Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Եւրոպան տակաւին կրնայ յարձակումը կասեցնել, եթէ արագ շարժի: Եւրոպական հակազդեցութիւնը անբաւարար է, ինչպէս նաեւ օժանդակութիւնները, մինչ ռուսական հրասայլները յարձակում կը գործեն մեր ժողովուրդին վրայ»:
Զելենսքի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հրաւիրեց իրեն հետ բանակցութեան սեղան նստելու, ինչպէս նաեւ եւրոպացի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` ցոյց կատարելու` ստիպելու համար, որ իրենց կառավարութիւնները վճռական որոշումներ որդեգրեն` նշելով. «Ռուսական պատերազմը միայն Ուքրանիոյ դէմ չէ, այլ ամբողջ Եւրոպայի դէմ, եւ բնակելի շրջաններուն ու քաղաքայիններուն ռուսական ռմբակոծումը կը շարունակուի»:
Նշենք, որ Ուքրանիան հինգշաբթի օր Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումը յայտարարած էր:
Նախքան այդ, Զելենսքի յայտնած էր, որ «բոլորը կը վախնան մեզի ՕԹԱՆ-ի միանալու երաշխիքներ տալու», եւ յայտարարած. «Մենք թշնամին առանձին կը դիմակայենք մեր հայրենիքը պաշտպանելու համար, եւ իրականութիւնը այն է, որ ոչ ոք կ՛ուզէ մեր կողքին կռուիլ»:
Չինաստանի նախագահ Շի Ճեն Փինկ Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ հետ բանակցելու` նշելով, որ չինական կողմը կը զօրակցի Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութեան ճամբով լուծումի մը:
«Ուքրանական կացութեան մէջ պէտք է հրաժարիլ Պաղ պատերազմի մտածելակերպէն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է յարգել Ուքրանիոյ շուրջ կացութեան մէջ անվտանգութեան շահերը»:
Ռուսիոյ նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է «Ուքրանիոյ հետ բարձր մակարդակի բանակցութիւններու»:
Քրեմլին աւելի ուշ յայտարարեց, որ Փութին պատրաստ է ուքրանական պատուիրակութեան հետ բանակցութիւններ վարելու համար ռուսական պատուիրակութիւն մը Մինսք ուղարկելու:
Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսաւ, որ Ուքրանիոյ նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է Ուքրանիոյ ոչ յանձնառու կարգավիճակը քննարկելու: «Նախագահ Փութին սկիզբը ըսաւ, որ գործողութեան նպատակը Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու բանակներուն օժանդակելն է, ներառեալ Ուքրանիան ապազինելը. իրականութեան մէջ ատիկա ոչ յանձնառու կարգավիճակի մէկ անբաժանելի մասն է», աւելցուց Փեսքով:
Ըստ Քրեմլինի, Փութին Ուքրանիոյ հետ բանակցելու համաձայն գտնուած է Զելենսքիի կողմէ Ուքրանիոյ ոչ յանձնառութեան համաձայն գտնուելէն ետք: Քրեմլին նաեւ հաղորդեց, որ Ուքրանիան առաջարկած է բանակցութիւնները Մինսքի փոխարէն Վարշաւայի մէջ կատարել, ապա հաղորդակցութիւնները խզած է:
Գերմանիոյ մէջ Ուքրանիոյ դեսպանը աւելի ուշ յայտնեց, որ Մոսկուայի հետ ուղղակի բանակցութիւնները «հիմա գործնականին մէջ անկարելի են»:
Մինսքի մէջ բանակցութիւններուն մասնակցող ռուսական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն պաշտպանութեան նախարարութենէն, արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ Քրեմլինէն ներկայացուցիչներ:
Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Փութինին յայտնեց, որ Մինսքը պատրաստ է ռուս եւ ուքրանացի բանագնացներու անվտանգութեան բոլոր քայլերը որդեգրելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ ռուսական գործողութեան նպատակը Ուքրանիան ապազինելն է եւ «նացիներու տիրապետութենէն ազատագրուած» ուքրանացիները կարող դարձնել իրենց ապագան ազատօրէն որոշելու:
Փութին մէկ օր առաջ իր ուղերձին մէջ յայտնած էր, որ Ռուսիան չի ծրագրեր Ուքրանիան բռնագրաւել, կը ձգտի Ուքրանիոյ ապառազմականացման, եւ ռուսական բանակի գործողութիւնները կոչած էր պաշտպանութիւն` «Ուքրանիան պատանդ վերցուցածներէն»: Ան Ուքրանիոյ քաղաքացիներուն դիմած էր` ըսելով, որ Խրիմը կատարած է իր ընտրութիւնը, Ռուսիոյ քայլերը ինքնապաշտպանութիւն են: Ան կոչ ուղղած էր համագործակցելու` «այս ողբերգական էջը շուտափոյթ փակելու» համար:
Ռուսիոյ նախագահը երէկ ուքրանական բանակին կոչ ուղղեց` իշխանութիւնը իր ձեռքը առնելու` աւելցնելով. «Այդ պարագային փոխադարձ հասկացողութեան գոյացումը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ»:
Նշենք, որ յատկանշական զարգացումով մը Ֆրանչիսկոս պապը երէկ այցելեց Վատիկանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն` այդպիսով խախտելով դիւանագիտական կանոնակարգը: Վատիկանի բանբեր Մաթէօ Պրունի յայտնեց, որ պապը շուրջ երեսուն վայրկեան մնացած է դեսպանատունը` աւելցնելով. «Ան գացած է պատերազմին վերաբերեալ իր մտահոգութիւնը յայտնելու»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Ռուսական յարձակումին ՕԹԱՆ-ի հակազդեցութիւնը պէտք է աւելի վճռական ըլլայ, եւ միայն դատապարտելը չի բաւեր»: Ուզպեքիստանի նախագահը Փութինին հեռաձայնելով ռուսական կողմին որդեգրած քայլերուն նկատմամբ հասկացողութիւն արտայայտեց:
Ուքրանական բանակը երէկ յայտարարեց, որ ռուսական ուժերը արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութիւններէն կը մօտենան Քիեւի: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, ռուսական բանակը յաջողած է գրաւել Ուքրանիոյ հարաւը գտնուող Մելիթոփոլ քաղաքը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ կէսօրուան դրութեամբ Ուքրանիոյ դէմ յատուկ գործողութեան արդիւնքները ներկայացնելով` յայտնեց, թէ անկարգելաւոր զօրքերու հիմնական ուժերը Կոսթոմելի մէջ միացած են ռուս անկարգելաւորներու ստորաբաժանումներուն` ապահովելով Քիեւի արեւմուտքէն շրջափակումը: Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութեան ստորաբաժանումները Սեւերոտոնեցքի ուղղութեամբ արագ կշռոյթով մինչեւ 12 քիլոմեթր խորութեամբ յառաջացած են, իսկ Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան զօրքերու խմբաւորումը 11 քիլոմեթր յառաջացած է դէպի Վոլնովախիի ուղղութեամբ ազգայնական գումարտակներու պաշտպանութեան խորքը:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Խարսուն քաղաքի տեղական ինքնակառավարման մարմինը յայտնած է, թէ քաղաքը գրաւուած է ռուսական ուժերուն կողմէ:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հինգշաբթի օր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ յարձակումը կանխամտածուած էր եւ չհրահրուած` աւելցնելով, որ Ռուսիան այժմ շատ սուղ գին պիտի վճարէ: Ան նաեւ Ռուսիոյ դէմ առաւելագոյն աստիճանի պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարեց:


