Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Մենք Անընդունելի Կը Նկատենք Ռուսիոյ Յարձակումը, Կ՛ողջունենք Ուքրանիոյ Ղեկավարութեան Եւ Ժողովուրդին Մղած Պայքարը»

March 2, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարան վճռական է` կիրարկելու Մոնթրէոյի հռչակագիրին կէտերը եւ փակելու Վոսփորի ու Տարտանելի նեղուցները ռուսական եւ ուքրանական մարտանաւերուն համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«Մենք վճռական ենք` կիրարկելու Մոնթրէոյի հռչակագիրով նեղուցներու մէջ նաւերու երթեւեկի հարցին մէջ մեզի տրուած լիազօրութիւնները, որպէսզի կանխարգիլենք ճգնաժամի խորացումը: Ինչպէս միշտ ըսած ենք, կողմ ենք Ուքրանիոյ գերիշխանութեան, քաղաքական միասնութեան ու տարածքային ամբողջականութեան: Մենք անընդունելի կը նկատենք Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ տարածքներուն վրայ յարձակումը, կ՛ողջունենք Ուքրանիոյ ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին մղած պայքարը», երեքշաբթի օր կառավարութեան նիստէն ետք յայտարարած է Էրտողան:

«Սփութնիք», յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն, իր կարգին հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է. «Թուրքիան պիտի շարունակէ կիրարկել Մոնթրէոյի հռչակագիրի 19-րդ, 20-րդ եւ 21-րդ կէտերը, ինչպէս մինչեւ հիմա ըրած է: Մոնթրէոյի ստորադասումը եւ սթաթիւս քոյի խախտումը ոչ մէկուն օգուտ պիտի բերէ»:

Աքար նշած է, որ իրենք այս ուղղութեամբ կ՛աշխատին եւ կը կարծեն, որ շատ աւելի օգտակար պիտի ըլլայ եթէ բոլոր կողմերը ենթարկուին Մոնթրէոյի հռչակագիրի կէտերուն: Ան նաեւ անդրադարձած է Ռուսիոյ` Տոնպասի մէջ յատուկ գործողութեան, անգամ մը եւս յայտնելով Թուրքիոյ այն դիրքորոշումը, թէ Ռուսիոյ գործողութիւնները անընդունելի են:

Մոնթրէոյի հռչակագիրի 19-րդ, 20-րդ եւ 21-րդ կէտերը համապատասխանաբար կ՛ենթադրեն` պատերազմի ժամանակ, եթէ Թուրքիան պատերազմող կողմերէն մէկը չէ, կրնայ արգիլել պատերազմող երկիրներու մարտանաւերու Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներէն անցումը, սակայն այն բացառութեամբ, որ պատերազմող կողմերու մարտանաւերը կրնան վերադառնալ իրենց ռազմակայանի նաւահանգիստ:

Եթէ Թուրքիան պատերազմող կողմ է, ապա կրնայ նեղուցներէն մարտանաւերու անցումը կարգաւորել ինչպէս որ կ՛ուզէ: Թուրքիան իրաւունք ունի կիրարկելու նախորդ կէտը, եթէ կը կարծէ, որ իր նկատմամբ պատերազմական իրավիճակի վտանգ կայ:

Նախորդը

Զելենսքի Տուն Կանչած Է Վրաստանի Եւ Խըրխըզիստանի Մէջ Ուքրանիոյ Դեսպանները

Յաջորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Ապացուցէ, Որ Ուքրանիոյ Կողքին Է» Կ՛ըսէ Զելենսքի

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.