Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիան Կ՛առաջարկէ Ռուսիոյ Հետ Բանակցութիւնները Կատարել Պոլսոյ, Վարշաւայի, Պաքուի Կամ Պուտափեշթի Մէջ, Սակայն Քիեւի Պատուիրակութիւնը Ի Վերջոյ Կը Ներկայանայ Պիելոռուսիա

February 28, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի կ՛առաջարկէ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները Պիելոռուսիոյ մէջ կատարելու փոխարէն Պոլսոյ, Վարշաւայի, Պաքուի կամ Պութափեշթի մէջ կատարել: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը :

«Մինսքի մէջ բանակցութիւնները կրնային գումարուիլ, եթէ Ռուսիան պիելոռուսական հողերէն Ուքրանիոյ վրայ յարձակում չգործէր», նշած է Զելենսքի` աւելցնելով. «Անցեալ գիշեր վայրագ էր եւ քաղաքային ենթակառոյցներու ռմբակոծում տեղի ունեցաւ: Ռուսական բանակը ամէն բան յարձակումի կ՛ենթարկէ, նոյնիսկ հիւանդատար մեքենաները»:

«Ռուսական ուժերը յարձակում կը գործեն քաղաքային շրջաններու վրայ, ուր զինուորական ենթակառոյցներ չկան», յայտնած է Զելենսքի` նշելով. «Ես պատրաստ եմ երկխօսութիւն կատարելու այլ վայրերու մէջ, որոնք Ուքրանիոյ նկատմամբ թշնամական վերաբերմունք չունին»:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ ռուսական պատուիրակութիւնը Պիելոռուսիա կը հասնի Ուքրանիոյ հետ բանակցելու համար` նշելով, որ ռուսական պատուիրակութիւնը պատրաստ է պիելոռուսական Կոմել քաղաքին մէջ ուքրանական կողմին հետ բանակցելու:

Փեսքով մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ ուքրանական կողմը մերժած է բանակցութեան սեղան վերադառնալ, ուստի ռուսական հիմնական ուժերը շարունակած են իրենց յառաջխաղացքը: Զելենսքի ուրբաթ օր Մոսկուային կոչ ուղղած էր բանակցութեան սկսելու:

Ուքրանիոյ նախագահը երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով յայտնեց, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ: Վերջինս իր կարգին յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է ուքրանական սպառնալիքին հակադարձութիւնը` ընդգծելով, որ պիելոռուսական հողերէն Ուքրանիոյ վրայ յարձակումներ չեն գործուիր:

«Ուքրանական ուժերը մեր սահմաններուն վրայ կը գտնուին, ինչ որ մեզ ստիպեց մեր երկիրը պաշտպանել», ըսաւ ան` նշելով, որ Պիելոռուսիայէն Ուքրանիոյ ուղղութեամբ միայն 3 հրթիռ արձակուած է:

Ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Վլատիմիր Մետինսքի, որ քանի մը ժամ Պիելոռուսիոյ Կոմել շրջանին մէջ սպասած էր ուքրանական պատուիրակութեան արձագանգին, աւելի ուշ յայտնեց. «Մենք կը պատրաստուէինք մեկնիլ Կոմելէն, սակայն ուքրանական կողմէն տեղեկութիւն ստացանք հաստատման մասին այն բանակցութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան ճիշդ այստեղ: Հիմա կը մշակուի երթուղին, կ՛ընտրուի առաւել արդիւնաւէտ տեղը, ուր ուքրանական կողմին համար ապահովուած պիտի ըլլայ առաւելագոյն անվտանգութիւն: Մենք կ՛երաշխաւորենք ուքրանական կողմի երթուղիին մէջ 100 առ հարիւր անվտանգութիւնը եւ որոշուած տեղը պիտի սպասենք ուքրանական պատուիրակութեան»:

Ան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ բանակցութիւններու յստակ ժամը յայտնի չէ, եւ վստահեցուց, որ ռուսական կողմը պատրաստ է սպասելու` միեւնոյն ժամանակ յիշեցնելով, որ իւրաքանչիւր ժամի արժէքը մարդկային կեանքեր են` խաղաղ բնակիչներու եւ ուքրանացի զինուորներու:

Մինչ այդ, Փութին հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի եւ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմովի հետ: Ան ռազմական ուժերու պատասխանատուներուն յանձնարարեց ռուսական ռազմավարական զսպման ուժերը բերել մարտական յատուկ դրութեան:

«Արեւմտեան երկիրները ոչ օրինական պատժամիջոցներ կը կիրարկեն մեր երկրին դէմ, ո՛չ միայն քայլեր կը ձեռնարկեն տնտեսութեան դէմ, խօսքը ծանօթ սահմանափակումներուն մասին է, այլ նաեւ ՕԹԱՆ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարները յարձակողական յայտարարութիւններ կ՛ընեն Ռուսիոյ դէմ: Հետեւաբար, պաշտպանութեան նախարարին եւ սպայակոյտի պետին կը յանձնարարեմ ռուսական ռազմավարական զսպիչ ուժերը բերել մարտական պատրաստութեան յատուկ վիճակի», ըսած է Փութին:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, որ Փութինի այդ որոշումը «վտանգաւոր նախազգուշացում եւ անպատասխանատու վարմունք է»` աւելցնելով. «Փութինի որոշումը Ռուսիոյ նախագահի յարձակողական հռետորաբանութեան յաւելեալ փաստ է»:

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը իր կարգին յայտնեց. «Փութինի ռազմավարական զսպիչ ուժերը մարտական պատրաստ վիճակի յատուկ դրութեան բերելու որոշումը անընդունելի մագլցում է»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտարարեց. «Մեր ռազմավարական զսպիչ ուժերը մարտական բարձր պատրաստ վիճակի մէջ են, եւ մենք եւրոպական սահմանին վրայ պատերազմի ականատես ենք»:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քոլեպա նշեց, որ ուքրանական քաղաքները ռուսական ուժերուն կողմէ, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր չտեսնուած, անկանոն ռմբակոծումի կ՛ենթարկուին, ինչ որ պատճառ դարձաւ շարք մը քաղաքայիններու սպանութեան եւ ենթակառոյցներու մեծ բաժինի քանդումի` աւելցնելով. «Հակառակ Քիեւի ենթարկուած բուռն ռմբակոծումին, քաղաքը տակաւին մեր ուժերուն վերահսկողութեան տակ է, եւ Ուքրանիոյ դիմադրելու կարողութիւնը շատ մեծ է եւ Փութինին պատկերացուցածէն աւելի, ինչպէս նաեւ թշնամիին մեծ կորուստներ կը պատճառենք»:

«Մոսկուան մեծ մեկուսացում կը դիմագրաւէ, եւ ասիկա Ռուսիոյ պատմութեան մէջ մեծ շրջադարձ է», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն ուքրանական իշխանութիւններուն կողքին կռուիլ` կապ հաստատելու աշխարհի տարածքին Ուքրանիոյ դեսպանատուներուն հետ:

Ըստ անոր, Փութինի ռազմավարական զսպման ուժերը մարտական յատուկ դրութեան բերելու որոշումը ուքրանական պատուիրակութեան վրայ ճնշում բանեցնելու փորձ է:

 

 

Նախորդը

Էրտողան Պատրաստ Է Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Միջնորդ Դառնալու

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Փակէ Օդային Տարածքը Ռուսիոյ Համար Եւ Կը Դադրեցնէ Գործարքները Ռուսիոյ Կեդրոնական Դրամատան Հետ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.