Փարիզի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Մեշքով յայտնեց. «Տարբեր հարցերու շուրջ հիմնական բոլոր համաձայնութիւնները ունինք, ներառեալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ անձնական հանդիպումի մը շուրջ: Ֆրանսայի նախագահին կարգն է Ռուսիա այցելելու»:
«Բացառապէս գործնական առումով` տակաւին այս հարցը չքննարկուեցաւ. կարելի է ըսել, որ երկու կողմերուն միջեւ այդպիսի ժողովի մը կարեւորութեան շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն կայ, սակայն տակաւին ճշգրիտ կերպով չէ ճշդուած, նաեւ «Քորոնա»-ին առնչուած վտանգաւոր կացութեան պատճառով», ըսաւ Ռուսիոյ դեսպանը: