Միջազգային

Իսրայէլ Եւ Ազրպէյճան Անվտանգութեան  Ուժերու Միացեալ Մարզումներ Կատարած Են

Իսրայէլ Եւ Ազրպէյճան Անվտանգութեան Ուժերու Միացեալ Մարզումներ Կատարած Են

Իսրայէլի դեսպանատունն ու Ազրպէյճանի անվտանգութեան ուժերը միացեալ մարզումներ կատարած են: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւնը հրապարակուած է Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան թուիթըրեան էջին վրայ: «Ազրպէյճանի անվտանգութեան ուժերուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք անփոփոխ նուիրուածութեան եւ վճռականութեան համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: Կը նշուի, որ միացեալ մարզումներուն նպատակը եղած է անվտանգութեան ոլորտի համագործակցութեան ընդլայնումն ու ամրապնդումը:  

«Իրանը Իր Ազգային Անվտանգութեան Առնչուող  Հարցերուն Մէջ Ոեւէ Մէկուն Զիջում Պիտի Չկատարէ»  Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դատապարտած Է Իսրայէլի Վարչապետին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը կը խարխլէ շրջանի անվտանգութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իրանի կառավարութեան կայքին: «Խաթիպզատէ նկատողութիւն կատարած է Իսրայէլի վարչապետին` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութեան առնչութեամբ: Անոր համաձայն, նման քայլերը կը խարխլեն շրջանի անվտանգութիւնը եւ կը կատարուին շրջանի մարդոց ու...

Էրտողանն Ու Անոր Որդին Յատուկ Ճամբարներու Մէջ  Կը Մարզեն Ժիհատականներ,  Որոնց Շարքին` Ռուսիոյ Դեսպանը Սպաննողը

Էրտողանն Ու Անոր Որդին Յատուկ Ճամբարներու Մէջ Կը Մարզեն Ժիհատականներ, Որոնց Շարքին` Ռուսիոյ Դեսպանը Սպաննողը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ընտանիքին կողմէ ղեկավարուող թրքական հիմնադրամի գաղտնի արխիւէն լուսանկարներու արտահոսքը բացայայտած է գոյութիւնը ժիհատական ճամբարներու, որոնք հաւաքած են երիտասարդներ Թուրքիայէն, Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական սփիւռքէն: Այս մասին կը գրէ «Նորտիքմոնիթըր»-ը: Լուսանկարին մէջ պատկերուած են երիտասարդներ` ժիհատականներու պաստառներու տակ, հոգեւորականներու դասախօսութիւններու ժամանակ եւ ցուցամատը վերեւ, որ Աստուծոյ հետ միասնութեան խորհրդանիշ է. այդպէս կը կատարէին «Քայիտա»-ի...

Ամերիկացի Զինուորներ Ուղղաթիռներով  Էջք Կատարած Են Տէր Զօրի Մէջ

Ամերիկացի Զինուորներ Ուղղաթիռներով Էջք Կատարած Են Տէր Զօրի Մէջ

Ամերիկացի զինուորներ երկուշաբթի արշալոյսին ուղղաթիռներով էջք կատարած են Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանի Պուսէյրա քաղաքին մէջ, ուր երեք անձեր` ուսուցիչ մը եւ անոր երկու զաւակները սպաննած են ու շարք մը այլ անձեր իրենց հետ տարած: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Նշենք, որ ասիկա այս ամսուան ընթացքին իր տեսակին մէջ ամերիկեան ուժերու երկրորդ նմանօրինակ գործողութիւնն է, իսկ անցեալ...

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն  Եւ Սէուտական Արաբիայէն Պաշտօնատարներու Հետ  Ժողովներ Գումարեցի, Եւ Կարգ Մը Սխալ  Հասկացողութիւններ Լուծուեցան»  Կ՛ըսէ Զօր. Պաքերի

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Եւ Սէուտական Արաբիայէն Պաշտօնատարներու Հետ Ժողովներ Գումարեցի, Եւ Կարգ Մը Սխալ Հասկացողութիւններ Լուծուեցան» Կ՛ըսէ Զօր. Պաքերի

Իրանեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մոհամետ Պաքերի Թեհրանի մէջ Օմանեան բանակի սպայակոյտի պետի օգնական Ապտել Ազիզ Մունզիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Սէուտական Արաբիայէն պաշտօնատարներու հետ ժողովներ գումարեցի, եւ մեր եւ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող կարգ մը սխալ հասկացողութիւններ լուծուեցան»: «Մենք պատրաստ ենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ մեր փորձառութիւնը ներկայացնելու օմանեան կողմին», նշեց ան` աւելցնելով. «Շրջանին մէջ...

Իսրայէլի Վարչապետը Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններ Այցելելով Հանդիպում  Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ

Իսրայէլի Վարչապետը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Այցելելով Հանդիպում Ունեցաւ Ապու Տապիի Գահաժառանգին Հետ

Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետի հետ հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի մէջ` վերջինիս անձնական պալատին մէջ: Ասիկա առաջին անգամն է, որ Իսրայէլի վարչապետ մը կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Երկու երկիրները 15 ամիս առաջ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն կնքած էին: Իսրայէլի վարչապետը յայտնեց, որ իր այցելութիւնը շրջանին մէջ «նոր իրականութեան» արտացոլացումն է: «Իմ կարծիքովս` ասիկա շրջանին մէջ...

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ  Տարակարծութիւնները Կը Նուազին»  Կ՛ըսէ Իրանի Աւագ Բանագնացը

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն Մէջ Տարակարծութիւնները Կը Նուազին» Կ՛ըսէ Իրանի Աւագ Բանագնացը

Համաշխարհային հինգ տէրութիւններու հետ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ Իրանի աւագ բանագնաց Ալի Պաղերի Քանի Վիեննայի մէջ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան լրագրողին հետ բացառիկ հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ բանակցութիւններու շրջանակի վերաբերեալ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները կը նուազին: «Տարբեր հարցերու շուրջ երկու կողմերուն դիրքորոշումները իրարմէ տարբեր են», ըսած է ան` սակայն նշած, որ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին երկու կողմերը բանակցութիւններ վարած են...

«Միացեալ Նահանգներ Տարօրինակ Կերպով  Ուքրանիա «Ռուսական Ներխուժման» Նիւթի Պատրանքով  Լեցուած Են. Ատիկա Գոյութիւն Չունի Եւ Չի Կրնար Ունենալ»  Կ՛ըսէ Ռիապքով

«Միացեալ Նահանգներ Տարօրինակ Կերպով Ուքրանիա «Ռուսական Ներխուժման» Նիւթի Պատրանքով Լեցուած Են. Ատիկա Գոյութիւն Չունի Եւ Չի Կրնար Ունենալ» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Միացեալ Նահանգներ տարօրինակ կերպով լեցուած են «ռուսական ներխուժման» նիւթի պատրանքով. ատիկա գոյութիւն չունի եւ չի կրնար գոյութիւն ունենալ, մինչդեռ Ուաշինկթըն չունի ո՛չ բարոյական, ո՛չ ալ քաղաքական իրաւունք` բարձրացնելու այն հարցը, թէ Ռուսիան իր տարածքին մէջ ի՛նչ կ՛ընէ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: «Ամերիկացիները անբացատրելիօրէն լեցուած են այն պատրանքով, որ Ուքրանիա...

«Էրտողանի Որեւէ Խնդրանք, Կարելիութեան Պարագային,  Պիելոռուսիոյ Կողմէ Առանց Առարկութեան Կը Կատարուի»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Էրտողանի Որեւէ Խնդրանք, Կարելիութեան Պարագային, Պիելոռուսիոյ Կողմէ Առանց Առարկութեան Կը Կատարուի» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Թուրքիան Պիելոռուսիոյ համար ամէնէն բարեկամական պետութիւններէն է: Պիելոռուսական «Կփ» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ: Ինչ կը վերաբերի արտաքին քաղաքական համագործակցութեան, ապա, Լուքաշենքոյի համաձայն, շատ հարցերու մէջ Պիելոռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումները նման են: «Միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ խնդիրներ չկան: Մենք իրարու կ՛աջակցինք: Թուրքիան Պիելոռուսիոյ համար ամէնէն բարեկամական պետութիւններէն...

«Ամերիկացի, Եւրոպացի Եւ Արաբ Պաշտօնատարներու  Մօտ Դամասկոսի Հետ Հաղորդակցիլ  Սկսելու Տրամադրութիւն Նկատեցի»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Պատուիրակը

«Ամերիկացի, Եւրոպացի Եւ Արաբ Պաշտօնատարներու Մօտ Դամասկոսի Հետ Հաղորդակցիլ Սկսելու Տրամադրութիւն Նկատեցի» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Պատուիրակը

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի պատուիրակ Կիր Փեթերսոն Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Արաբ, ամերիկացի եւ եւրոպացի պաշտօնատարներու հետ քննարկումներուս ընթացքին Սուրիոյ հետ աստիճանաբար հաղորդակցութեան սկսելու կարելիութեան նկատմամբ տրամադրութիւն նկատեցի»:

«Ուքրանիոյ Դէմ Ռուսիոյ Մագլցողական Քայլը  Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ»   Կ՛ըսէ «Եօթներու Խմբակ»-ը

«Ուքրանիոյ Դէմ Ռուսիոյ Մագլցողական Քայլը Ծանր Հետեւանքներ Պիտի Ունենայ» Կ՛ըսէ «Եօթներու Խմբակ»-ը

«Եօթներու խմբակ»-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Ռուսիայէն պահանջեցին դադրեցնել մագլցողական քայլերը եւ վերադառնալ դիւանագիտական հուն, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ հարցին: Արտաքին գործոց նախարարները իրենց ժողովի աւարտին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեցին, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ մագլցողական քայլը «ծանր հետեւանքներ» պիտի ունենայ: «Մենք միասնակամ ենք ռուսական զինուորական կուտակումներու դատապարտման եւ Ուքրանիոյ նկատմամբ թշնամական հռետորաբանութեան դէմ: Ռուսիան պէտք է գիտակցի,...

Ըստ Իսրայէլի Վարչապետի Գրասենեակին.  Պենեթ Մոհամետ Պըն Զայետի Հրաւէրով  Կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Ըստ Իսրայէլի Վարչապետի Գրասենեակին. Պենեթ Մոհամետ Պըն Զայետի Հրաւէրով Կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակի բանբեր Օվիր Կենտլման յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ (երկրէն) պիտի մեկնի Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայետի հրաւէրով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ առաջին պաշտօնական այցելութիւն տալու համար»: Ան ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած յայտարարութեամբ մը նշեց. «Երկու երկիրները, որոնք վաղը հանդիպում պիտի ունենան, պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւնները խորացնելու հարցը, մասնաւորաբար տնտեսական ոլորտի եւ շրջանային հարցերու մէջ, ինչ որ պիտի...

Երկու Օրուան Մէջ Աւելի Քան 30 Պտտահողմեր  Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Եւ Կեդրոնական  Շրջաններուն Մէջ Աղէտ Կը Պատճառեն

Երկու Օրուան Մէջ Աւելի Քան 30 Պտտահողմեր Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Եւ Կեդրոնական Շրջաններուն Մէջ Աղէտ Կը Պատճառեն

Միացեալ Նահանգներու ափերուն վրայ ծովամրրիկներու պատճառով ուրբաթ եւ շաբաթ օր շարք մը կործանարար պտտահողմեր ձեւաւորուած են երկրի հարաւային եւ կեդրոնական շրջաններուն մէջ` պատճառելով բազմաթիւ աւերներ: Բազմաթիւ տուներ վերածուած են աւերակներու, պաշտօնական տուեալներով` բնական աղէտի պատճառով միայն Քենթաքի նահանգին մէջ զոհերուն թիւը աւելի քան 100 է: Կատարուածը կը նկարագրուի իբրեւ Քենթաքիի պատմութեան մէջ «ամէնէն ուժեղ պտտահողմը»: Ուժեղ քամիներու եւ պտտահողմերու պատճառով...

Ուքրանիա – Ռուսիա Լարուածութեան Հարցով.  Պայտըն Զելենսքիի Եւ Արեւելեան Եւրոպական  Երկիրներու 9 Ղեկավարներու Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է

Ուքրանիա – Ռուսիա Լարուածութեան Հարցով. Պայտըն Զելենսքիի Եւ Արեւելեան Եւրոպական Երկիրներու 9 Ղեկավարներու Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ուքրանացի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ, որ տեւած է աւելի քան մէկ ժամ: «Նիւ Եորք Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Զելենսքիի հետ 76 վայրկեան տեւած զրոյցէն ետք, Պայտըն 40 վայրկեան տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է ՕԹԱՆ-ի` Արեւելեան Եւրոպայի անդամ երկիրներէն 9-ի ղեկավարներուն հետ: Պայտընի վարչակազմի ներկայացուցիչ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին...

Թեհրան. «Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցած  Նոր Հանդիպումը Ցոյց Տուած Է Կողմերուն  Առաւել Կառուցողական Տրամադրուածութիւնը»

Թեհրան. «Վիեննայի Մէջ Տեղի Ունեցած Նոր Հանդիպումը Ցոյց Տուած Է Կողմերուն Առաւել Կառուցողական Տրամադրուածութիւնը»

Վիեննայի մէջ իրանեան հիւլէական գործարքի վերականգնման նուիրուած բանակցութիւններու 7-րդ փուլի ծիրին մէջ տեղի ունեցած նոր հանդիպումը ցոյց տուաւ, որ կողմերը առաւել լուրջ տրամադրուած են: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերին, որ բանակցութիւններուն մէջ կը գլխաւորէ իրանեան պատուիրակութիւնը: «Իմ կարծիքովս, դիմացի կողմը աւելի լուրջ տրամադրուած է արդիւնաւէտ բանակցութիւններ վարելու եւ արդիւնքի...

«Իրաքի Մէջ 2500 Զինուոր  Պիտի Պահենք»  Կ՛ըսէ Զօր. Մքենզի

«Իրաքի Մէջ 2500 Զինուոր Պիտի Պահենք» Կ՛ըսէ Զօր. Մքենզի

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ֆրանք Մքենզի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն 2500 զինուորի հասնող իր ներկայ ուժերը պիտի պահէ Իրաքի մէջ` զգուշացնելով ահաբեկչական յարձակումներու աճէն: Ան «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Հակառակ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու դերակատարութեան ոչ մարտական առաքելութեան փոխուելուն, անոնք պիտի շարունակեն Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման դէմ կռիւին մէջ օդային աջակցութիւն եւ այլ զինուորական...

Իրաք Միջազգային Դաշինքի Զօրքերու  Հեռացման Մեկնարկը Կը Յայտարարէ

Իրաք Միջազգային Դաշինքի Զօրքերու Հեռացման Մեկնարկը Կը Յայտարարէ

Իրաքի իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարած են Իրաքի տարածքին մէջ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած ահաբեկչութեան դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի մարտական խնդիրներու աւարտի եւ երկրէն դաշինքի մարտական զօրամասերը հեռացնելու մասին: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ երէկ այս մասին յայտնած է Իրաքի «Սումերիա» պատկերասփիւռի կայանը: Վերջինս կը նշէ, թէ Իրաքի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը «Իրաքի մէջ դաշնակից ուժերու մարտական առաքելութեան աւարտի եւ երկրէն (մարտական զօրամասերու) հեռացումը»...

Ռայիսի Եւ Էրտողան Քննարկած Են Շարք Մը  Ոլորտներու Եւ Շրջանին Մէջ  Համագործակցութիւնը

Ռայիսի Եւ Էրտողան Քննարկած Են Շարք Մը Ոլորտներու Եւ Շրջանին Մէջ Համագործակցութիւնը

«Մենք կը պնդենք, որ շրջանի խնդիրները պէտք է լուծուին շրջանի երկիրներուն մէջ եւ շրջանի երկիրներուն աշխուժ մասնակցութեամբ, արտաքին միջամտութեան կարիք չկայ»: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին: «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հիմնական միջոցը երկիրներու գերիշխանութիւնը յարգելն է, եւ հաշուի առնելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին...

«Թուրքիան Պատրաստ Է Լարուածութեան  Մեղմացման Համար Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ  Միջնորդութիւն Կատարելու»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Պատրաստ Է Լարուածութեան Մեղմացման Համար Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարելու» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ գաղտնի սպասարկութիւնը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ ազդու դերակատարութիւն պիտի ունենան, եւ նոյն հարցը կը վերաբերի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն»: «Թուրքիան պատրաստ է լարուածութեան մեղմացման համար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ միջնորդութիւն կատարելու» յայտարարեց Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ նշեց. «Դրամատնային ոլորտի հսկողութեան մարմինը փոխարժէքի գիներուն հետ խաղալու հարցին...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ  Երկիրները Անընդունելի Կը Նկատեն Սահմանային  Վէճերու Լուծման Հարցին Մէջ  Ուժի Կիրարկումը Կամ Սպառնալիքը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահ Երկիրները Անընդունելի Կը Նկատեն Սահմանային Վէճերու Լուծման Հարցին Մէջ Ուժի Կիրարկումը Կամ Սպառնալիքը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան, որոնք կը ներկայացնեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահ երկիրները, աջակցութիւն յայտնած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ անմիջական երկխօսութեան վերականգնման: Համանախագահ երկիրները կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն շարունակելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ երկխօսութիւնը, որ...

Page 295 of 883 1 … 294 295 296 … 883

Արխիւներ