Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններու պատասխանի հարցը քննարկած է «Եօթներու խմբակ»-ի երկիրներու` Քանատայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Ճափոնի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն եւ եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարին հետ: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ինթերֆաքս»-ին, կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ անոնց միացած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպան:
«Արտաքին գործոց նախարարը եւ «Եօթներու խմբակ»-ի արտաքին գործոց նախարարները նախարար Քուլեպային ընդգծած են, որ միասնական են Ռուսիոյ ներխուժման պատասխանի հարցին մէջ», ինչպէս նաեւ ուքրանացի ժողովուրդին ցուցաբերուող աջակցութեան առնչութեամբ:
Անոնք նշած են, որ ջանքեր կը ներդրեն «Ռուսիան պատասխանատուութեան ենթարկելու» առումով:


