Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի Եւրոպական խորհրդարանը յորդորած է աջակցելու իր երկրի Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու ցանկութեան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Զելենսքի յատուկ նիստի ընթացքին դիմելով եւրոպացի երեսփոխաններուն պնդած է, որ Ուքրանիան կը պայքարի Եւրոպայի լիիրաւ անդամ դառնալու համար:
«Կը կարծեմ, որ այսօր մենք բոլորին ցոյց կու տանք, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք եւ ինչի՛ կը ձգտինք: Եւրոպական Միութիւնը, անկասկած, մեզի հետ շատ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ», յայտարարած է ան` դատապարտելով ռուսական ուժերուն Ուքրանիա ներխուժումը:
«Ապացուցեցէ՛ք, որ մեզի հետ էք: Տուէ՛ք երաշխիքներ, որ մեզ պիտի չլքէք, ապացուցեցէ՛ք, որ իսկապէս եւրոպացի էք», յայտարարած է Զելենսքի:
Ուքրանիոյ նախագահը մէկ օր առաջ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած էր` անմիջապէս զինք ընդունելու Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ: «Մենք Եւրոպական Միութեան կը դիմենք նոր յատուկ ընթացակարգով Ուքրանիոյ անյետաձգելի անդամակցութեան խնդրանքով», յայտարարած էր ան: Զելենսքի վստահութիւն յայտնած էր, որ նման որոշումը արդարացի է, եւ որ ուքրանացիները ատոր արժանացած են:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեֆ Պորել, անդրադառնալով Զելենսքիի կոչին, ըսած էր. «Այսօր Ուքրանիոյ անդամակցութեան հարցը օրակարգի վրայ չէ: Անդամակցութիւնը այնպիսի հոլովոյթ մըն է, որ տարիներ կը տեւէ: Այսօր մենք պէտք է կեդրոնանանք յառաջիկայ ժամերու, այլ ոչ թէ յառաջիկայ տարիներու խնդիրներուն վրայ:
Հակառակ Պորելի յայտարարութեան, Զելենսքի աւելի ուշ յայտարարած էր, որ ստորագրած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմումնագիրը:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը ռազմավարական անվտանգութեան հարցերու չ՛առնչուիր:
«Միութիւնը ռազմաքաղաքական պլոք մը չէ, ուստի հարցը ռազմավարական անվտանգութեան խնդիրներու ծիրին մէջ չէ», ըսաւ Փեսքով` նշելով. «Ուքրանիոյ սահմանադրութիւնը Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վրայ կը կեդրոնանայ, եւ ասիկա յստակ հարց մըն է»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ողջունեց «Եւրոպական Միութեան` Ուքրանիան իրեն միացնելու ջանքերը»:
«ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումը ի շահ միջազգային խաղաղութեան է», ընդգծեց Էրտողան: