Միջազգային

Մոսկուա. «Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան  Կը Ջանան Ռուսիոյ Վարչակարգը Փոխել  Եւ Մեր Երկիրը Քանդել, Սակայն…»

Մոսկուա. «Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան Կը Ջանան Ռուսիոյ Վարչակարգը Փոխել Եւ Մեր Երկիրը Քանդել, Սակայն…»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Մոսկուան կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու հետ միջազգային անվտանգութեան ոլորտին շուրջ երկխօսութեան խողովակները բաց պահելուն: «Մենք կը ջանանք պահպանել միջազգային անվտանգութեան թղթածրարներուն շուրջ Ուաշինկթընի հետ երկխօսութիւնը, եւ շրջանային խնդիրներու հարցով հաղորդակցութեան մէջ ենք», նշեց նախարարութիւնը: «Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հետ մեր յարաբերութիւնները զերոյէն վար հասան», յայտնեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներն ու Քանատան կը ջանան Ռուսիոյ...

Պայտըն Ռուսական Քարիւղի  Ներածումներու Պոյքոթ Յայտարարեց

Պայտըն Ռուսական Քարիւղի Ներածումներու Պոյքոթ Յայտարարեց

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ռուսական քարիւղի ներածումներու պոյքոթ յայտարարեց` նշելով. «Ռուսական քարիւղը անգամ մը եւս Միացեալ Նահանգներ պիտի չհասնի, եւ պիտի շարունակենք Ուքրանիոյ աջակցիլ ու պատժամիջոցներով ճնշում բանեցնել Ռուսիոյ վրայ, եւրոպական կողմին հետ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն հարցով համակարգում կը կատարենք եւ կը շարունակենք դաշնակիցներու հետ համակարգուած կերպով Ուքրանիա զէնքերու ուղարկումը, եւ պատժամիջոցներուն նպատակը Ռուսիոյ նախագահին վնասելն է»: «Ռուսական քարիւղի...

Չինաստանը Միացեալ Նահանգներուն  Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական  Կենսաբանական Տարրալուծարաններու Մասին  Տուեալները Հրապարակելու

Չինաստանը Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Կենսաբանական Տարրալուծարաններու Մասին Տուեալները Հրապարակելու

Չինաստանի կառավարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ հրապարակելու Ուքրանիոյ մէջ տեղակայուած զինուորական կենսաբանական տարրալուծարաններու եւ ժահրերու մասին տուեալները: «Արմէնփրես», վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չժաօ Ցզիյանը: Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ կը գործէին 26 ամերիկեան տարրալուծարաններ եւ նման այլ վայրեր: «Միացեալ Նահանգները իբրեւ տարրալուծարաններուն վերաբերող առաւել շատ...

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան  Նախարարները Քննարկած Են  Ուքրանիոյ Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Ուքրանիոյ Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են` քննարկելով Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակի հարցը: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը յայտնէ, թէ քննարկումը կատարուած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ: Կը նշուի նաեւ, որ երկու երկիրներու նախարարները քննարկած են պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը  2-րդ Զինուորական Արբանեակ Մը  Դրաւ Ուղեծիրի Վրայ

Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը 2-րդ Զինուորական Արբանեակ Մը Դրաւ Ուղեծիրի Վրայ

Մինչ Իրանի եւ մեծ տէրութիւններուն միջեւ Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները կը մօտենան իրենց վճռական փուլին, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ երկրորդ զինուորական արբանեակ մը դրած է ուղեծիրի վրայ: Իրանի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ «Նուր 2» կոչուող զինուորական երկրորդ արբանեակը անջրպետ ուղարկուած է «Քաստ» հրթիռին ճամբով եւ յաջողութեամբ զետեղուած է 500 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ գտնուող ուղեծիրի...

«Ուքրանական Տագնապը Մեր Երկրին Համար  Վտանգ Չի Ներկայացներ,  Եւ Մեր Ժողովուրդը Պէտք Չէ Մտահոգուի»  Կ՛ըսէ Վրացական Կառավարութիւնը

«Ուքրանական Տագնապը Մեր Երկրին Համար Վտանգ Չի Ներկայացներ, Եւ Մեր Ժողովուրդը Պէտք Չէ Մտահոգուի» Կ՛ըսէ Վրացական Կառավարութիւնը

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի նշեց, որ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութիւնը իր երկրին վտանգ չի ներկայացներ: «Պիտի պահպանենք մեր երկրին մէջ խաղաղութիւնը եւ մեր քաղաքացիներուն համար երաշխաւորենք անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը: Մեր ժողովուրդը պէտք չէ մտահոգուի, մենք որեւէ վտանգի ենթակայ չենք», ըսաւ Ղարիպաշվիլի: Վրաստանի վարչապետին համաձայն, Թիֆլիս միջազգային բոլոր հարթակներուն վրայ կ՛աջակցի Ուքրանիոյ, ուքրանական քաղաքներուն 140 թոն մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկուած է,...

Փեսքով. «Որեւէ Պահու Կրնանք Դադրեցնել  Յատուկ Զինուորական Գործողութիւնը,  Եթէ Քիեւ Ընդունի Մեր Պայմանները»

Փեսքով. «Որեւէ Պահու Կրնանք Դադրեցնել Յատուկ Զինուորական Գործողութիւնը, Եթէ Քիեւ Ընդունի Մեր Պայմանները»

Երէկ ուշ գիշերին Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Ուքրանիոյ պատուիրակութիւնները Պիելոռուսիոյ Պելովեծսքայա շրջանին մէջ սկսան բանակցութիւններու երրորդ փուլին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ այս մասին տեղեկացուցած է Պիելոռուսիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ յայտնած է, որ որեւէ պահու կրնայ դադրեցնել յատուկ զինուորական գործողութիւնը, եթէ Քիեւ ընդունի Մոսկուայի պայմանները: Անոր համաձայն, Ուքրանիան պէտք է...

«Միացեալ Նահանգները Աշխարհագրական  Իրողութիւնը Զէնքի Ուժով  Փոխելը Չեն Կրնար Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Պլինքըն

«Միացեալ Նահանգները Աշխարհագրական Իրողութիւնը Զէնքի Ուժով Փոխելը Չեն Կրնար Ընդունիլ» Կ՛ըսէ Պլինքըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ աշխարհագրական իրողութիւնը զէնքի ուժով փոխելը «չեն կրնար ընդունիլ»: Պլինքըն իր լիթուանացի պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Անընդունելի է, որ երկիր մը իր քաղաքականութիւնը մէկ այլ երկրի պարտադրէ կամ անոր օրէնքներ թելադրէ»: Ան աւելցուց, որ Ուաշինկթըն «աշխատանք կը տանի ՕԹԱՆ-ի արեւելեան ճակատին վրայ զինուորական ներկայութիւն ամրապնդելու»` նշելով. «Այս...

«Ուքրանիան Պիտի Յաղթէ, Եւ Փութին Պիտի Ստիպուի  Ռուսիոյ Վրայ Պատերազմի Հետեւանքներուն  Ու Բանակցութիւններուն Միջեւ Ընտրութիւն Կատարել»  Կ՛ըսէ Լը Տրիան

«Ուքրանիան Պիտի Յաղթէ, Եւ Փութին Պիտի Ստիպուի Ռուսիոյ Վրայ Պատերազմի Հետեւանքներուն Ու Բանակցութիւններուն Միջեւ Ընտրութիւն Կատարել» Կ՛ըսէ Լը Տրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան յայտնեց. «Տասը օրուան ընթացքին ամէնէն ուշագրաւը ուքրանական դիմադրութեան մեծ կարողականութիւնն է, այնպիսի աստիճանի մը, որ փորձագէտները չերեւակայեցին»: «Մենք մուտք կը գործենք պաշարման տրամաբանութեան մէջ, եւ պաշարման տրամաբանութիւնը գիտենք ռուսական ուժերու աշխատելաոճին ու աշխատանքին աղէտալի նախկին փորձառութիւններէն», ըսաւ ան: «Չեչենիոյ մէջ Կրոզնիի օրինակը ունինք, իսկ Սուրիոյ մէջ Հալէպի օրինակը, եւ ահաւասիկ ատիկա կը...

«Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարները Թուրքիոյ Մէջ  Հանդիպում Պիտի Ունենան»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Թուրքիոյ Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Տմիթրի Քուլեպա եռակողմ հանդիպում պիտի ունենան իրենց թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է թրքական դիւանագիտութեան պետը: Չաւուշօղլուի համաձայն, Լաւրով եւ Քուլեպա յայտարարած են Անթալիոյ մէջ Ուքրանիոյ հարցով «եռակողմ հանդիպում» ունենալու իրենց պատրաստակամութիւնը: Բանակցութիւնները նախատեսուած են 10 մարտին` Անթալիոյ մէջ միջազգային դիւանագիտական համախմբումի...

Պարսելոնա Պիտի Երկարաձգէ  Տենի Ալվեսի Պայմանագրութիւնը

Պարսելոնա Պիտի Երկարաձգէ Տենի Ալվեսի Պայմանագրութիւնը

Սպանական «Մարքա» մարզական անուանի օրաթերթին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնան պիտի երկարաձգէ պայմանագրութիւնը պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվեսի, որ յառաջիկայ մայիսին կը դառնայ 39 տարեկան: Նշուեցաւ, որ անոր հետ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը նախատեսուած պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու համաձայնագիր մը կայ երկու կողմերուն միջեւ: Ֆութպոլիստը վերջերս իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր ամէն կարելին կ՛ընէ, որպէսզի մինչեւ նոյեմբեր-դեկտեմբեր շատ լաւ մարզավիճակի մէջ...

Չաւուշօղլու Յոյս Ունի Անթալիոյ  Համախմբումի Ընթացքին Լաւրով-Քուլեպա  Հանդիպում Կազմակերպել

Չաւուշօղլու Յոյս Ունի Անթալիոյ Համախմբումի Ընթացքին Լաւրով-Քուլեպա Հանդիպում Կազմակերպել

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յոյս յայտնած է, որ Անթալիոյ մէջ յաջորդ շաբաթավերջին տեղի ունենալիք դիւանագիտական համախմբումի ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում կազմակերպել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Թրքական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հաստատած է իր մասնակցութիւնը, սակայն, վստահ չեն, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց...

Փութին. «Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական  Ենթակառոյցներու Քանդման  Աւարտի Եզրին Կը Գտնուինք»

Փութին. «Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Ենթակառոյցներու Քանդման Աւարտի Եզրին Կը Գտնուինք»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շաբաթ օր նշեց. «Փորձեցինք բոլոր յանձնառութիւնները կատարել, բոլոր համաձայնութիւնները գործադրել եւ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ որեւէ մագլցում կանխարգիլել, սակայն Քիեւի իշխանութիւնները անցնող ամբողջ երեք տարիներուն ընթացքին շարունակեցին համաձայնութիւններու կատարումէն խուսափիլ, եւ Տոնպասի մէջ շուրջ 13 հազար ռուս սպաննուեցաւ»: «Ուքրանական իշխանութիւնները հրապարակաւ կը յայտարարեն, որ չեն ուզեր Մինսքի համաձայնութիւնը գործադրել եւ Տոնպաս բնակող քաղաքայինները պաշտպանել, ինչ որ մեր...

«Փութինը Պէտք Է Ձախողի, Եւ Մենք Պէտք Է  Այդ Ձախողութիւնը Ապահովենք»  Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

«Փութինը Պէտք Է Ձախողի, Եւ Մենք Պէտք Է Այդ Ձախողութիւնը Ապահովենք» Կ՛ըսէ Բրիտանիոյ Վարչապետը

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն յայտարարեց, որ կը պատրաստուի ներկայացնելու միջազգային «աշխատանքային ծրագիր մը», որուն նպատակը Ուքրանիոյ մէջ ռուսական զինուորական գործողութիւնը ձախողութեան մատնելն է: Ան յայտնեց, որ այդ նպատակով մտադիր է այս շաբաթ Լոնտոնի մէջ դիւանագիտական հանդիպումները աշխուժացնել: Ճոնսըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պէտք է ձախողի, «եւ մենք պէտք է ապահովենք, որ ան այս յարձակողական արարքին...

Ռուսիան «Ոչ Բարեկամական» Քայլեր  Կատարող Երկիրներու Ցանկ Կը Կազմէ

Ռուսիան «Ոչ Բարեկամական» Քայլեր Կատարող Երկիրներու Ցանկ Կը Կազմէ

Ռուսիոյ կառավարութիւնը երկու օրուան ընթացքին պէտք է կազմէ ցանկը այն երկիրներուն, որոնք ոչ բարեկամական գործողութիւններ կատարած են ռուսական ընկերութիւններուն եւ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն դէմ: «Սփութնիք Արմենիա» կը նշէ, որ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ այդ մասին հրամանագիր ստորագրած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Ռուսիոյ կառավարութեան` երկու օրուան ընթացքին որոշել Ռուսիոյ, Ռուսիոյ իրաւաբանական անձերու եւ ֆիզիքական անձերու նկատմամբ ոչ բարեկամական գործողութիւններ...

«Թուրքիան Արեւմտեան Դաշնակիցներէն  Ռուսիոյ Հետ Հաղորդակցութեան Ուղիները  Բաց Պահելու Հաւանութիւն Ստացած Է»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Թուրքիան Արեւմտեան Դաշնակիցներէն Ռուսիոյ Հետ Հաղորդակցութեան Ուղիները Բաց Պահելու Հաւանութիւն Ստացած Է» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնած է, որ Թուրքիան արեւմտեան դաշնակիցներէն Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան ուղիները բաց պահելու հաւանութիւն ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք Արմենիա»-ն` յղում կատարելով «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին: «Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-ի միւս դաշնակիցներուն հետ սկսած է շարք մը լուրջ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել Ռուսիոյ դէմ: Մենք արդէն յայտնած ենք այս հարցին նկատմամբ մեր դիրքորոշումը (որ Անգարան պատժամիջոցներ չի...

Փութինն Ու Էրտողանը Շուրջ Մէկ Ժամ  Տեւողութեամբ Քննարկած Են  Ուքրանիոյ Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Փութինն Ու Էրտողանը Շուրջ Մէկ Ժամ Տեւողութեամբ Քննարկած Են Ուքրանիոյ Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը երէկ բանակցած են Ուքրանիոյ հարցին շուրջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը կը յայտնէ, որ բանակցութիւնները շուրջ մէկ ժամ տեւած են: Քրեմլինի հաղորդումով` Փութին Էրտողանի հետ իր զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան ամէն ինչ կ՛ընէ ուքրանացիներուն կեանքը պահպանելու համար. հարուածները կը հասցուին բացառապէս զինուորական դիրքերու...

Փութին Եւ Մաքրոն Շուրջ Երկու Ժամ  Տեւողութեամբ Քննարկած Են  Ուքրանիոյ Կացութիւնը

Փութին Եւ Մաքրոն Շուրջ Երկու Ժամ Տեւողութեամբ Քննարկած Են Ուքրանիոյ Կացութիւնը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ 1 ժամ 45 վայրկեան տեւողութեամբ զրուցած են: Քրեմլինի հաղորդումով` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին տեղեկացուցած է Զափորոժիէի հիւլէական կայանի շրջանին մէջ ուքրանացի ազգայնականներու կողմէ կազմակերպուած սադրանքին մասին: Փութին ընդգծած է, որ Ռուսիոյ զինեալ ուժերը եւ պահպանութեան ուքրանական ստորաբաժանումը կը շարունակեն ապահովել հիւլէական կայանի գործունէութիւնը: Փութին Մաքրոնին խօսած է...

«Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Աշխուժ Ջանքեր  Կը Գործադրեն Ուքրանիոյ Մէջ  Ճակատումը Լուծելու Համար»  Կ՛ըսէ Պայրամով

«Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Աշխուժ Ջանքեր Կը Գործադրեն Ուքրանիոյ Մէջ Ճակատումը Լուծելու Համար» Կ՛ըսէ Պայրամով

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու այցելած է Պաքու: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Չաւուշօղլուի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է. «Ազրպէյճանն ու Թուրքիան աշխուժ ջանքեր կը գործադրեն Ուքրանիոյ մէջ ճակատումը լուծելու համար»: Անոր համաձայն, երկու երկիրները նաեւ սերտօրէն կը համագործակցին իրենց քաղաքացիները Ուքրանիայէն հեռացնելու հարցին մէջ: Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումներուն ընթացքին...

Իսրայէլի Վարչապետը Փութինի Հետ  Բանակցութիւններէ Ետք Հեռաձայնած Է  Զելենսքիին

Իսրայէլի Վարչապետը Փութինի Հետ Բանակցութիւններէ Ետք Հեռաձայնած Է Զելենսքիին

Քրեմլինի մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթի բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Պենեթ, որ կարճատեւ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Մոսկուա, աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումէ ետք հեռաձայնած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիին եւ խօսած Փութինի հետ իր զրոյցի արդիւնքներուն մասին: Ռուսիա այցելութեան աւարտին Պենեթ մեկնած է Պերլին,...

Page 277 of 882 1 … 276 277 278 … 882

Արխիւներ