Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլուն Կը Յայտարարէ, Որ Դեսպան Քարլովի Սպանութիւնը Նախապատրաստուած «Ծուղակ» Էր Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններուն Համար

December 20, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուան եւ Անգարան չեն ինկած ծուղակը, որ պատրաստած էին Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան կազմակերպիչները, երկու երկիրներու բարեկամութիւնը կարելի չեղաւ քանդել: Այս մասին ռուս դիւանագէտի սպանութեան 5-րդ տարելիցին առիթով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու:

«Հինգ տարի անցած է նենգ սպանութեան հետեւանքով դեսպան Անտրէյ Քարլովի մահէն, դեսպան Քարլովի վրայ յարձակումը յարձակում էր թուրք-ռուսական բարեկամութեան վրայ: Սակայն Թուրքիան ու Ռուսիան չինկան ծուղակը: Ուստի անոնք, որոնք կ՛ուզէին վնասել թուրք-ռուսական բարեկամութեան, հիասթափուած են», ըսած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Ան աւելցուցած է, որ Քարլովի վրայ յարձակումը ահաբեկչութիւն էր:

Յիշեցնենք, որ Քարլով սպաննուած էր 19 դեկտեմբեր 2016-ին Անգարայի մէջ «Ռուսիան Քարլինինկրատէն Քամաչաթքա` ճամբորդի աչքերով» լուսանկարչական ցուցահանդէսի բացումին ընթացքին: Յարձակումը գործած էր ոստիկան Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշը, որ իր կարգին սպաննուած էր ապահովական ուժերուն կողմէ:

Ռուսիոյ դեսպանի սպանութիւնը կազմակերպելու մեղադրանք առաջադրուած է 28 կասկածելիի, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող կրօնական ղեկավար Ֆեթուլլահ Կիւլենը, որ հերքած է մեղադրանքները:

Մարտին Անգարայի դատարանը Քարլովի սպանութեան գործով վճիռ արձակած է: Ամբաստանեալներէն հինգը դատապարտուած են ցկեանս բանտարկութեան, 8 անձ ստացած է երեք տարի 9 ամիսէն մինչեւ 15 տարուան բանտարկութիւն, 6 ուրիշներ անպարտ հռչակուած են: Հետախուզման մէջ գտնուող յաւելեալ 9 մեղադրեալներ, ներառեալ Կիւլենի գործերը, դատախազութեան պահանջով առանձնացուած են առանձին գործով:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Անգարան Պաշտօնապէս Առաջադրեց Առաջին Նախապայմանը

Յաջորդը

«Իրանի Հետ Բանակցութիւնները Տակաւին Պատժամիջոցներու Ջնջումը Քննարկելու Չհասան» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.