Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին. «Մոսկուան Զելենսքին Ուքրանիոյ Օրինական Նախագահ Կը Նկատէ»

Ուքրանական Բանակը Զրկուեցաւ Դէպի Ազովի Ծով Ելքէ

March 2, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուան Վոլոտիմիր Զելենսքին Ուքրանիոյ օրինական նախագահ կը նկատէ:

Քրեմլին նաեւ յայտնեց, որ Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ ուղղակի հաղորդակցութիւն կատարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին:

Սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Քիեւի մէջ նացիական կառավարութիւնը երբեք իր ժողովուրդը չի ներկայացներ»` աւելցնելով, որ ռուսական զինուորական գործողութեան նպատակը Ուքրանիոյ մէջ նացիական վարչակարգը ապազինելն է:

«Ռուսիոյ նկատմամբ եւրոպական ատելութիւնը Եւրոպական Միութեան կողմէ Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելուն դրդապատճառն է», նշեց ան:

«Քիեւի վարչակարգը Ուքրանիոյ մէջ ռուսերուն եւ ռուսախօսներուն նկատմամբ բացայայտ ոտնահարումներ եւ ցեղասպանութիւն կը գործէ», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով. «Քիեւի վարչակարգը փորձեց իր ժողովուրդին սեփական հարցերուն միջամտել եւ կրօնի հիմամբ անոր բաղադրիչ տարրերուն միջեւ խտրականութիւն մտցնել»:

«Արեւմուտքը աչք փակեց ռուսական լեզուին ու մշակոյթին վրայ ուքրանական յարձակումներուն նկատմամբ», յայտնեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Մոսկուան «զինուորական գործողութեան աւարտէն ետք Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւններ պիտի չկազմակերպէ եւ ընտրական հոլովոյթներու պիտի չմասնակցի»:

«Ռուսիոյ քաղաքական ղեկավարութիւնը չի կրնար դրացի երկրի մը մէջ ընտրութիւններու մասնակցիլ», շեշտեց Փեսքով:

«Քրեմլին պիտի վերլուծէ ռուսական եւ ուքրանական պատուիրակութիւններուն միջեւ առաջին բանակցութիւններուն արդիւնքները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Նախագահ Փութինին ներկայացուեցան բանակցութիւններուն արդիւնքները, եւ տակաւին կանուխ է անոնց գնահատական տալու»:

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են ուքրանացի գաղթականները իրենց երկրին մէջ հիւրընկալելու` աւելցնելով. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին քաղաքային թիրախներ հետզհետէ աւելի կը ռմբակոծէ»:

«Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու թղթածրարը տասնամեակներէ ի վեր իր տեսակին մէջ ամէնէն ուժեղն ու մեծն է, եւ ատոր ազդեցութիւնը սկսաւ երեւան գալ», ըսաւ ան` նշելով. «Փութինի ջանքերը պիտի ձախողին, եւ պիտի յաջողինք Ուքրանիոյ անկախութիւնը պաշտպանել»:

«Կասկած չունիմ, որ Արեւմուտքի միասնականութիւնը անխուսափելիօրէն Փութինի արկածախնդրութեան ձախողութեան պիտի յանգեցնէ», յայտնեց Ճոնսըն: «Բոլորը պէտք է հասկնան, որ ներկայիս գործուած իւրաքանչիւր արարք, հետագային Միջազգային քրէական դատարանին առջեւ ապացոյցի պիտի վերածուի», ըսաւ ան:

«Փութինին ու անոր վարչակարգին կ՛ըսեմ, որ ձեր դիմաց միակ ելքը ձեր հրասայլերը Ուքրանիայէն հեռացնելն է», յայտնեց Բրիտանիոյ վարչապետը:

Փենթակոնէն պաշտօնատար մը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ ամերիկեան ուժերը Ուքրանիոյ մէջ պիտի չկռուին: Պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ Փենթակոն Ուքրանիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծման հարցը չի քննարկեր:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Լեհաստանի նախագահին հետ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Դաշինքը Ուքրանիոյ կը զօրակցի ընդդէմ անոր հողեր անընդունելի եւ անարդարանալի ներխուժման»:

«Դաշինքը Ուքրանիոյ մէջ զինուորական տագնապին մասնակից պիտի չդառնայ եւ այդտեղ կռուելու համար զինուորներ պիտի չուղարկէ: Դաշինքի անդամ իւրաքանչիւր երկիր Ուքրանիոյ զինուորական տարբեր տեսակի աջակցութիւն կը տրամադրէ` ֆինանսական աջակցութեան կողքին», նշեց Սթոլթենպերկ:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի երէկ նշեց. «Եթէ մեր գործընկերները ՕԹԱՆ-ին մեր անդամակցիլը չեն ուզեր, պէտք է գիտակցին, որ անվտանգութեան երաշխիքներու կարիքը ունինք»:

«Եթէ Ուքրանիան տապալի, ռուսական ուժերը ՕԹԱՆ-ի սահմաններուն վրայ պիտի ըլլան», նշեց Զելենսքի:

Ան ըսաւ, որ իր երկրին թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման պահանջը նախազգուշական քայլ մըն է եւ անոր նպատակը ՕԹԱՆ-ի անդամները պատերազմի մէջ ներքաշելը չէ:

Քրեմլին հաղորդեց, որ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ապու Տապիի գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Անոնք քննարկած են Ուքրանիոյ տագնապը եւ Ապու Տապիի գահաժառանգը նշած է. «Ռուսիան իրաւունք ունի իր ազգային անվտանգութիւնը երաշխաւորելու»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումը ի նպաստ միջազգային խաղաղութեան է»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Ուքրանական բանակը այսօրուընէ  վերջ ամբողջովին զրկուած է դէպի Ազովի ծով ելքէ»: Նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան սկիզբէն ի վեր ուքրանական 1325 դիրքեր քանդուած են:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ յայտարարեց, որ ռուսական բանակը Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը պիտի շարունակէ, մինչեւ որ իր առջեւ դրած նպատակներուն հասնի: Շոյկուի համաձայն, Մոսկուայի հիմնական խնդիրը Ռուսիան Արեւմուտքի զինուորական սպառնալիքէն պաշտպանելն է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Շոյկու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի հետ: Անոնք կարծիքներ փոխանակած են Ուքրանիոյ կացութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութիւնը:

Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ ռուսական ուժերը մուտք գործած են երկրին հարաւը գտնուող եւ Խրիմի թերակղզիին մօտ եղող Խերսոն քաղաքը:

Նախորդը

«Եւրոպական Միութիւնը Պէտք Է Ապացուցէ, Որ Ուքրանիոյ Կողքին Է» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ, Պարսելոնա Եւ Եուվենթուս Ֆութպոլի Մրցումներ Պիտի Կատարեն Միացեալ Նահանգներու Մէջ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.