Միջազգային

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Ապացուցէ,  Որ Ուքրանիոյ Կողքին Է»  Կ՛ըսէ Զելենսքի

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Ապացուցէ, Որ Ուքրանիոյ Կողքին Է» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Եւրոպական խորհրդարանը յորդորած է աջակցելու իր երկրի Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու ցանկութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Զելենսքի յատուկ նիստի ընթացքին դիմելով եւրոպացի երեսփոխաններուն պնդած է, որ Ուքրանիան կը պայքարի Եւրոպայի լիիրաւ անդամ դառնալու համար: «Կը կարծեմ, որ այսօր մենք բոլորին ցոյց կու տանք, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք եւ ինչի՛ կը ձգտինք: Եւրոպական Միութիւնը, անկասկած, մեզի...

Էրտողան. «Մենք Անընդունելի Կը Նկատենք  Ռուսիոյ Յարձակումը, Կ՛ողջունենք Ուքրանիոյ  Ղեկավարութեան Եւ Ժողովուրդին Մղած Պայքարը»

Էրտողան. «Մենք Անընդունելի Կը Նկատենք Ռուսիոյ Յարձակումը, Կ՛ողջունենք Ուքրանիոյ Ղեկավարութեան Եւ Ժողովուրդին Մղած Պայքարը»

Անգարան վճռական է` կիրարկելու Մոնթրէոյի հռչակագիրին կէտերը եւ փակելու Վոսփորի ու Տարտանելի նեղուցները ռուսական եւ ուքրանական մարտանաւերուն համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Մենք վճռական ենք` կիրարկելու Մոնթրէոյի հռչակագիրով նեղուցներու մէջ նաւերու երթեւեկի հարցին մէջ մեզի տրուած լիազօրութիւնները, որպէսզի կանխարգիլենք ճգնաժամի խորացումը: Ինչպէս միշտ ըսած ենք, կողմ ենք Ուքրանիոյ գերիշխանութեան,...

Զելենսքի Տուն Կանչած Է Վրաստանի  Եւ Խըրխըզիստանի Մէջ Ուքրանիոյ Դեսպանները

Զելենսքի Տուն Կանչած Է Վրաստանի Եւ Խըրխըզիստանի Մէջ Ուքրանիոյ Դեսպանները

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ տուն կանչած է Վրաստանի եւ Խըրխըզիստանի մէջ իր երկրի դեսպանները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Պատժամիջոցներու նկատմամբ ոչ բարոյական դիրքորոշման համար անյապաղ ետ կը կանչենք  Վրաստանի դեսպանը», ըսած է Զելենսքի իր տեսաուղերձին մէջ: Յիշեցնենք, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի յայտարարած էր, որ իր երկիրը պիտի չմիանայ Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքին հաստատած ելեւմտական ու...

Ալիեւ Կը Խօսի Ազրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա  Ձեւաչափի Կարելիութեան Մասին

Ալիեւ Կը Խօսի Ազրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա Ձեւաչափի Կարելիութեան Մասին

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է Ազրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա համագործակցութեան եռակողմ ձեւաչափ ստեղծելու կարելիութեան մասին: Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, ռուս-ազրպէյճանական դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրը պատմական փաստաթուղթ է, այժմ Պաքուն հետաքրքրուած է ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ Ռուսիոյ հետ եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութեամբ: Ալիեւ նշած է, որ Ազրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա համագործակցութեան եռակողմ ձեւաչափը տակաւին ձեւակերպուած չէ` արտաքին գործոց նախարարներու եւ նախագահներու մակարդակով հանդիպումներ տակաւին չեն կայացած,...

Պիելոռուսիոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական  Բանակցութիւններ

Պիելոռուսիոյ Մէջ Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններ

Ռուսական եւ ուքրանական պատուիրակութիւններ երէկ հասան Ուքրանիա-Պիելոռուսիա սահմանին վրայ գտնուող Կոմել մարզ` երկու երկիրներուն միջեւ տագնապին սկիզբէն 5 օր ետք առաջին անգամ ըլլալով դէմ առ դէմ բանակցութիւններու համար: Ուքրանական պատուիրակութեան անդամները բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ կասկած յայտնեցին, որ վերջիններս վերջ կրնան տալ տագնապին: Ըստ «Սի.Պի.Էս.»-ին, ուքրանական կողմի հիմնական պահանջները եղած են անմիջական զինադադարի հաստատումն ու ռուսական ուժերու Ուքրանիայէն հեռացումը: Աւելի քան...

Թուրքիա Ռուսիոյ Թոյլատրած Է Սկսիլ «Թրքական Հոսք» Խողովակաշարի Հետազօտական Աշխատանքներուն

«Կազփրոմ» Ռուսիայէն Չինաստան Տարեկան 50 Միլիառ Խորանարդ Մեթր Կազի Փոխադրման Խողովակաշարի Ծրագրման Համաձայնութիւն Ստորագրեց

Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը Մոնկոլիոյ ճամբով Ռուսիայէն Չինաստան տարեկան 50 միլիառ խորանարդ մեթր, այսինքն` Ռուսիայէն Գերմանիա խողովակաշարին համազօր կազի փոխադրման խողովակաշարի ծրագրման համաձայնութիւն ստորագրած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը: «Կազփրոմ» նշեց, որ իրեն պատկանող ընկերութիւններէն մէկը` «Սոյուզ Վոսթոք», խողովակաշարի կառուցման համար ծրագրման աշխատանքներու գործադրման համաձայնութիւնը կնքած է «Կազփրովոտ Սոյուզ Վոսթոք» ընկերութեան հետ:    

Զելենսքի. «Ուքրանիան Կոչ Կ՛ուղղէ`  Զինք Անմիջապէս  Եւրոպական Միութեան Միացնելու»

Զելենսքի. «Ուքրանիան Կոչ Կ՛ուղղէ` Զինք Անմիջապէս Եւրոպական Միութեան Միացնելու»

Ուքրանիան Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է` անմիջապէս զինք ընդունելու Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ երէկ առաւօտեան տեսաուղերձով յայտարարած է երկրի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: «Մենք Եւրոպական Միութեան կը դիմենք նոր յատուկ ընթացակարգով Ուքրանիոյ անյետաձգելի անդամակցութեան խնդրանքով», յայտարարած է ան: Զելենսքի վստահութիւն յայտնած է, որ նման որոշումը արդարացի է, եւ որ ուքրանացիները ատոր արժանացած են: Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան...

Աքար Դարձեալ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է  Իր Ուքրանացի Պաշտօնակիցին Հետ

Աքար Դարձեալ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Իր Ուքրանացի Պաշտօնակիցին Հետ

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար դարձեալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Օլեքսի Ռեզնիքովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթի կայքը: Կողմերը քննարկած են Ուքրանիոյ տարածքին մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններուն մանրամասնութիւններն ու ներկայ կացութիւնը: Աքար զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ աշխատիլ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ` միեւնոյն ժամանակ շարունակելով Ուքրանիոյ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը:...

Պլինքըն Եւ «Եօթներու Խմբակ»-ի Անոր Գործընկերները Պիտի Աջակցին Ուքրանիոյ

Պլինքըն Եւ «Եօթներու Խմբակ»-ի Անոր Գործընկերները Պիտի Աջակցին Ուքրանիոյ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններու պատասխանի հարցը քննարկած է «Եօթներու խմբակ»-ի երկիրներու` Քանատայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ճափոնի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն եւ եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարին հետ: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ինթերֆաքս»-ին, կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ անոնց միացած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց...

Ղարիպաշվիլին Բացատրած Է, Թէ Ինչո՛ւ Վրաստանը  Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Չի Կիրարկեր

Ղարիպաշվիլին Բացատրած Է, Թէ Ինչո՛ւ Վրաստանը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Չի Կիրարկեր

Վրաստան Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ չկիրարկեց, որովհետեւ ատկէ պիտի տուժէ Վրաստանի բնակչութիւնը: «Նովոսթի-Կռուզիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կառավարութեան նիստէն առաջ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի: «Երբ խօսքը պատժամիջոցներու կիրարկման մասին է… Ինձմէ ի՞նչ կը խնդրեն: Որ ես ժողովուրդիս դէմ պատժամիջոցնե՞ր հաստատեմ: Իսկ ո՞վ ատկէ պիտի վնասուի: Մեր բնակչութիւնը, մեր տնտեսութիւնը, աւելի քան մէկ միլիոն մեր հայրենակիցները, որոնք պիտի չկարենան...

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Ուքրանիոյ  Հարցին Մէջ Միացեալ Բեմագրութեամբ Կը Գործեն»  Կ՛ըսէ Ահմատինեժատ

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Ուքրանիոյ Հարցին Մէջ Միացեալ Բեմագրութեամբ Կը Գործեն» Կ՛ըսէ Ահմատինեժատ

Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կոչած է «Ռուսիոյ ներխուժում»: Ահմատինեժատ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Զելենսքիին եւ անոր ընտանիքին արտասահմանի մէջ ապաստան առաջարկած են, իսկ այդ առաջարկին ան մինչեւ հիմա բացասական պատասխան տուած է: «Ասիկա Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ նախապէս ծրագրուած բեմագրութեան իրագործման համակարգման մասին չի՞ վկայեր», կ՛եզրակացնէ Իրանի...

«Եւրոպան Կրնայ Ականատես Ըլլալ  Վերջին Տարիներու Մեծագոյն  Մարդկային Ճգնաժամին»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովը

«Եւրոպան Կրնայ Ականատես Ըլլալ Վերջին Տարիներու Մեծագոյն Մարդկային Ճգնաժամին» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովը

Եւրոպան կրնայ ականատես ըլլալ աշխարհի վրայ վերջին տարիներու մեծագոյն մարդասիրական ճգնաժամին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս նախազգուշացումը Ուքրանիայէն մարդոց զանգուածային արտագաղթի լոյսին տակ հրապարակած է Եւրոպական յանձնաժողովը: Աւելի քան 360 հազար մարդ արդէն լքած է երկիրը, անոնցմէ 200 հազարը անցած է Լեհաստանի հետ սահմանը: Սակայն Եւրոպական Միութիւնը պէտք է պատրաստուի շատ աւելի մեծ գաղթականական ճգնաժամի: Մարդոց օգնելու համար...

Եւրոպական Միութիւնը Կը Փակէ Օդային Տարածքը Ռուսիոյ Համար Եւ Կը Դադրեցնէ Գործարքները Ռուսիոյ Կեդրոնական Դրամատան Հետ

Եւրոպական Միութիւնը Կը Փակէ Օդային Տարածքը Ռուսիոյ Համար Եւ Կը Դադրեցնէ Գործարքները Ռուսիոյ Կեդրոնական Դրամատան Հետ

Երէկ` կիրակի, 27 փետրուարին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենը Պրիւքսելի մէջ յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է ամբողջութեամբ փակել օդային տարածքը Ռուսիոյ համար` աւելցնելով, որ այս պատժամիջոցը կիրարկելի է ռուսական բոլոր, այդ կարգին նաեւ սեփական օդանաւերուն վրայ: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը յայտնեց նաեւ, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է դադրեցնել Ռուսիոյ Կեդրոնական դրամատան հետ բոլոր գործարքները:  

Ուքրանիան Կ՛առաջարկէ Ռուսիոյ Հետ  Բանակցութիւնները Կատարել Պոլսոյ, Վարշաւայի,  Պաքուի Կամ Պուտափեշթի Մէջ, Սակայն Քիեւի  Պատուիրակութիւնը Ի Վերջոյ  Կը Ներկայանայ Պիելոռուսիա

Ուքրանիան Կ՛առաջարկէ Ռուսիոյ Հետ Բանակցութիւնները Կատարել Պոլսոյ, Վարշաւայի, Պաքուի Կամ Պուտափեշթի Մէջ, Սակայն Քիեւի Պատուիրակութիւնը Ի Վերջոյ Կը Ներկայանայ Պիելոռուսիա

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կ՛առաջարկէ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները Պիելոռուսիոյ մէջ կատարելու փոխարէն Պոլսոյ, Վարշաւայի, Պաքուի կամ Պութափեշթի մէջ կատարել: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը : «Մինսքի մէջ բանակցութիւնները կրնային գումարուիլ, եթէ Ռուսիան պիելոռուսական հողերէն Ուքրանիոյ վրայ յարձակում չգործէր», նշած է Զելենսքի` աւելցնելով. «Անցեալ գիշեր վայրագ էր եւ քաղաքային ենթակառոյցներու ռմբակոծում տեղի ունեցաւ: Ռուսական բանակը ամէն բան յարձակումի...

Էրտողան Պատրաստ Է Մոսկուայի  Եւ Քիեւի Միջեւ Միջնորդ Դառնալու

Էրտողան Պատրաստ Է Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Միջնորդ Դառնալու

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ իր միջնորդական ծառայութիւնները առաջարկած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու վարչութեան պետ Ֆահրեթթին Ալթուն: «Մենք մեր շրջանին մէջ հերթական պատերազմի ականատեսն ենք: Նախագահ Էրտողան պատրաստ է իբրեւ միջնորդ հանդէս գալու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ, որովհետեւ մենք երկու երկիրներուն հետ ամուր յարաբերութիւններ ունինք»,...

Զելենսքի Փութինը Բանակցութեան  Սեղան Կը Հրաւիրէ

Զելենսքի Փութինը Բանակցութեան Սեղան Կը Հրաւիրէ

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Եւրոպան տակաւին կրնայ յարձակումը կասեցնել, եթէ արագ շարժի: Եւրոպական հակազդեցութիւնը անբաւարար է, ինչպէս նաեւ օժանդակութիւնները, մինչ ռուսական հրասայլները յարձակում կը գործեն մեր ժողովուրդին վրայ»: Զելենսքի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հրաւիրեց իրեն հետ բանակցութեան սեղան նստելու, ինչպէս նաեւ եւրոպացի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` ցոյց կատարելու` ստիպելու համար, որ իրենց կառավարութիւնները վճռական որոշումներ որդեգրեն` նշելով. «Ռուսական պատերազմը միայն...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Ուաշինկթըն Պիելոռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Հաստատած Է` Ռուսական Գործողութեան Զօրակցելուն` Համար

Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ հաստատած են Պիելոռուսիոյ 24 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձերու դէմ` ռուսական զինուորական գործողութեան աջակցելնուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Պիելոռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները կը վերաբերին պաշտպանութեան նախարարին եւ Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին, ինչպէս նաեւ պետական երկու մեծ դրամատուներու:  

Իսրայէլ Քնէյթրայի Մօտ Դիրքերու Վրայ  Յարձակում Գործեց

Իսրայէլ Քնէյթրայի Մօտ Դիրքերու Վրայ Յարձակում Գործեց

Իսրայէլ երէկ Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող Քնէյթրա շրջանին մօտ գտնուող դիրքերու վրայ յարձակում գործեց` պատճառելով նիւթական վնասներ: Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց, որ չորեքշաբթի կանուխ առաւօտուն իսրայէլեան բանակը ցամաքէ ցամաք հրթիռներ արձակած է Քնէյթրայի մօտ գտնուող կարգ մը դիրքերու վրայ, ինչ որ պատճառ դարձած է կարգ մը նիւթական վնասներու արձանագրման: ՍԱՆԱ անցեալ հինգշաբթի օր հաղորդած էր, որ Իսրայէլ հրթիռային յարձակում...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յոյսով Է,  Որ 2021-ը Պիտի Դառնայ Համաճարակի  Հետեւանքներէն Ապաքինման Տարի

«Ուքրանիա Գտնուող Ռուսական Ուժերը Խաղաղապահ Ուժեր Չեն» Կ՛ըսէ Կութիերես

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտնեց, որ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ տեղակայուող որեւէ ուժ Մոսկուայի ըսածին համաձայն «խաղաղապահ ուժ» պիտի չըլլայ: Ան նաեւ հերքեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի այն պնդումը, թէ այդտեղ ռուս ազգի զաւակներուն դէմ ցեղասպանութիւն կը գործուի: «Ես լրջօրէն մտահոգուած եմ Ուքրանիոյ առնչուած վերջին իրադարձութիւններէն, ներառեալ շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտման յաճախակի դարձած դէպքերու մասին հաղորդումներէն», ըսաւ ան:...

«Պատրաստ Ենք Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն  Տրամադրելու Լիբանանին` Կառավարութեան Պահանջով»  Շեշտեց Ապտոլլահեան

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն Ընթացքին Նուրբ ու Կարեւոր Փուլի Հասանք» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յոյս յայտնեց, որ բոլոր երկիրները կը գիտակցին երկխօսութեան եւ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը չքայքայելու կարեւորութեան: Ապտոլլահեան Օմանի արտաքին գործոց նախարարին հետ Թեհրանի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ը հրահրեց Ուքրանիոյ տագնապը եւ կացութեան բարդացման նպաստեց: «ՕԹԱՆ-ի օդանաւերուն իրանեան սահմաններուն մօտ թռիչք կատարելը մեզի համար մտահոգութեան աղբիւր է», շեշտեց ան: Անդրադառնալով հիւլէական գործարքին...

Page 279 of 882 1 … 278 279 280 … 882

Արխիւներ