Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի Տուն Կանչած Է Վրաստանի Եւ Խըրխըզիստանի Մէջ Ուքրանիոյ Դեսպանները

March 2, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ տուն կանչած է Վրաստանի եւ Խըրխըզիստանի մէջ իր երկրի դեսպանները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Պատժամիջոցներու նկատմամբ ոչ բարոյական դիրքորոշման համար անյապաղ ետ կը կանչենք  Վրաստանի դեսպանը», ըսած է Զելենսքի իր տեսաուղերձին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի յայտարարած էր, որ իր երկիրը պիտի չմիանայ Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքին հաստատած ելեւմտական ու տնտեսական պատժամիջոցներուն:

«Մեր դիւանագէտները ճիշդ հիմա արդար եւ բացարձակապէս անհրաժեշտ որոշումներ կը գործադրեն այն երկիրներուն նկատմամբ, որոնք դրժած են իրենց ըսածն ու միջազգային օրէնքը: Խորհրդակցութիւններու համար անյապաղ ետ կը կանչենք Խըրխըզիստանի դեսպանը` Ուքրանիոյ դէմ յարձակումի արդարացման համար», ըսած է Զելենսքի:

Խըրխըզիստանի նախագահ Սատիր Ժափարով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած էր, որ Քիեւը պատասխանատուութիւն կը կրէ Մինսքի համաձայնութիւններու խափանման համար, եւ աջակցութիւն յայտնած էր Տոնպասի բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղուած ռուսական կողմի վճռական գործողութիւններուն:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Վրաստանի իշխող «Վրացական երազանք-Ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութեան ղեկավար Իրաքլի Քոպախիծէ, անդրադառնալով Զելենսքիի իր երկրին դեսպանը Վրաստանէն տուն կանչելու որոշումին, յայտարարեց. «Այս որոշումը անընդունելի է եւ չարդարացուած, ներառեալ հաշուի առնելով այն ամէնը, ինչ Վրաստանը վերջին օրերուն կատարած է Ուքրանիոյ համար»:

Նախորդը

Ալիեւ Կը Խօսի Ազրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա Ձեւաչափի Կարելիութեան Մասին

Յաջորդը

Էրտողան. «Մենք Անընդունելի Կը Նկատենք Ռուսիոյ Յարձակումը, Կ՛ողջունենք Ուքրանիոյ Ղեկավարութեան Եւ Ժողովուրդին Մղած Պայքարը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.