Եւրոպան կրնայ ականատես ըլլալ աշխարհի վրայ վերջին տարիներու մեծագոյն մարդասիրական ճգնաժամին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս նախազգուշացումը Ուքրանիայէն մարդոց զանգուածային արտագաղթի լոյսին տակ հրապարակած է Եւրոպական յանձնաժողովը:
Աւելի քան 360 հազար մարդ արդէն լքած է երկիրը, անոնցմէ 200 հազարը անցած է Լեհաստանի հետ սահմանը: Սակայն Եւրոպական Միութիւնը պէտք է պատրաստուի շատ աւելի մեծ գաղթականական ճգնաժամի:
Մարդոց օգնելու համար Եւրոպական յանձնախումբը արդէն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն կոչ ուղղած է Ուքրանիոյ պատերազմէն փախուստ տուած քաղաքացիներուն համար կրճատելու դիւանակալական քաշքշուկները:
Փաստօրէն, միութեան անդամ բոլոր 27 երկիրները համաձայնած են ընդունիլ ուքրանացի գաղթականները` չկիրարկելով ապաստան տրամադրելու սովորական ընթացակարգը, որ յաճախ երկար կը ձգձգուի: Այս որոշումը որդեգրուած է միաձայնութեամբ` Եւրոպական Միութեան ներքին գործոց նախարարներու հանդիպումին լոյսին տակ:
Բաց դռներու քաղաքականութիւնը պիտի գործէ երեք տարի: Լեհաստանի հետ միատեղ Հունգարիան, Սլովաքիան եւ Ռումանիան նոյնպէս կը բանան իրենց սահմանները` ռմբակոծումներէն փրկուիլ փորձողներուն մուտքը արտօնելու համար:


