Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ. «Զրոյցի ընթացքին նախագահները քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ տիրող ճգնաժամային կացութիւնը եւ Ուքրանիոյ մարդասիրական օգնութեան տրամադրումը»:
Աղբիւրին համաձայն, Ալիեւ եւ Մաքրոն միտքեր փոխանակած են նաեւ ուժանիւթային հարցերու շուրջ: Ազրպէյճանի նախագահական պալատը կը նշէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կայացած է Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ:


