Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած երկկողմանի հանդիպումի ընթացքին քննարկած են Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի նախագահի կայքը:
«Հանդիպումի ընթացքին նշուած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը: Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցեր, տեղի ունեցած է հաղորդակցութիւններու բացման, մարդասիրական հարցերու շուրջ միտքերու փոխանակում», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: