Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վիեննայի Բանակցութիւններուն Ընթացքին Նուրբ ու Կարեւոր Փուլի Հասանք» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

February 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յոյս յայտնեց, որ բոլոր երկիրները կը գիտակցին երկխօսութեան եւ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը չքայքայելու կարեւորութեան:

Ապտոլլահեան Օմանի արտաքին գործոց նախարարին հետ Թեհրանի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ը հրահրեց Ուքրանիոյ տագնապը եւ կացութեան բարդացման նպաստեց:

«ՕԹԱՆ-ի օդանաւերուն իրանեան սահմաններուն մօտ թռիչք կատարելը մեզի համար մտահոգութեան աղբիւր է», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով հիւլէական գործարքին շուրջ բանակցութիւններուն` Ապտոլլահեան յայտնեց, որ անոնք հասած են նուրբ եւ կարեւոր փուլի: «Մենք Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ զիջումներ պիտի չկատարենք կամ որեւէ պարագայի կարմիր գիծերը պիտի չանցնինք»:

«Ուաշինկթընի հետ ուղղակի բանակցութիւններ չկան, եւ հաղորդակցութիւնը տեղի կ՛ունենայ ոչ պաշտօնական պատգամներու միջոցով, եւ Ուաշինկթընի հետ երկխօսութեան մէջ մեզ միակ հետաքրքրողը բանակցութիւններուն արդիւնքն է, եւ այն, թէ աւարտին ի՛նչ պիտի ստանանք», ըսաւ ան:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Պաղտատէն տեղեկութիւն ստացած է, թէ Սէուտական Արաբիան պատրաստ է Իրանի հետ երկխօսութիւնը շարունակելու` նշելով, որ շրջանի անվտանգութիւնը կարելի է հաստատել միայն շրջանային համագործակցութեան եւ երկխօսութեան ճամբով, իսկ շրջանին մէջ տարակարծութիւններու շարունակութիւնը ի շահ շրջանի երկիրներուն, անոնց անվտանգութեան ու ժողովուրդներուն չէ:

 

 

Նախորդը

«Ներկայ Պահուն Պայտըն-Փութին Հանդիպումի Կարելիութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Փսաքի

Յաջորդը

«Ուքրանիա Գտնուող Ռուսական Ուժերը Խաղաղապահ Ուժեր Չեն» Կ՛ըսէ Կութիերես

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.