Միացեալ Նահանգներու ազգային արխիւը նախագահ Ճոն Քենետիի սպանութեան վերաբերեալ գործի հետաքննութեան առնչուող փաստաթուղթերու նոր քանակ հրապարակած է:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ոճիրի հանգամանքները յստակացնելու համար, ըստ արխիւային փաստաթուղթերու, ստուգուած են համայնավարներու եւ ազատականներու վերաբերեալ տուեալները:
Հնագոյն փաստաթուղթը թուագրուած է 1941 թուականի հոկտեմբերի 11-ին: Ատոր մէջ կ՛ըսուի ամերիկացի միջազգայնագէտ Էտուըրտ Քարթըրի` ուղեւորութեան մասին Լոս Անճելըս, ուր կը նախատեսուէր քննարկել օգնութիւնը Ռուսիոյ հարցով յանձնախումբին, որ ստեղծուած էր մէկ տարի առաջ:
Հանդիպումը կազմակերպելու խորհուրդ տուած էր Հըրպըրթ Պիպըրմընը, որ 1938 թուականին մասնակցած էր նացիականութեան դէմ հոլիվուտեան լիկայի աշխատանքներուն: 1940 թուականի սեպտեմբերին զինք կը կոչէին համայնավարական ճակատի կողմնակից:
Միացեալ Նահանգներու 35-րդ նախագահ Ճոն Քենետին սպաննուած է 22 նոյեմբեր 1963-ին, երբ բաց տանիքով ինքնաշարժով նախընտրական երթ կը կատարէր Թեքսաս նահանգի Տալաս քաղաքի փողոցներէն մէկուն մէջ: Քոնկրեսի ստեղծած յանձնախումբը բացայայտած էր, որ Քենետին սպաննողը նախկին նաւաստի Լի Հարվի Օսուոլտն է:
Օսուըլտի վրայ կրակած էին անոր ձերբակալութենէն երկու օր ետք: Զինք սպաննած էր գիշերային ակումբի սեփականատէր Ճեք Ռուպին, որ երեք տարի ետք մահացած է թոքերու քաղցկեղէն: