Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Գնահատենք Թուրքիոյ` Նեղուցներուն Վերաբերեալ Մոնթրէոյի Հռչակագիրին Նկատմամբ Յանձնառութիւնը» Կ՛ըսէ Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

March 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսէյ Եարխով յայտնեց, որ Մոսկուան կը գնահատէ Ուքրանիոյ զարգացումներուն լոյսին տակ Թուրքիոյ` Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներուն վերաբերեալ Մոնթրէոյի հռչակագիրին յանձնառութիւնը:

Ան նշեց, որ այդ հռչակագիրը ռուսական կողմին համար ալ մեծապէս կարեւոր է:

«Պէտք է նաեւ ըսեմ, որ կը գնահատենք Մոնթրէոյի հռչակագիրը պաշտպանելու եւ ատոր յանձնառու մնալու Թուրքիոյ դիրքորոշումը, որովհետեւ ատիկա միջազգային օրէնքի կարեւոր փաստաթուղթերէն մէկն է», աւելցուց Ռուսիոյ դեսպանը:

«Մենք Մոնթրէոյի հռչակագիրին եւ նեղուցներու օգտագործման վերաբերեալ թրքական իշխանութիւններուն հետ մնայուն կապի մէջ ենք: Կը հաւատամ, որ միասնաբար կրնանք հասնիլ կացութեան մը, որ կրնայ իրագործել մեր բոլոր շահերն ու բոլոր փափաքները», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկուշաբթի օր յայտարարած էր, որ իր երկիրը մտադիր է օգտագործել Մոնթրէոյի հռչակագիրէն բխող` նաւերու նեղուցներէն անցումին վերաբերեալ իր լիազօրութիւնները «այնպիսի ձեւով մը, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի մագլցումը կը կանխարգիլէ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց, որ իր երկիրը բոլոր երկիրներուն յայտնած է, որ իրենց մարտանաւերը նեղուցներէն անցնելու չուղարկեն:

1936 թուականին ստորագրուած Մոնթրոյի հռչակագիրը կ՛արտօնէ Սեւ ծովը չեզերող երկիրներու մարտանաւերուն Վոսփորէն ու Տարտանելէն անցումը, պայմանով, որ 15 օր առաջ տեղեակ պահեն Թուրքիան եւ Սեւ ծովուն մէջ մնան առաւելագոյնը 21 օր:

 

Նախորդը

«Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդէն Հեռացնելու Մասին Յայտարարութիւնը Անհեթեթ Է» Կ՛ըսէ Զախարովա

Յաջորդը

Ըստ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ուքրանիան Այսօր Կամ Վաղը Կրնայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Թեկնածու Դառնալ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.