Ուքրանիան Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած է` անմիջապէս զինք ընդունելու Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ երէկ առաւօտեան տեսաուղերձով յայտարարած է երկրի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի:
«Մենք Եւրոպական Միութեան կը դիմենք նոր յատուկ ընթացակարգով Ուքրանիոյ անյետաձգելի անդամակցութեան խնդրանքով», յայտարարած է ան:
Զելենսքի վստահութիւն յայտնած է, որ նման որոշումը արդարացի է, եւ որ ուքրանացիները ատոր արժանացած են:
Նշենք, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեֆ Պորել անդրադառնալով Զելենսքիի կոչին երէկ ըսաւ. «Այսօր Ուքրանիոյ անդամակցութեան հարցը օրակարգի վրայ չէ: Անդամակցութիւնը այնպիսի հոլովոյթ մըն է, որ տարիներ կը տեւէ: Այսօր մենք պէտք է կեդրոնանանք յառաջիկայ ժամերու, այլ ոչ թէ յառաջիկայ տարիներու խնդիրներուն վրայ»:
Հակառակ Պորելի յայտարարութեան, Զելենսքի աւելի ուշ յայտարարեց, որ ստորագրած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմումնագիրը:
2019 թուականի փետրուարին, Ուքրանիոյ այն ժամանակուան նախագահ Փիոթր Փորոշենքոն ստորագրած էր Սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնք մը, որ կը վերաբերի Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ռազմավարական ուղեգիծին:


