Թուրքիոյ նոր «Թիւրքսաթ 5Պի.» հեռահաղորդակցութեան արբանեակը յաջողութեամբ արձակուած է տիեզերք: Արձակումը կատարուած է Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Քէյփ Քանավըրըլ հրուանդանի կայանէն:
Տիեզերական սարքը ուղեծիր դուրս բերուած է ամերիկացի միլիառատէր Իլոն Մասքի «ՍփէյսԷքս» ընկերութեան «Ֆալքըն 9» հրթիռին միջոցով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Էրտողան ըսած է. «Իմ եւ թուրք ժողովուրդին անունով կը շնորհաւորեմ պարոն Մասքը եւ «ՍփէյսԷքս» ընկերութիւնը, որոնք տեղի չտուին հակաթրքական լոպիներու շանթաժին եւ ճնշումներուն դիմաց»: