Անդրկովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան շուրջ Ժնեւեան միջազգային բանակցութիւններու 55-րդ փուլին ընթացքին, որ 7-8 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Ժընեւի մէջ, աբխազական կողմը վրացական պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն առաջարկած է Վրաստանի հետ պետական սահմանի սահմանագծման ընթացակարգի սկսիլ` հետագայ սահմանազատումով:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ «նշուած է, որ սահմաններու շուրջ համաձայնութեան գոյացման հոլովոյթը պիտի արտօնէ բազմաթիւ հարցեր լուծել եւ կարգաւորել պաշտօնապէս սահմանուած անցակէտերու ճամբով պետական սահմանը կտրելու ընթացակարգը»:
Սուխումի ներկայացուցիչները նշած են, որ կը շարունակեն արձանագրել Վրաստանի քաղաքացիներու կողմէ աբխազա-վրացական սահմանը կտրելու դրութիւնը խախտելու առնչուած կանոնաւոր փաստեր:
Ինչպէս կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, «աբխազական կողմը անգամ մը եւս մտահոգութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի միւս երկիրներու ուղղակի աջակցութեամբ Վրաստանի զինուորական ներուժի ուժեղացման վերաբերեալ»:
«Առանձին ուշադրութեամբ ընդգծուած է Միացեալ Նահանգներու եւ Վրաստանի միջեւ երկկողմանի ռազմական-արհեստագիտական փոխադարձ գործակցութիւնը, ամերիկեան մարտանաւերու Սեւ ծովու ջրատարածք կանոնաւոր մուտքը, օտարերկրեայ քաղաքացիներու եւ մարտանաւերու կողմէ Աբխազիոյ Հանրապետութեան օդային տարածքի մնայուն խախտումը, ինչպէս նաեւ Վրաստանի Հիւսիս ատլանտեան դաշինքին համարկման հեռանկարները: Ընդգծուած է, որ լարուածութեան մագլցումի նմանօրինակ աճը լուրջ սպառնալիքներ կը ստեղծէ շրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան համար», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
Անդրկովկասի անվտանգութեան եւ կայունութեան շուրջ ժընեւեան միջազգային բանակցութիւններու յաջորդ` 56-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ 29-30 մարտ 2022-ին: