Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սպանիան Որոշած Է Թուրքիոյ Յարձակողական Զէնք Չմատակարարել» Կ՛ըսէ Տենտիաս

Դեկտեմբեր 16, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպանիան Յունաստանին հաւաստած է, որ Թուրքիոյ յարձակողական սպառազինութիւն պիտի չմատակարարէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, կը յայտնէ, որ այս մասին Աթէնքի մէջ իր սպանացի պաշտօնակից Խոսէ Մանուէլ Ալվարեսի հետ հանդիպումէն ետք յայտնած է Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը:

Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը կայացած է 14 դեկտեմբերի երեկոյեան: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը խիստ կերպով քննադատած է Թուրքիան:

«Այսօրուան Թուրքիան Միջերկրական ծովուն մէջ ապակայունացման գործօն է, իսկ ատիկա «քասուս պելլի»-ի (պատերազմի դրդապատճառ, «Ա.») դրսեւորում է` Յունաստանի դէմ պատերազմի սպառնալիքի մասին յայտարարութիւն: Ասիկա աննախադէպ բան է: Թուրքիան մոլորակի միակ երկիրն է, որ այլ երկրի դէմ պատերազմի սպառնալիք կը հնչեցնէ նոյնիսկ այն պարագային, երբ այդ երկիրը իր օրինական իրաւունքը կը գործադրէ», նշած է Տենտիաս:

Անգարա նախապէս յայտարարած էր, որ իր տարածքային ջուրերը 6-էն 12 մղոնի ընդլայնելու Աթէնքի որոշումը կրնայ պատերազմի դրդապատճառ դառնալ, որովհետեւ ատիկա «կը խախտէ Թուրքիոյ ազգային գերիշխանութիւնը»:

Յունական դիւանագիտութեան պետը այս առնչութեամբ մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ հետ զինուորական համագործակցութիւնը աշխուժացնելու Սպանիոյ մտադրութեան նկատմամբ:

«Ես ընդգծած եմ, որ 2008 թուականէն սկսեալ` զինուորական ճարտարագիտութիւններու արտածումը կարգաւորող ընդհանուր կանոններ սահմանելու մասին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի 8 դեկտեմբեր 2008-ի «Ընդհանուր դիրքորոշում»-ին մէջ անդամ պետութիւնները պարտաւորութիւն ստանձնած են չմատակարարել ճարտարագիտութիւններ ու սարքաւորումներ, զինուորական սպառազինութիւն, որոնք կրնան յարձակողական գործողութիւններու մէջ կամ շրջանային ապակայունացման համար օգտագործուիլ», նշած է Տենտիաս:

Նախարարը յայտնած է, որ իր սպանացի պաշտօնակիցէն հաւաստումներ ստացած է, որ Սպանիան գործած է եւ միշտ պիտի գործէ եւրոպական որոշումներու ծիրին մէջ:

Տենտիաս խոստացած է ի պատասխան աջակցիլ Սպանիոյ այն խնդիրներուն լուծման, որոնց երկիրը կրնայ բախիլ: Ան աւելցուցած է, որ Յունաստանը յոյս ունի Սպանիոյ հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելու:

Յիշեցնենք, որ Յունաստան մտահոգուած էր Թուրքիոյ եւ Սպանիոյ միջեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութեան ընդլայնումով, մասնաւորաբար, անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան ու նաւաշինութեան ոլորտին մէջ: Համագործակցութեան ծրագիրներու մասին յայտարարուած էր 17 նոյեմբերին Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսի միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Աթէնքի կատարած քննադատութենէն ետք Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալվարեսը որոշած է շտապ կերպով այցելել Աթէնք, որպէսզի բացատրէ սպառազինութիւններու մատակարարման մասին Սպանիոյ եւ Թուրքիոյ համաձայնագիրներուն էութիւնը:

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կ՛առաջարկէ Բարեփոխել Շենկենի Շրջանի Կանոնները

Յաջորդը

Սիթի Եօթը Կոլ Զետեղեց Լիծի Բերդին Մէջ

RelatedPosts

«Մենք Մեր Սահմաններուն Վրայ Իսրայէլի  Ներկայութիւնը Պիտի Չհանդուրժենք»  Կ՛ըսէ Յեղափոխական Պահակագունդը
Միջազգային

«Մենք Մեր Սահմաններուն Վրայ Իսրայէլի Ներկայութիւնը Պիտի Չհանդուրժենք» Կ՛ըսէ Յեղափոխական Պահակագունդը

Մայիս 24, 2022
«Իրան Բարձրաստիճան Սպայի  Սպանութեան Վրէժը Պիտի Լուծէ»  Կ՛ըսէ Ռայիսի
Միջազգային

«Իրան Բարձրաստիճան Սպայի Սպանութեան Վրէժը Պիտի Լուծէ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Մայիս 24, 2022
Ռուսիոյ Մէջ Յայտնած Են, Որ Ազովի Ծովուն Կարգավիճակը Այլեւս Փոխուած Է
Միջազգային

Ռուսիոյ Մէջ Յայտնած Են, Որ Ազովի Ծովուն Կարգավիճակը Այլեւս Փոխուած Է

Մայիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In