Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաները, Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը սկզբունքով համաձայն են զինադադարով աւարտած Քորէական պատերազմի (1950-1953) պաշտօնական աւարտը յայտարարելու մասին: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ինը:
Ան աւելցուցած է, որ բանակցութիւնները, սակայն, տակաւին չեն սկսած Հիւսիսային Քորէայի պահանջներուն պատճառով:
Քորէական պատերազմը թերակղզին բաժնած է երկու մասի: Համապատասխանաբար Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը վայելող Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաները թեքնիք առումով պատերազմական վիճակի եւ լարուած յարաբերութիւններու մէջ են:
Հարաւային Քորէայի նախագահը Հիւսիսային Քորէայի հետ յարաբերութիւնները դարձնելով իր նախագահութեան հիմնաքարը, երկար ժամանակ զօրակցած է տագնապի աւարտի պաշտօնական յայտարարութեան: Սակայն դէտերու կարծիքով` ատոր հասնիլը շատ դժուար պիտի ըլլայ:
Սեպտեմբերին Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի քոյրը` Քիմ Եօ Ճոնը յայտնած էր, որ իր երկիրը կրնայ դրական տրամադրուած ըլլալ բանակցութիւններուն, սակայն միայն այն պարագային, երբ Միացեալ Նահանգներ հրաժարին իրենց դէմ «թշնամական քաղաքականութենէն»:
Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն երկուշաբթի օր յայտնած է, որ Հիւսիսային Քորէան կը շարունակէ այս պահանջը ներկայացնել իբրեւ քննարկումներու նախապայման:
«Ատոր պատճառով մենք չենք կրնար նստիլ հռչակագիրի շուրջ քննարկման կամ բանակցութեան… յոյսով ենք, որ բանակցութիւնները պիտի սկսին», ըսած է ան:
Հարաւային Քորէայի ղեկավարը նախապէս կը պնդէր, որ պատերազմի աւարտին մասին պաշտօնական յայտարարութիւնը Հիւսիսային Քորէան պիտի խրախուսէ հրաժարելու իր հիւլէական զէնքէն: