Խոստանալով Մօտ Օրէն Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւնները Բնականոնացնել` «Իսրայէլի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Մարզերուն Մէջ Յարաբերութիւնները Կը Զարգանան» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահական պալատին մէջ Թուրքիոյ հրէական համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ «Իսլամական պետութիւններու մէջ ռաբբիներու դաշինք»-ի անդամներուն հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ տնտեսական եւ առեւտրական մարզերուն մէջ յարաբերութիւնները կը զարգանան: Ան նաեւ խոստացաւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները մօտ օրէն բնականոնացնել: «Թուրքիոյ մեծագոյն փափաքը Միջին Արեւելք մըն է, ուր բոլոր կրօնական համայնքները, տարբեր ցեղային ու ազգային...




















