Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքայիններու Դուրս Բերման Մարդասիրական Անցքերու Բացման Եւ Ժամանակաւոր Զինադադարի Հաստատման Շուրջ Ռուս-Ուքրանական Համաձայնութիւններ

March 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն մէջ ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մինինսքի յայտնեց. «Քիեւի պատուիրակութեան հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք քաղաքայիններուն ապահով անցքեր բանալու եւ առժամեայ զինադադարի հաստատման կարելիութեան շուրջ: Ուքրանական կողմին հետ մեր գոյացուցած համաձայնութիւնները նկատառելի յառաջդիմութիւն են»:

«Մանրամասնօրէն քննարկեցին մարդասիրական եւ զինուորական հարցերը, ինչպէս նաեւ քաղաքական լուծման հեռանկարը», աւելցուց ան:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին, մէջբերելով ուքրանական պատուիրակութենէն անդամի մը խօսքերը հաղորդեց. «Մոսկուա եւ Քիեւ համաձայնեցան մօտ օրէն բանակցութիւններու երրորդ փուլ մը գումարել»: Նշեալ անդամը յայտնած է, որ իրենց սպասած արդիւնքներուն չեն հասած:

«Երկու կողմերը փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացուցած են քաղաքայիններու հեռացման հասարակաց մարդասիրական անցքեր ստեղծելու շուրջ», նշած է ուքրանական պատուիրակութեան անդամը` նկատել տալով. «Համաձայնեցանք դուրս բերման գործողութիւններու ընթացքին զինադադարի հաստատման կարելիութեան շուրջ»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լիզ Թրաս յայտնեց. «Պէտք է վստահ ըլլանք, որ Փութին Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի արկածախնդրութեան մէջ պիտի ձախողի»:

«Մենք կ՛ամրապնդենք ՕԹԱՆ-ի արեւելեան ճակատն ու եւրոպական անվտանգութիւնը, եւ ՕԹԱՆ-ի հետ մեր հասարակաց պաշտպանութիւնը պիտի ամրապնդենք` ընդդէմ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան փոփոխութիւններուն», ըսաւ բրիտանական դիւանագիտութեան պետը:

Թրաս նշեց, որ իր երկիրը Պալթեան շրջանին մէջ իր գործընկերներուն կողքին կը կանգնի` «երաշխաւորելու համար Փութինի պարտութիւնը»` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է «օղակը սեղմել ռուսական տնտեսութեան շուրջ եւ սահմանափակել ուժանիւթի աղբիւրները` Փութինին պատերազմական մեքենան ֆինանսաւորելուն արգելք հանդիսանալու համար»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարեց. «Առանց զինադադարի կարելի չէ անցնիլ իսկական բանակցութիւններու»:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշեց Ֆրանսայի` Ուքրանիոյ ճգնաժամի յաղթահարման գործին մէջ միջնորդական դերը:

«Հակառակ կացութեան ամբողջ լրջութեան, մենք պէտք է պահպանենք Ռուսիոյ հետ երկխօսութեան ուղիները», ըսաւ ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը: Անոր համաձայն, «ատիկա առաւել եւս կարեւոր է, առայժմ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ ղեկավարները անմիջականօրէն չեն խօսիր»: Լը Տրիան նաեւ նշեց, որ Փութին պէտք է յիշէ Ֆրանսայի մօտ հիւլէական զէնքի գոյութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական եւ արտասահմանեան լրատուամիջոցներուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին արձագանգեց Լը Տրիանի խօսքերուն եւ Ռուսիոյ հասցէին անոր սպառնալիքներուն:

«Ան հիմա շատ կը սիրէ աքլորանալ: Աքլորը ֆրանսացիներուն ազգային խորհրդանիշն է: Անոնք շատ յաճախ կ՛աքլորանան», ըսաւ ան:

Լաւրով նախազգուշացուց Արեւմուտքը հիւլէական իրական պատերազմի վտանգէն` ենթադրելով, որ նման ծրագիրներ իսկապէս կը հասուննան:

«Արեւմտեան քաղաքական գործիչներու միտքին մէջ անընդհատ կը պտտի «հիւլէական պատերազմ»-ը, ոչ թէ ռուսերու: Ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ մենք պիտի չարտօնենք մեզի ստիպել դուրս գալ հաւասարակշռութենէն», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց, որ այժմ Փութինի ու Ֆրանսայի նախագահին միջեւ խօսակցութիւն տեղի կ՛ունենայ:

Էլիզէի պալատը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, ապա` Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:

Էլիզէի պալատը նաեւ նշեց, որ Մաքրոն Փութինի հետ իր զրոյցէն ետք այն կարծիքին է, որ Ուքրանիոյ մէջ յոռեգոյնը տակաւին չարձանագրուեցաւ:

Ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներուն, Մաքրոն-Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեւած է 90 վայրկեան:

Ֆրանսայի նախագահը աւելի ուշ յայտնեց. «Խօսեցայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, սակայն ան մերժեց ներկայ փուլին Ուքրանիոյ վրայ իր յարձակումները դադրեցնել»:

«Մարդկային ողբերգութիւններէն խուսափելու համար երկխօսութեան շարունակութիւնը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է, պիտի շարունակեմ ջանքերս, եւ պէտք է յոռեգոյնէն խուսափիլ», յայտնեց Մաքրոն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով նշեց. «Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ յարաբերութիւններու ճգնաժամը հետեւանք է Ուաշինկթընի անպատասխանատու ընթացքին»:

«Ուքրանիոյ մէջ զինուորական յատուկ գործողութեան նպատակները ամբողջովին պիտի իրագործուին», յայտարարեց Ռիապքով` շեշտելով. «Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ անվտանգութեան երաշխիքներու եւ ռազմավարական կայունութեան հարցերու շուրջ երկխօսութեան»:

«Մենք կը կարծենք, որ Պիելոռուսիոյ մէջ բանակցութիւնները կրնան արդիւնքներու յանգիլ», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

«Ամերիկացիները իրենց ազգային անվտանգութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքին պատրուակով իրենցմէ հեռու գտնուող Իրաք ներխուժեցին, եւ կը մերժեն ընդունիլ մեզի մօտ եղող Ուքրանիոյ մէջ միջամտելու մեր իրաւունքը», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց. «Պիտի չհրաժարիմ համոզումէս, թէ ռուսերն ու ուքրանացիները մէկ ժողովուրդ են»: Ան նաեւ նշեց, որ «ուքրանական ուժերուն շարքերուն մէջ կռուող վարձկաններ կան եւ անոնք ահաբեկչական աւազակախումբերու գործելաոճով կը գործեն»:

«Ահաբեկիչները քաղաքայիններ, որոնց շարքին աշակերտներ պատանդ վերցուցին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Նոր նացիները ուքրանացի քաղաքայինները կ՛օգտագործեն իբրեւ կենդանի վահաններ, ինչպէս պատահեցաւ Տոնպասի մէջ:

«Պիտի քանդենք Արեւմուտքին ստեղծած հակառուսիա մթնոլորտը», նշեց Ռուսիոյ նախագահը` ընդգծելով. «Զինուորական յատուկ գործողութիւնը կ՛ընթանայ ըստ ճշդուած ծրագիրին ու ժամանակացոյցին»:

«Ռուսական բանակը Ուքրանիոյ մէջ կը կռուի, որպէսզի ոչ ոք սպառնայ Ռուսիոյ անվտանգութեան, եւ մեր ժողովուրդը զինեալ ուժերով կը պարծենայ», ըսաւ Փութին:

Փութին նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ ուժանիւթի համաշխարհային մատակարարումները քաղաքականացնելը անընդունելի է:

Ռուսական բանակը երէկ շարունակեց իր գործողութիւնը եւ Տոնեցքի մէջ 8 քաղաքներ գրաւեց: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական ուժերը Ուքրանիոյ մէջ 4 նոր քաղաքներ գրաւած են:

Ամերիկեան «Տը Հիլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակարգը կը քննէ Հնդկաստանի վրայ պատժամիջոցներ հաստատելու հարցը` այդ երկրին ունեցած ռուսական սպառազինութեան պահեստին պատճառով:

Ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ուալա» կայքին յայտնած են, թէ Սպիտակ տունէն եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ Իսրայէլէն պահանջած են Ուքրանիոյ հարցով Ռուսիոյ դէմ յստակ կեցուածք որդեգրել:

 

Նախորդը

Փութին Առաջարկած Է Վաւերացնել ՀԱՊԿ-ի Մէջ «Համակարգող Պետութեան» Կարգավիճակ Ստեղծելու Արձանագրութիւնը

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգ. «Իրանի Հետ Պէտք Է Գոյակցիլ, Իսկ Իսրայէլը Կը Նկատենք Հաւանական Դաշնակից Մը, Սակայն…»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.