Միացեալ Նահանգներ իրենց օդային տարածքը կը փակեն ռուսական բոլոր օդանաւերուն դիմաց: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
«Այսօր ես կը յայտարարեմ, որ մենք մեր դաշնակիցներէն ետք, Ռուսիոյ յաւելեալ մեկուսացման համար ռուսական բոլոր թռիչքներուն համար կը փակենք ամերիկեան օդային տարածքը եւ կ՛աւելցնենք տնտեսութեան վրայ ճնշումը», ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներու փոխադրամիջոցներու նախարարութեան հաղորդումով, Միացեալ Նահանգներու օդային տարածքը օգտագործելու արգելքը կը վերաբերի Ռուսիոյ առնչուած բոլոր օդանաւերուն, ներառեալ վարձաթռիչքային օդանաւերուն:
Յիշեցնենք, որ 28 փետրուարին Եւրոպական Միութիւնը արգիլեց ռուսական օդանաւերուն իր օդային տարածքին մէջ թռիչքներ կատարելը:
Այդ պահանջը կը վերաբերի բոլոր օդանաւերուն, որոնք կը շահագործուին Ռուսիոյ մէջ արձանագրուած ռուսական օդանաւային ընկերութիւններուն կողմէ: Որոշումը նաեւ կը վերաբերի այն օդանաւերուն, որոնք արձանագրուած չեն Ռուսիոյ մէջ, սակայն որեւէ ձեւով կը վերահսկուին ռուս անձնաւորութիւններու կամ ռուսական իրաւաբանական անձի կամ կազմակերպութեան կողմէ:
Նշենք, որ Ռուսիան իր կարգին թռիչքներու արգիլման պատասխան քայլեր որդեգրեց:
Քանատան իր ջրային տարածքը փակեց ռուս սեփականատէրերու պատկանող եւ Ռուսիոյ մէջ արձանագրուած նաւերուն առջեւ: