Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Փութինի Յարձակումին Հետեւանքով Ռուսիան Պիտի Տկարանայ, Իսկ Աշխարհը Պիտի Հզօրանայ»

March 3, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Ուաշինկթընի մէջ խօսք մը արտասանեց Քոնկրեսի երկու պալատներուն ուղղուած Երկիրի կացութեան մասին իր առաջին տարեկան ուղերձը:

«Վեց օր առաջ Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութին փորձեց ցնցել ազատ աշխարհի հիմերը` մտածելով, թէ իր ուզած սպառնալից եղանակով կրնայ աշխարհը փոխել: Ան չարաչար սխալեցաւ: Ան հրասայլեր ուղարկեց Ուքրանիա` ենթադրելով, թէ աշխարհը կռնակ պիտի դարձնէ, սակայն փոխարէնը հանդիպեցաւ պատին, որուն մասին չէր գիտեր. ատիկա Ուքրանիոյ ժողովուրդն է` նախագահ Զելենսքիէն մինչեւ հասարակ ուքրանացին: Անոնք կը ցուցաբերեն ամբողջ մարդկութիւնը ոգեշնչող անվախութիւն, խիզախութիւն եւ վճռականութիւն», ըսած է Պայտըն եւ վստահեցուցած, որ ազատ աշխարհը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ կողքին:

«Մեր պատմութենէն մենք գիտենք, որ երբ բռնապետները իրենց յարձակումին համար գին չեն վճարեր, անոնք աւելի շատ քաոս կը յառաջացնեն: Անոնք կը շարունակեն իրենց արարքները, եւ Ամերիկայի ու աշխարհի համար սպառնալիքներն ու զանոնք վնասազերծելու գինը աւելի կ՛աճի», յայտարարեց Պայտըն:

Սպիտակ տան ղեկավարին համաձայն, Ռուսիոյ նախագահը կոպիտ սխալ գործած է, չէ կանխատեսած, որ Արեւմուտքն ու աշխարհի մեծ թիւով երկիրներ պիտի միաւորուին եւ պիտի սատարեն Ուքրանիոյ:

Պայտըն խօսեցաւ Ուաշինկթընի նոր որոշումներուն մասին` ազդարարելով, որ Միացեալ Նահանգները Ռուսիոյ դիմաց ամբողջութեամբ կը փակեն օդային տարածքը:

Ռուսիոյ դրամատնային համակարգը պիտի անջատուի աշխարհէն, Ռուսիոյ Կեդրոնական դրամատունը պիտի չկարենայ իր 630 միլիառ տոլարի պաշարով ֆինանսաւորել պատերազմը:

Միացեալ Նահանգներու պատկան ծառայութիւնները պիտի թիրախաւորեն Ռուսիոյ սակաւապետները եւ փտած ղեկավարները, անոնց անձնական օդանաւերը, շքեղ դղեակներն ու զբօսանաւերը պիտի գրաւուին:

«Ռուսական ռուբլին 30 առ հարիւրով արժեզրկուած է, ռուսական արժեթուղթերու շուկան 40 առ հարիւրը կորսնցուցած է, եւ ատիկա միայն սկիզբն է», ըսաւ Պայտըն:

Ան վերստին նշեց, որ Ուքրանիա ամերիկեան զօրք պիտի չուղարկուի, սակայն ամերիկացիները պիտի մեկնին Եւրոպա, եւ ՕԹԱՆ-ը պիտի պաշտպանէ դաշինքի անդամ երկիրներու տարածքներուն ամէն մէկ թիզը:

«Փութինի յարձակումին հետեւանքով Ռուսիան պիտի տկարանայ, իսկ աշխարհը պիտի հզօրանայ», վստահեցուց Պայտըն:

 

Նախորդը

«Վրաստան Իր Դեսպանը Ուքրանիայէն Տուն Պիտի Չկանչէ» Կ՛ըսէ Զալքալիանի

Յաջորդը

«Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Ուղիղ Բախումի Վտանգ Կայ» Կ՛ըսէ Կրուշքօ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.