Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի` Ուքրանիոյ մէջ պատերազմին պատճառով Ռուսիան դատապարտելու ի նպաստ քուէարկելը «համաշխարհային զայրոյթի տարողութիւնը ցոյց կու տայ»:
Ան նշեց, որ աշխարհը «Ռուսիոյ` գերիշխանութիւն ունեցող դրացի երկրի մը վրայ ահաւոր յարձակումէն» զայրացած է: «Այդ զայրոյթը աննախադէպ համաշխարհային միասնականութիւն կը յառաջացնէ», աւելցուց ան:
«Աշխարհի երկիրներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը դատապարտէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Ուքրանիոյ վրայ յարձակումը», շեշտեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Նախագահ Փութին համաշխարհային խաղաղութեան ու անվտանգութեան հիմերուն վրայ կը յարձակի եւ ոչ միայն Ուքրանիոյ, եւ եթէ անոր դէմ չկենանք` քաոսը պիտի տարածուի»:
Աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնած է, թէ ամերիկեան վարչակազմը կը սերտէ մեքանիզմ մը` պատժելու համար որեւէ պետութիւն, որ Մոսկուային օգնելու համար կը շրջանցէ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:


