«Ներկայ Պահուն Պայտըն-Փութին Հանդիպումի Կարելիութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Փսաքի
Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Վլատիմիր Փութինի հաւանական հանդիպման հեռանկար այս պահուս չկայ, որովհետեւ Ռուսիան ճանչցած է Տոնպասի երկու ինքնահռչակ պետութիւններուն անկախութիւնը: «Մենք երբեք ամբողջութեամբ չենք փակեր դիւանագիտութեան դուռը, սակայն վստահ կրնանք ըսել, որ այս պահուն մեր օրակարգին վրայ նման հանդիպում չկայ», յայտարարեց Փսաքի: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի...




















