու օրուան ընթացքին էին, արդիւնքներու աւելի արագ կրնայինք հասնիլ», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Խաթիպզատէ երէկ յայտնեց, որ Վիեննայի մէջ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին Կաղանդի արձակուրդէն ետք:

 

 

Նախորդը

Պայտըն Նախատեսած Է, Թէ Ռուսիան Ե՛րբ «Պիտի Ներխուժէ» Ուքրանիա

Յաջորդը

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Չինաստան Միացեալ Նահանգներու Հետ Դիմակայումէ Չի Վախնար, Սակայն Կ՛ողջունէ Գործակցութիւնը, Եթէ Ի Շահ Երկու Կողմերուն Է»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.