Միջազգային

Չինաստան Ռուսիոյ Գործողութիւնը  Ուքրանիոյ Մէջ «Ներխուժում» Չէ Որակած

Չինաստան Ռուսիոյ Գործողութիւնը Ուքրանիոյ Մէջ «Ներխուժում» Չէ Որակած

Ռուսիան կրնայ առանձին գլուխ ելլել Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան հետ եւ Չինաստանի զինուորական օգնութեան կարիքը չունի: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Խուա Չունյին: «Ռուսիա հզօրութեամբ օժտուած մեծ տէրութիւն է: Անիկա Չինաստանի կամ այլ երկրի աջակցութեան կարիքը չունի», յայտարարած է ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով արեւմուտքցի լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք Պէյճինկ Ուքրանիոյ...

«Քիեւ Կրնայ Ճգնաժամէն Դուրս Գալ` Ճանչնալով  Տոնպասի Հանրապետութիւններուն Ինքնավարութիւնը»  Կ՛ըսէ Ժիւեն

«Քիեւ Կրնայ Ճգնաժամէն Դուրս Գալ` Ճանչնալով Տոնպասի Հանրապետութիւններուն Ինքնավարութիւնը» Կ՛ըսէ Ժիւեն

Ուքրանիոյ ճգնաժամի լուծումը կարելի է, եթէ Քիեւ գործնական կերպով ձեռնարկէ Տոնպասի հանրապետութիւններու լայն ինքնավարութեան ճանաչման քայլերու` Մինսքի համաձայնութիւններուն համապատասխան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի անդամ, Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Հերվէ Ժիւենը: «Ակնյայտ է, որ խաղաղ լուծումը կարելի է Քիեւի արեւելեան շրջաններու ինքնավարութիւնը ճանչնալու արագ համաձայնութեան միջոցով», ըսած է ան:...

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգ. «Իրանի Հետ  Պէտք Է Գոյակցիլ, Իսկ Իսրայէլը Կը Նկատենք  Հաւանական Դաշնակից Մը, Սակայն…»

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգ. «Իրանի Հետ Պէտք Է Գոյակցիլ, Իսկ Իսրայէլը Կը Նկատենք Հաւանական Դաշնակից Մը, Սակայն…»

Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը ամերիկեան «Աթլանթիք» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը դրացիներ են, անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ միւսէն ձերբազատիլ, ուստի լուծումը գոյակցիլն է»: «Իսրայէլը կը նկատենք հաւանական դաշնակից մը, սակայն նախքան այդ, պէտք է պաղեստինցիներուն հետ իր խնդիրները լուծէ», նշեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը:

Քաղաքայիններու Դուրս Բերման Մարդասիրական  Անցքերու Բացման Եւ Ժամանակաւոր Զինադադարի  Հաստատման Շուրջ Ռուս-Ուքրանական Համաձայնութիւններ

Քաղաքայիններու Դուրս Բերման Մարդասիրական Անցքերու Բացման Եւ Ժամանակաւոր Զինադադարի Հաստատման Շուրջ Ռուս-Ուքրանական Համաձայնութիւններ

Ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն մէջ ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մինինսքի յայտնեց. «Քիեւի պատուիրակութեան հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք քաղաքայիններուն ապահով անցքեր բանալու եւ առժամեայ զինադադարի հաստատման կարելիութեան շուրջ: Ուքրանական կողմին հետ մեր գոյացուցած համաձայնութիւնները նկատառելի յառաջդիմութիւն են»: «Մանրամասնօրէն քննարկեցին մարդասիրական եւ զինուորական հարցերը, ինչպէս նաեւ քաղաքական լուծման հեռանկարը», աւելցուց ան: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին, մէջբերելով ուքրանական պատուիրակութենէն անդամի մը խօսքերը հաղորդեց. «Մոսկուա եւ...

Փութին Առաջարկած Է Վաւերացնել ՀԱՊԿ-ի Մէջ «Համակարգող Պետութեան» Կարգավիճակ  Ստեղծելու Արձանագրութիւնը

Փութին Առաջարկած Է Վաւերացնել ՀԱՊԿ-ի Մէջ «Համակարգող Պետութեան» Կարգավիճակ Ստեղծելու Արձանագրութիւնը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Տումայի վաւերացման ներկայացուցած է ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւն կատարելու արձանագրութիւնը, որ կը նախատեսէ «Համակարգող պետութեան» կարգավիճակի ստեղծում: Այդ «համակարգող պետութեան» հովանիին տակ պիտի ձեւաւորուին ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերը` ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցելու համար:  

«Փութին Համաշխարհային Խաղաղութեան  ու Անվտանգութեան Հիմերուն Վրայ Յարձակում  Կը Գործէ Եւ Ոչ Միայն Ուքրանիոյ»  Կ՛ըսէ Պայտըն

«Փութին Համաշխարհային Խաղաղութեան ու Անվտանգութեան Հիմերուն Վրայ Յարձակում Կը Գործէ Եւ Ոչ Միայն Ուքրանիոյ» Կ՛ըսէ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի` Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին պատճառով Ռուսիան դատապարտելու ի նպաստ քուէարկելը «համաշխարհային զայրոյթի տարողութիւնը ցոյց կու տայ»: Ան նշեց, որ աշխարհը «Ռուսիոյ` գերիշխանութիւն ունեցող դրացի երկրի մը վրայ ահաւոր յարձակումէն» զայրացած է: «Այդ զայրոյթը աննախադէպ համաշխարհային միասնականութիւն կը յառաջացնէ», աւելցուց ան: «Աշխարհի երկիրներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը դատապարտէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Ուքրանիոյ...

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են  Դիւանագիտութեան, Եթէ Ռուսիան Զօրքերը  Հեռացնէ Ուքրանիայէն»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Դիւանագիտութեան, Եթէ Ռուսիան Զօրքերը Հեռացնէ Ուքրանիայէն» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Ուքրանիոյ հարցով դիւանագիտութեան, եթէ Ռուսիա զօրքերը հեռացնէ եւ նոյնպէս դիմէ բանակցութիւններու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «Եթէ Ռուսիան իր զօրքերը հեռացնէ եւ պատրաստ ըլլայ բանակցելու, մենք պատրաստ ենք նոյնը ընելու», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը: Պլինքընի համաձայն, Միացեալ Նահանգներ դրական տրամադրուած...

Ըստ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան.  Ուքրանիան Այսօր Կամ Վաղը Կրնայ  Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան  Թեկնածու Դառնալ

Ըստ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ուքրանիան Այսօր Կամ Վաղը Կրնայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածու Դառնալ

Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ուքրանիան այսօր կամ վաղը կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր դառնալ: Լեհաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մարսի Փրիտաչ «Առ.Էմ. ԷՖ. ԷՖ.ԷՄ.» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց.«Ուքրանիան վաղը, միւս օր կամ յառաջիկայ շաբաթ կրնայ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու երկիր դառնալ: Ասիկա քաղաքական որոշումի հարց է»: Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութեան առնուազն 10 անդամներ կը զօրակցին...

«Կը Գնահատենք Թուրքիոյ` Նեղուցներուն  Վերաբերեալ Մոնթրէոյի  Հռչակագիրին Նկատմամբ Յանձնառութիւնը»  Կ՛ըսէ Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Կը Գնահատենք Թուրքիոյ` Նեղուցներուն Վերաբերեալ Մոնթրէոյի Հռչակագիրին Նկատմամբ Յանձնառութիւնը» Կ՛ըսէ Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Եարխով յայտնեց, որ Մոսկուան կը գնահատէ Ուքրանիոյ զարգացումներուն լոյսին տակ Թուրքիոյ` Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներուն վերաբերեալ Մոնթրէոյի հռչակագիրին յանձնառութիւնը: Ան նշեց, որ այդ հռչակագիրը ռուսական կողմին համար ալ մեծապէս կարեւոր է: «Պէտք է նաեւ ըսեմ, որ կը գնահատենք Մոնթրէոյի հռչակագիրը պաշտպանելու եւ ատոր յանձնառու մնալու Թուրքիոյ դիրքորոշումը, որովհետեւ ատիկա միջազգային օրէնքի կարեւոր փաստաթուղթերէն մէկն է»,...

«Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն  Հեռացնելու Մասին Յայտարարութիւնը Անհեթեթ Է»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն Հեռացնելու Մասին Յայտարարութիւնը Անհեթեթ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն հեռացնելու մասին յայտարարութիւնները անհեթեթ են: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Սոլովիով Լայվ» «Եութիուպ»-ի եթերէն յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրաս նախապէս Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան պատճառով Ռուսիոյ իշխանութիւնները մեղադրած էր միջազգային օրէնքի խախտման յանցանքով եւ կոչ ուղղած էր միջազգային ասպարէզին մէջ մեկուսացնելու Ռուսիան: «Եթէ մենք...

Միացեալ Նահանգներ Ռուսական Քարիւղէն  Կախեալութիւնը Կրճատելու Միջոցներ Կը Փնտռեն

Միացեալ Նահանգներ Ռուսական Քարիւղէն Կախեալութիւնը Կրճատելու Միջոցներ Կը Փնտռեն

Միացեալ Նահանգներ կ՛ուսումնասիրեն ռուսական քարիւղի սպառումը նուազեցնելու կարելիութիւնը, միեւնոյն ժամանակ չարտօնելով ուժանիւթի համաշխարհային մատակարարումներու ընդհատումներ: «Արմէնփրես»` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային տնտեսական խորհուրդի փոխտնօրէն Տալիփ Սինկ: «Մենք կը փնտռենք կարելիութիւններ Միացեալ Նահանգներու մէջ ռուսական քարիւղի սպառումը նուազեցնելու` պահպանելով ուժանիւթի համաշխարհային մատակարարումները», յայտարարած է ան: Սինկի համաձայն, աշխարհի...

Միացեալ Նահանգներ Իրենց Օդային  Տարածքը Կը Փակեն Ռուսիոյ Դիմաց

Միացեալ Նահանգներ Իրենց Օդային Տարածքը Կը Փակեն Ռուսիոյ Դիմաց

Միացեալ Նահանգներ իրենց օդային տարածքը կը փակեն ռուսական բոլոր օդանաւերուն դիմաց: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն: «Այսօր ես կը յայտարարեմ, որ մենք մեր դաշնակիցներէն ետք, Ռուսիոյ յաւելեալ մեկուսացման համար ռուսական բոլոր թռիչքներուն համար կը փակենք ամերիկեան օդային տարածքը եւ կ՛աւելցնենք տնտեսութեան վրայ ճնշումը», ըսած է...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Ռուսիայէն  Ուքրանիոյ Մէջ  Զինուորական Գործողութիւնը Դադրեցնել  Պահանջող Բանաձեւ Մը Որդեգրեց

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Ռուսիայէն Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը Դադրեցնել Պահանջող Բանաձեւ Մը Որդեգրեց

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ բուռն կերպով կը դատապարտէ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը եւ Ռուսիայէն կը պահանջէ «Ուքրանիոյ դէմ ուժի կիրարկումը անմիջապէս դադրեցնել»: Բանաձեւը որդեգրուեցաւ 141 թեր, 5 դէմ եւ 35 ձեռնպահ քուէներով: Դէմ քուէարկող երկիրներն էին Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Հիւսիսային Քորէան, Էրիթրիան եւ Սուրիան: Հայաստանը եւ Չինաստանը ձեռնպահ քուէարկող երկիրներու շարքին էին:  

«Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ  Ուղիղ Բախումի Վտանգ Կայ»  Կ՛ըսէ Կրուշքօ

«Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Ուղիղ Բախումի Վտանգ Կայ» Կ՛ըսէ Կրուշքօ

Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ ուղիղ բախումի վտանգ կայ: «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ: «Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի ուժերու բախման վտանգներ, բնականաբար, կը յառաջանան, ու մենք, ի հարկէ, մտահոգուած ենք սպառազինութիւններու մատակարարումներով, այդ բոլորը շատ վտանգաւոր են... Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ որեւէ միջադէպ պիտի չարձանագրուի», ըսած է Կրուշքօ: «Ոեւէ մէկը, որ մտածելու կարողութիւն ունի, լաւապէս...

Պայտըն. «Փութինի Յարձակումին Հետեւանքով  Ռուսիան Պիտի Տկարանայ,  Իսկ Աշխարհը Պիտի Հզօրանայ»

Պայտըն. «Փութինի Յարձակումին Հետեւանքով Ռուսիան Պիտի Տկարանայ, Իսկ Աշխարհը Պիտի Հզօրանայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ուաշինկթընի մէջ խօսք մը արտասանեց Քոնկրեսի երկու պալատներուն ուղղուած Երկիրի կացութեան մասին իր առաջին տարեկան ուղերձը: «Վեց օր առաջ Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութին փորձեց ցնցել ազատ աշխարհի հիմերը` մտածելով, թէ իր ուզած սպառնալից եղանակով կրնայ աշխարհը փոխել: Ան չարաչար սխալեցաւ: Ան հրասայլեր ուղարկեց Ուքրանիա` ենթադրելով, թէ աշխարհը կռնակ պիտի դարձնէ, սակայն փոխարէնը հանդիպեցաւ պատին, որուն...

«Վրաստան Իր Դեսպանը Ուքրանիայէն  Տուն Պիտի Չկանչէ»  Կ՛ըսէ Զալքալիանի

«Վրաստան Իր Դեսպանը Ուքրանիայէն Տուն Պիտի Չկանչէ» Կ՛ըսէ Զալքալիանի

Վրաստանը Ուքրանիոյ մէջ իր դեսպանը երկրէն ետ կանչելու վերաբերեալ պատասխան քայլերու պիտի չձեռնարկէ: Այս մասին «Իմետի» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանի: Նախապէս Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած էր Վրաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանը տուն կանչելու մասին` ի պատասխան Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի ֆինանսական եւ տնտեսական պատժամիջոցներուն չմիանալու Թիֆլիսի մտադրութեան: Անոր համաձայն, Վրաստանի դեսպանը...

«Արեւմուտքը Մեզմէ Կը Խնդրէ Ռուսիոյ Հետ  Հաղորդակցութեան Կապը Պահպանել»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Արեւմուտքը Մեզմէ Կը Խնդրէ Ռուսիոյ Հետ Հաղորդակցութեան Կապը Պահպանել» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Թուրքիոյ արեւմուտքցի զրուցակիցները մեզմէ կը խնդրեն Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան կապը բաց պահել եւ այդ ուղղութեամբ հաղորդակցութեան կամուրջները չքանդել»: «Թուրքիան Արեւմուտքին համար կը նկատուի կարեւոր դաշնակից մը, որուն դժուար ժամանակներու մէջ կը դիմուի օժանդակութեան, աջակցութեան եւ հաղորդակցութեան համար», ըսաւ Քալըն: «Թուրքիան Արեւմուտքին կ՛ըսէ, որ Ռուսիոյ վարմունքը չ՛ընդունիր, սակայն մտադիր չէ անոր հետ հաղորդակցութեան կամուրջները քանդել»,...

Զելենսքի Ամբողջ Աշխարհի Հրեաներուն  Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուքրանիա Ներխուժման  Նկատմամբ Լուռ Չմնալու

Զելենսքի Ամբողջ Աշխարհի Հրեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուքրանիա Ներխուժման Նկատմամբ Լուռ Չմնալու

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի` Քիեւի մէջ, Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին աւելի քան 30 հազար հրեաներու ողջակիզման դիրքին վրայ գտնուող պատկերասփիւռի կայանի աշտարակի հրթիռակոծումէն ետք ամբողջ աշխարհի հրեաներուն կոչ ուղղեց ձայն բարձրացնելու: Զելենսքի, որ հրեայ է, յայտնեց. «Խօսքս կ՛ուղղեմ աշխարհի բոլոր հրեաներուն: Չէ՞ք տեսներ, թէ ի՛նչ կը պատահի: Այդ պատճառով կարեւոր է, որ աշխարհի վրայ միլիոնաւոր հրեաները հիմա լուռ չմնան»` աւելցնելով....

Ալիեւ Եւ Մաքրոն Քննարկած Են  Ուքրանական Ճգնաժամը

Ալիեւ Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Ուքրանական Ճգնաժամը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ. «Զրոյցի ընթացքին նախագահները քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ տիրող ճգնաժամային կացութիւնը եւ Ուքրանիոյ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը»: Աղբիւրին համաձայն, Ալիեւ եւ Մաքրոն միտքեր փոխանակած են նաեւ ուժանիւթային հարցերու շուրջ: Ազրպէյճանի նախագահական պալատը կը նշէ, որ հեռաձայնային...

Քրեմլին. «Մոսկուան Զելենսքին  Ուքրանիոյ Օրինական Նախագահ Կը Նկատէ»

Քրեմլին. «Մոսկուան Զելենսքին Ուքրանիոյ Օրինական Նախագահ Կը Նկատէ»

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուան Վոլոտիմիր Զելենսքին Ուքրանիոյ օրինական նախագահ կը նկատէ: Քրեմլին նաեւ յայտնեց, որ Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւն կատարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին: Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Քիեւի մէջ նացիական կառավարութիւնը երբեք իր ժողովուրդը չի ներկայացներ»` աւելցնելով, որ ռուսական...

Page 278 of 882 1 … 277 278 279 … 882

Արխիւներ